ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԿԱՊՈՅՏ ԵՒ ՍՊԻՏԱԿ» ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ

Շաբաթավերջին, Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ նաւապտոյտ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ամրան եղանակին հրաժեշտ տալու համար կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ «կապոյտ եւ սպիտակ» կարգախօսով: 

Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Տայք Տանձիկեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին նաւապտոյտի մասնակիցները: Շուրջ չորս ժամ, զբօսանաւու վրայ ներկաները շրջագայութիւն մը կատարեցին Վոսփորի եւ կղզիներու առանցքին վրայ: Այս պտոյտ-ընթրիքի ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան՝ երաժշտութեամբ, պարերով եւ ընդհանուր զուարճանքի մթնոլորտի մէջ: 

Բացի Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուներէն, նաւապտոյտին մասնակցեցան դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ համակիրներ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2026