ԴԱՐՁԵԱԼ ՃԱՂԵՐՈՒ ԵՏԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան արդէն դարձեալ բանտարկուած է։ Վերջին օրերուն, երկրի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ նախկին ղեկավարներու դէմ գործողութիւնները նոր հարթութիւն մը թեւակոխած են։ Հայաստանի Հակակաշառակերութեան կոմիտէն եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը խուզարկութիւններ իրականացուցած են նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ հարազատներուն բնակարաններէն ներս։ Այսպէս, նախագահ Քոչարեան եւ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեան նախ ձերբակալուած յետոյ ալ կալանաւորուած են։

Նկատի ունենալով, որ Ռոպերթ Քոչարեան վերջին օրերուն կարգ մը բժշկական միջամտութիւններէ անցած է՝ այս ընթացքին կ՚ունենայ առողջական վերիվայրումներ։ Հայաստանեան աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ան կալանավայրի եւ հիւանդանոցի միջեւ յաճախակի տեղափոխութիւններ կ՚ունենայ։

Վերջին գործողութիւններու շրջանակներէն ներս, Քոչարեանի վերաբերեալ պնդումներուն գծով հարցաքննութեան հրաւիրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ցուցմունքներ տալէ վերջ ազատ արձակուեցաւ։

Երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս նիւթին անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան ժողովին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։ Ան յայտնեց, որ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ Գագիկ Ծառուկեան պէտք է ապրին իրենց թոշակով եւ օրինական եկամուտներով, իսկ ապօրինի ձեռք բերուածը լումայ առ լումայ պիտի վերադարձուի պետութեան։

Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման վերաբերեալ Երեւանի վերջին իրադարձութիւնները արձագանգ գտան նաեւ Մոսկուայի կողմէ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը այլ խնդիրներ կը լուծէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026