ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՀԱՒԱՔ, ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ դեսպանահաւաք: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու տարեկան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի քննարկումներու: Դեսպանահաւաքին մասնակցեցան նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ:
Պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հանդէս եկան ելոյթներով եւ քննարկումները առհասարակ ընթացան՝ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան այժմու առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Միւս կողմէ, Կիւմրիի մէջ կազմակերպուած դեսպանահաւաքին մասնակցելէ վերջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղեւորուած է Պիշքէք, ուր վաղը ժամադրուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: