ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Միթէ Հայաստան Լիբանանի ճամբո՞վ կ՚ընթանայ։ Անշուշտ, նախ պէտք է ճանչնալ Լիբանանը։ Երբ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ շրջանառութեան մէջ կը դրուին այլ երկիրներու օրինակները, շատ յաճախ այդ համեմատութիւնները կը կատարուին մէկ-երկու պատկերաւոր արտայայտութիւնով՝ առանց ամբողջական իրականութիւնը նկատի ունենալու։ Այսպէս եղաւ վերջին օրերուն, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ուր հնչեց «Լիբանանի պարագան»՝ իբրեւ քաղաքական, տնտեսական եւ պետական անկայունութեան նախազգուշացնող օրինակ։ Սակայն, Լիբանանի պարագան պարզ քաղաքական փոխաբերութիւն մը չէ։ Ան երկիր մըն է, որ անցած է ժամանակակից աշխարհի ամենածանր տնտեսական ու ելմտական փլուզումներէն մէկուն մէջէն։ Հետեւաբար, երբ Լիբանանի անունը կը գործածուի Հայաստանի ապագային կամ ներկային մասին խօսելու համար, ապա հարցը միայն այն չէ, թէ արդեօք երկու երկիրները ունի՞ն որոշ ընդհանրութիւններ։ Առաւել կարեւոր հարցը սա է. ո՞ր պահու Լիբանանը կը համեմատուի Հայաստանի հետ։
Հիմա բացատրենք։
2018 թուականի Լիբանանը եւ 2020 թուականի Լիբանանը՝ նոյն դրօշն ու նոյն աշխարհագրութիւնը ունենալով հանդերձ, տնտեսական եւ ելմտական իմաստով գրեթէ երկու տարբեր իրականութիւններ էին։ Մէկը՝ ծանր պարտքերու եւ խոր կառուցուածքային խնդիրներու տակ գտնուող, բայց, տակաւին գործող համակարգով պետութիւն մը։ Միւսը՝ վստահութեան փլուզում ապրած, դրամատնային համակարգը կաթուածահար եղած եւ իր ազգային արժոյթին աղէտալի անկումը տեսած երկիր մը։ Հետեւաբար, «Լիբանանի նման պիտի դառնանք» արտայայտութիւնը կրնայ քաղաքականօրէն ազդեցիկ հնչել, սակայն, եթէ ան չի հիմնուիր Լիբանանի նախաճգնաժամային իրականութեան, տնտեսական կառուցուածքին եւ 2019 թուականի փլուզման պատճառներուն լուրջ ուսումնասիրութեան վրայ, ապա այդ համեմատութիւնը աւելի շատ առասպել կ՚արտացոլացնէ՝ քան փաստ։ Եւ հոս է, որ կ՚արժէ կանգ առնել ու հարց տալ. արդեօք իսկապէս կը ճանչնա՞նք այն Լիբանանը, որ այսօր ոմանք կը փորձեն բերել Հայաստանի քաղաքական բանավէճին մէջ։
Լիբանանը փլուզումէն առաջ եւ համեմատութիւններու վտանգը… Օրերս Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ընթացքին երկու անգամ յիշատակուեցաւ «Լիբանանի պարագան»։ Երեսփոխաններ Նարեկ Կարապետեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան արտայայտեցին իրենց դիտարկումները։ Պէտք չէ անոնց քաղաքական տեսակէտներուն ամբողջական վերլուծութեան մէջ մտնել, սակայն, մէկ բան պէտք է ըսել շատ յստակ։ Լիբանանի պարագան Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին հետ համեմատելը՝ առանց Լիբանանի նախաճգնաժամային իրականութիւնը հասկնալու, մեծ սխալ է։ Եւ սա կարծիք չէ, այլ թուաբանութիւն է։
Լիբանանը 2019-ի տնտեսական եւ ելմտական փլուզումէն առաջ իսկ ունէր լուրջ խնդիրներ։ Պետական պարտքը 2018-ին հասած էր Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՄԱ) շուրջ 151 տոկոսին, իսկ պիւտճէի բացը՝ շուրջ 11 տոկոսի։ Միեւնոյն ժամանակ, երկրի ընթացիկ հաշուի բացը կը գերազանցէր ՀՆԱ-ի 20 տոկոսը։ IMF-ն դեռ 2018-ին բացայայտօրէն կը զգուշացնէր այս անհաւասարակշռութիւններուն մասին։ Այսինքն՝ այո՛, Լիբանանը վտանգաւոր վիճակի մէջ էր։ Լիբանանը տակաւին փլուզուած չէր եւ այստեղ է ամբողջ հարցին էութիւնը։
2018-ին Լիբանանի մէջ տակաւին կը գործէր հսկայական դրամատնային համակարգ մը։ Դրամատուները կ՚ընդունէին միլիառաւոր տոլարներու աւանդներ, երկրի դրամը՝ լիրան կապուած էր տոլարին, պետական պարտքը կը գանձանտրուէր, իսկ արտասահմանէն եկող դրամական հոսքերը կը շարունակէին պահել ամբողջ համակարգը։ Արտերկրէն, նաեւ Լիբանանի սփիւռքէն, դրամական հոսք կար դէպի երկիր։ Դրամատուները այդ գումարները կը հաւաքէին, իսկ պետութիւնը այդ ելմտական համակարգին միջոցով կը շարունակէր իր պարտքերու սպասարկումը կատարել։ Այս ձեւաչափը երկար տարիներ աշխատած էր։ Բայց, անոր մէջ կար մահացու թուլութիւն մը։ Երկիրը ամէն տարի նոր դրամական ներհոսքերու կարիքը կ՚ունենար։ Երբ վստահութիւնը սկսաւ կորսուիլ, օտար քաղաքացիներու աւանդներն ու այլ արտաքին դրամական հոսքերը սկսան նահանջել։
2019 թուականին համակարգը այլեւս չդիմացաւ ու «պայթեցաւ»։ Համաշխարհային դրամատունը կը բնորոշէ, որ 2019 թուականի հոկտեմբերին Լիբանանի ելմտական ճգնաժամը բռնկեցաւ արտաքին դրամական հոսքերու յանկարծակի կանգնումով, ինչ որ իր հերթին համակարգային ձախողումներ յառաջացուց դրամատնային համակարգին, պետական պարտքին եւ փոխարժէքին մէջ։
Ահա՛, Լիբանանի պատմութեան այն կէտը, ինչ որ շատեր կը մոռնան։ Փլուզումէն մէկ օր առաջ Լիբանանը եւ փլուզումէն մէկ օր ետք Լիբանանը նոյն երկիրը չէին։ Մէկ կողմը՝ ծանր պարտքերով, բայց, գործող ելմտական համակարգով երկիր մը։ Միւս կողմը՝ դրամատուներու դռները փակող, աւանդները սահմանափակող, լիրան փլուզող եւ քաղաքացիներու խնայողութիւնները սառեցնող երկիր մը։ Հետեւանքը բոլորս գիտենք։ Լիբանանեան լիրան իր արժէքին շուրջ 98 տոկոսը կորսնցուց, իսկ դրամատնային համակարգը փաստօրէն դարձաւ անվճարունակ։
Հետեւաբար, երբ այսօր ոեւէ մէկը կ՚ըսէ՝ «Հայաստանի պարագան կրնայ Լիբանանի նման դառնալ», ես կը կարծեմ, որ առաջին հարցը պէտք է ըլլայ. ո՞ր Լիբանանի մասին կը խօսիք։ 2018 թուականի Լիբանանի՞, թէ 2020 թուականի Լիբանանի։ Որովհետեւ այդ երկու Լիբանանները իրարմէ տարբեր էին։ Եթէ նկատի ունին պետական պարտքը, պիւտճէի բացը, տնտեսական աճի դանդաղումը կամ արտաքին անհաւասարակշռութիւնները՝ այո՛, կարելի է որոշ համեմատութիւններ ընել։ Բայց, եթէ ամբողջ երկիրը կը ներկայացուի իբրեւ «Լիբանանի նման»՝ առանց նայելու դրամատնային համակարգին, Կեդրոնական դրամատան դերակատարութեան, տոլարային աւանդներուն, արտաքին դրամական հոսքերուն եւ պետական պարտքի կառուցուածքին, ապա այդ համեմատութիւնը իրատեսական չէ։
Լիբանանը փլուզումէն առաջ աղքատացած եւ քանդուած երկիր մը չէր։ Ան ծանր պարտքերու տակ էր, տնտեսական աճը տկար էր, պետական համակարգը լուրջ խնդիրներ ունէր, իսկ քաղաքականութիւնը՝ խորապէս պառակտուած։ Բայց եւ այնպէս, դեռ ունէր գործող դրամատնային համակարգ, միջազգային դրամական հոսքեր, մեծ սփիւռք, ծառայութիւններու մասնագիտացուած ոլորտ, մասնաւոր տնտեսութիւն եւ ամենակարեւորը՝ ելմտական համակարգ մը, որ տակաւին կը պահէր ամբողջ շինուածքը։ Երբ այդ համակարգին հիմքը՝ վստահութիւնը եւ արտաքին դրամական ներհոսքը փուլ եկան, այն ատեն սկսաւ իսկական աղէտը։
Ուրեմն, եթէ Ազգային ժողովին մէջ «Լիբանանի օրինակը» պիտի բերուի Հայաստանի մասին խօսելու համար, պէտք է նախ Լիբանանը ճանչնալ։ Ո՛չ թէ առասպելը, այլ փաստը։ Որովհետեւ պատմութիւնը համեմատելով՝ առաջին հերթին պէտք է համոզուիլ, որ համեմատուող երկու իրականութիւնները իրապէս համեմատելի՞ են։
Ի վերջոյ, կը յանգինք այն եզրակացութեան, թէ Լիբանանի փորձառութիւնը, ուրեմն, պէտք չէ օգտագործուի որպէս պարզ քաղաքական օրինակ, վախցնելու միջոց կամ պատրաստի բանաձեւ մը՝ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ կանխատեսումներ կատարելու համար։ Լիբանանի ողբերգութիւնը մէկ օրուան ընթացքին չստեղծուեցաւ։ Ան երկար տարիներ կուտակուած տնտեսական անհաւասարակշռութիւններու, պետական պարտքի, սխալ ելմտական քաղաքականութեան, արտաքին դրամական հոսքերու նկատմամբ չափազանց կախուածութեան եւ, վերջապէս, ամբողջ համակարգին հանդէպ վստահութեան կորստեան հետեւանքն էր։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ Լիբանանը փլուզումէն առաջ նոյնիսկ տակաւին գործող երկիր մըն էր։ Փլուզումը սկսաւ այն պահուն, երբ գործող համակարգին հիմքերը այլեւս չդիմացան։
Ահա թէ ինչու Հայաստանի մասին խօսելու ատեն Լիբանանի օրինակը բերողները պէտք է նախ ճշգրտեն՝ ի՞նչն է, որ կը համեմատեն եւ ո՞ր ժամանակաշրջանի Լիբանանին հետ։ Հակառակ պարագային, «լիբանանացում» բառը կը վերածուի քաղաքական կարգախօսի մը՝ առանց պատմական, տնտեսական եւ ելմտական իրական բովանդակութեան։
Երկիրներու միջեւ համեմատութիւններ կատարելը ինքնին սխալ չէ։ Ընդհակառակն՝ ճիշդ համեմատութիւնը կրնայ օգտակար դասեր տալ։ Սակայն, համեմատելու համար պէտք է նախ ճանչնալ երկու կողմերն ալ, հասկնալ անոնց տնտեսական կառուցուածքները, տարբերութիւնները, վտանգները եւ դիմադրողականութիւնը։
Լիբանանի պատմութիւնը առասպել չէ։ Ան ծանր դաս մըն է։ Բայց, դասը ճիշդ հասկնալու համար պէտք է չխառնել փլուզումէն առաջուան Լիբանանն ու փլուզումէն ետք եղած Լիբանանը։
Եւ, թերեւս, ամենակարեւոր եզրակացութիւնն ալ սա է. համեմատութիւնը այն ատեն միայն օգտակար է, երբ ան կը ծառայէ իրականութիւնը հասկնալու եւ ո՛չ թէ՝ իրականութիւնը քաղաքական շահի համար պարզեցնելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան