ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՊԻ ՆԵՐԿԱՅ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ վարչական անելի պայմաններուն ներքեւ, 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը յաճախ հասարակական քննարկումներու նիւթ կը դառնայ՝ լուծման հեռանկարներու եւ ներշնչման միջոցներու տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, Ազգային Սահմանադրութեան կատարուած յղումները չեն սահմանափակուիր միայն համայնքային շրջանակներով։ Արդարեւ, Թուրքիոյ լայն հասարակութիւնն ալ՝ մասնաւորապէս մասնագիտական շրջանակները, երբեք անուշադրութեան չեն մատներ 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ քանի ան երկրի ժողովրդավարականացման գործընթացէն ներս ունի կարեւոր նշանակութիւն: Ազգային Սահմանադրութեան պարագային խնդրոյ առարկան միայն խորհրդանշական հանգամանք մը չէ՝ քանի ան իր ընդունուած ժամանակի պայմաններով շատ յառաջացած մտայնութեան մը դրսեւորումն էր եւ յետագային Օսմանեան կայսրութենէն ներս որդեգրուած ուղիին՝ մասնաւորապէս նոր իրաւական համակարգի որդեգրման տեսակէտէն առանցքային յղման կէտ մը դարձած էր։ 

Այս տարի կը նշուի Օսմանեան Սահմանադրութեան (Kânûn-ı Esâsî) ընդունման 150-ամեակը: Այս յոբելեանին կապակցութեամբ կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, որոնք մէկ կողմէ նեղ մասնագիտական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկան կը թուին ըլլալ, սակայն, միւս կողմէ ունին նաեւ ծալքեր, որոնք լայն հասարակութիւնը կը հետաքրքրեն։ Թուրքիոյ մէջ, Օսմանեան շրջանին ընդունուած ոչ-իսլամ ազգերու սահմանադրութիւններու եւ նոյնպէս Օսմանեան պետութեան իրաւական եղափոխութեան զուգահեռականներուն տեսակէտէ գլխաւոր մասնագէտներէն մին կը համարուի պատմաբան տքթ. Այլին Գօչունեան։ Այս վերջինը Ֆլորանսայի Եւրոպական համալսարանական կաճառէն ներս պաշտպանած թեզին հիման վրայ հրատարակած է նաեւ նոյն նիւթին վերաբերեալ գիրք մը՝ անգլերէնով։ «Peter’s» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է այս գործը, որ արդէն աշխարհի բազմաթիւ մասնագիտական գրադարաններուն մէջ վաղուց գտած է իր տեղը եւ երկար ժամանակէ ի վեր համալսարաններէ ներս կ՚օգտագործուի՝ որպէս դասագիրք: Kânûn-ı Esâsî-ի ընդունման 150-ամեակի յոբելենական շրջանին կազմակերպուած ձեռնարկներու շրջանակներէն ներս ալ Այլին Գօչունեանի մօտեցումները անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան: Հարկ է նշել, որ ան նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան խորհրդականներէն է: 

Շաբաթավերջին, Fikir Coğrafyası առցանց հարթակին վրայ Այլին Գօչունեանի հետ ուղիղ եթերով հարցազրոյց մը կատարուեցաւ՝ Հասան Քարատեմիրի կողմէ։ «Օսմանեան երկրէն ներս համայնքի եւ հասարակութեան շեմ մը. Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը» (Osmanlı’da Bir Cemaat ve Cemiyet Eşiği: Millet-i Ermeniyân Nizamnamesi) խորագրեալ այս զրոյցը տեւեց աւելի քան ժամ մը, «Տարբեր հայեացք» ծրագրով։ Հաղորդավարի զանազան հարցումներուն պատասխանելով՝ Այլին Գօչունեան անդրադարձաւ 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան հենքին։ Այսպէս, Օսմանեան կայսրութեան հասարակութեան ընդհանուր փոփոխութիւնները, համաշխարհային տնտեսութեան հետ համարկումը եւ մասնաւորապէս՝ Եւրոպայի դրամագլուխին կայսրութիւն մուտքը կարեւոր գործօններ հանդիսացած էին այն ճանապարհին վրայ, որու աւարտին ընդունուեցաւ Ազգային Սահմանադրութիւնը: Եւրոպայի դրամագլուխի Օսմանեան պետութիւն մուտքով՝ եւրոպացիներու հետ առեւտուր ընելու սկսած էին հայերը եւ այս գործընթացը պայմանաւորած էր՝ ամիրաներու ազդեցութեան որոշ չափով տկարացումը եւ էսնաֆներու վերելքը։ Հայ ազգի կեանքէն ներս իրերու ընդհանուր դրուածքին վրայ ազդեցութիւն գործած էր այս նոր տնտեսական դրութիւնը, որովհետեւ ամիրաներու եւ էսնաֆներու միջեւ ուժային յարաբերակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ եկած էր: Ուրեմն, ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Օսմանեան պետութիւնը թէ՛ հայերը եւ թէ միւս ոչ-իսլամ ազգերը համապատասխան ձեւով դիրքաւորելու անհրաժեշտութիւնը զգաց եւ այս ամբողջին մէջ շօշափելի քայլերու ձեռնարկեց՝ անոնց պարագային իրաւական կարգավիճակի մը սահմանման համար։ Թէեւ առաջին հայեացքով կը վերյիշուի միայն պատրիարքական ընտրութիւններու մէջ ամիրաներու առընթեր էսնաֆներուն ալ մասնակցութեան պարագան, սակայն, ամէն ինչ այդքանով սահմանափակուած չէր: Այլին Գօչունեան բացատրեց, որ այդ շրջանին պետութիւնն ու ոչ-իսլամ ազգերը, համայնքները միասին գործընթաց մը յառաջ տարին եւ այդտեղ հետապնդուած նպատակն էր ոչ-իսլամներու նախընթացներուն եւ կայսրութեան օրէնսդրութեան ընդհանուր համապատասխանեցումը։ 

Այլին Գօչունեան բաւական երկար ժամանակահատուածի մը վրայ մեկնաբանեց Օսմանեան պետութեան իրաւական եղափոխութիւնը։ Այսպէս, կայսրութիւնը թէեւ շերիաթով կը կառավարուէր, սակայն, շերիաթէն պակաս մնացած կէտերը կը լրացուէին թագաւորներու հրովարտակներով։ Սուլթանական հրովարտակները արդէն Օսմանեան կայսրութեան իրաւական համակարգը արեւմտեան իրաւունքի համակարգին հետ ներդաշնակ կը դարձնէին։ 

Այլին Գօչունեան ընդգծեց, որ Խրիմի պատերազմն ալ շատ կարեւոր դեր մը ունեցած էր՝ Ազգային Սահմանադրութեան ընդունման ճանապարհին։ Արդարեւ Խրիմի պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսական կայսրութեան միջեւ տեղի ունեցած էր: Այդ ժամանակ, Ռուսական կայսրութիւնը կը յաւակնէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքի ուղղափառներու հովանաւորը դառնալու: Սա, հասկնալիօրէն, չէր յարմարեր Օսմանեան պետութեան շահերուն եւ ժամանակաշրջանի յառաջատար միւս դերակատարները՝ Անգլիա եւ Ֆրանսա եւս Ռուսական կայսրութեան այդ յաւակնութիւններուն դէմ ունէին լուրջ վերապահութիւններ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Օսմանեան կայսրութիւնը կարողացաւ համագործակցութիւն ապահովել Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հետ։ Արդիւնքին, որեւէ՛ առանձին ոչ-իսլամ խմբաւորման որեւէ՛ իրաւունք չտրուեցաւ։ Օսմանեան պետութիւնը նախընտրեց ընդհանուր կարգադրութիւններ ընել եւ ընդհանուր իրաւունքներ վերապահել իր ոչ-իսլամ հպատակներուն։ Ընթացքին հրապարակուեցաւ Islahat Fermanı հրովարտակը, որ այսօրուընէ դիտուած, պատմական յետադարձ հայեացքով զուգահեռականի մը մէջ կ՚ընկալուի ու կը մեկնաբանուի՝ աւելի ուշ ընդունուած Tanzimat Fermanı-ին հետ։ Այլին Գօչունեան նշեց, որ Խրիմի պատերազմին վերջ տուած Փարիզի համաձայնագրին մէջ յղում մը կատարուած է Islahat հրովարտակին: Նկատի ունենալով, որ այդ հրովարտակը կ՚ակնարկէր ոչ-իսլամ ազգերու սահմանադրութիւններուն՝ ուրեմն, 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը անուղղակիօրէն միջազգային իրաւական փաստաթուղթի մը մէջ ճանաչում կամ ընդունելութիւն գտած կ՚ըլլար՝ համապատասխան յղումով: 

Այլին Գօչունեան մանրամասն բացատրեց, որ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը լուրջ ներշնչանքի եւ յղումի կէտ մը եղած էր՝ յոյն եւ հրեայ ազգերու սահմանադրութիւններու պարագային։ Ան Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը միայն 1863 թուականին վաւերացուածով չսահմանափակեց եւ միշտ յիշեցուց աւելի առաջ պատրաստուած, սակայն, չվաւերացուած նախագիծերը՝ հաշուի առնելով, որ անոնց բոլորը արդէն իրաւական մտքի եւ մօտեցումներու տեսակէտէ ամբողջ մը կը կազմէին։ Յոյն ուղղափառներու Սահմանադրութեան վրայ Հայոց Սահմանադրութեան նախագիծերը կարեւոր ազդեցութիւն գործած էին՝ հակառակ անոր, որ յոյն ուղղափառներու Սահմանադրութիւնը 1862 թուականին, այսինքն Հայոց Ազգային Սահմանադրութենէն տարի մը առաջ վաւերացուած էր պետութեան կողմէ։ Ըստ Գօչունեանի՝ հիմնական նրբութիւնը այն էր, որ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին սինոդական բնոյթ ունէր եւ Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան նախապէս պատրաստուած նախագծերու տրամադրութիւնները նպաստաւոր օրինակ մը եղած էին՝ այդ համակարգը ամրապնդելու տեսակէտէ։ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ հայոց եւ հրէից սահմանադրութիւնները շատ աւելի նմանութիւններ ունին իրարու հետ, որովհետեւ երկուքն ալ բնոյթով աւելի աշխարհիկ են: Հետեւաբար, 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը ո՛չ միայն ներշնչանքի աղբիւր, այլ պայմանաւորող գործօն հանդիսացած է միւս ոչ-իսլամ ազգերու սահմանադրութիւններուն տեսակէտէ: 

Հաղորդավարի զանազան ժամանակաշրջաններու վերաբերեալ հարցումներուն պատասխանելով՝ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ Օսմանեան կայսրութենէն Հանրապետական Թուրքիա անցումին երբեք պաշտօնապէս, որեւէ իրաւական կամ օրէնսդրական կարգադրութեամբ չէ ջնջուած 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Ուստի, ան այս համայնապատկերին վրայ մեկնաբանեց մերօրեայ երեւոյթը, ուր Սահմանադրութիւնը ատեն ատեն, մաս առ մաս, ընտրովի մօտեցումներով կ՚օգտագործուի, սակայն, երբեք վերջնականօրէն ջնջուած կամ առ ոչինչ դարձած չի համարուիր։ Մերօրեայ հանգամանքներուն անդրադառնալով՝ Այլին Գօչունեան նշեց, որ թրքահայ համայնքի հաստատութիւնները այսօր ալ, ըստ էութեան, կը գործեն Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած դրութեամբ, սակայն, բոլորը դարձած են առանձին վարչական միաւորներ, որոնք համայնքային ներքին որեւէ մարմնի առջեւ հաշուետուութեան պատասխանատուութիւն չունին: Ուստի, Ազգային Սահմանադրութեամբ նախատեսուած վերադաս, ընդհանուր կամ կեդրոնաձիգ իշխանութեան մարմինները այսօր գոյութիւն չունին, սակայն, հաստատութիւնները կը շարունակեն գործել՝ այդ ժամանակ ստեղծուած համակարգի օրինակին անմիջականօրէն հետեւելով: 

Ազգային Սահմանադրութեան ոգիին ու տարրին ցոլացուցած մտայնութեան եւ անով պայմանաւորուած ձեռքբերումներուն մասին ալ երկար բացատրութիւններ տուաւ հարցազրոյցի ընթացքին Այլին Գօչունեան, որ ընդգծեց, թէ մանաւանդ՝ կրթութեան եւ սեփականութեան իրաւունքի հարցերու վերաբերեալ պատմական այդ փաստաթուղթը անանտեսելի նշանակութիւն ունէր։ Արդարեւ, ազգապատկան բոլոր կալուածները, ըստ Սահմանադրութեան՝ համայնքի հասարակաց ունեցուածքը կը համարուէին։ Սահմանադրութիւնը կը ցոլացնէր նաեւ յստակ տնտեսաքաղաքական տրամաբանութիւն մը։ Ան ընդհանուր բարեկեցութեան հետամուտ էր, հաշուետուողականութիւն եւ թափանցիկութիւն կ՚ապահովէր եւ այդ բոլորը այն աստիճան, որ նոյնիսկ բարեգործութիւնը հաստատութենական հիմքերու վրայ դրուած էր։ 

Երկարաշունչ հարցազրոյցի տեւողութեան Այլին Գօչունեան մանրամասնօրէն բացատրեց, որ 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն գործած էր գաւառի հայութեան կեանքին վրայ։ Իր խօսքով՝ Ազգային ընդհանուր ժողովը կը բաղկանար 140 հոգիէ եւ այնտեղ թէեւ միայն 40 պատգամաւոր կը ներկայացնէր գաւառները, սակայն, քանակի այդ խնդիրներէն անդին՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը ապահոված էր, որ գաւառի հայութեան ձայնը լրջօրէն լսելի դառնայ։ Սահմանադրութեան շնորհիւ գաւառի հայութեան ապահովուած է ներկայացուցչութիւն եւ անոր խնդիրները սկսած են աւելի առաջնահերթօրէն արծարծուիլ ու մանաւանդ՝ Պատրիարքական Աթոռի տուեալ ժամանակաշրջանի գահակալներուն կողմէ կայսրութեան վերնախաւի, այսինքն ղեկավարութեան նկատառման յանձնուիլ: Սա, բնականաբար, այդ ժամանակաշրջանի պայմաններով անանտեսելի հանգամանք մը չէր։ 

Հաղորդավարի մէկ այլ հարցումին պատասխանելով՝ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ 1863 թուականի Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը բազմաթիւ առումներով ազդեցութիւն գործած էր Օսմանեան Սահմանադրութեան, այսինքն Kânûn-ı Esâsî-ի վրայ։ Այդ նմանութիւններուն առաջինը Օսմանեան խորհրդարանի կառուցուածքի պարագային աչքի կը զարնէր։ Արդարեւ, Օսմանեան խորհրդարանի բաղադրութիւնը գրեթէ նոյնն էր տուեալ ժամանակաշրջանի հայոց Ազգային ժողովին հետ: Օսմանեան խորհրդարանի հարիւր երեսուն երեսփոխաններուն յիսունը ոչ-իսլամ ազգերէ կու գար՝ մահմետական 80 պատգամաւորներուն փոխարէն։ Այդ համայնապատկերին վրայ շրջանի մայրաքաղաքին՝ Իսթանպուլին վերապահուած էր 10 երեսփոխանի մը քոթա։ Ընտրական համակարգերու պարագային ալ շատ նմանութիւններ կային Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան եւ Օսմանեան Սահմանադրութեան միջեւ։ Նոյնիսկ գաւառներէ ընտրուած երեսփոխաններու ընտրական դրութիւնները յար եւ նման կը համարուէին։ 

Այլին Գօչունեան հարցազրոյցի ընթացքին ի միջի այլոց բացատրեց, որ Օսմանեան պետութիւնը կը ձգտէր ոչ-իսլամ ազգերու պարագային ընդհանուր կարգ մը հաստատել՝ մասնաւորապէս պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ յստակութիւն ունենալու համար։ Այդ էր պատճառը, որ Ազգային Սահմանադրութիւնը եւ միւս ոչ-իսլամ ազգերու սահմանադրութիւնները յստակ նորմաթիվ շրջանակներ ունէին։ Ազգային Սահմանադրութեան շնորհիւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն միջեւ եղած էր յստակ դերաբաժանում մը։ Յամենայնդէպս, Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ Ազգային Սահմանադրութեան ընդունուիլը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ որեւէ սահմանափակման պատճառ չդարձաւ։ Այս հանգամանքը ինչպէս ի զօրու էր Օսմանեան շրջանին, այնպէս ալ ներկայիս Հանրապետական շրջանին կարելի է ըսել նոյնը։ Արդարեւ, Օսմանեան շրջանին երկրի հպատակները կը դասաւորուէին՝ ըստ իրենց դաւանանքին, հետեւաբար, յաչս կայսրութեան Ազգային Սահմանադրութիւնը արդէն Հայոց Պատրիարքութեան կառավարման կանոնադրութիւնն էր։ Հանրապետական շրջանին ալ որեւէ սահմանափակում խնդրոյ առարկայ չէ եկեղեցւոյ դերակատարութեան տեսակէտէ, որովհետեւ, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր ոչ-իսլամ քաղաքացիները կը համարէ կրօնական փոքրամասնութիւն, ինչ որ Լոզանի դաշնագրի տրամադրութիւններուն ալ ներհակ չէ։ Այս բոլորի լոյսին տակ, Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ Պատրիարքարանը եղած է վարչական կեդրոն մը, պետական դիւանակալութեան եւ վարչարարութեան մէկ մասը, որովհետեւ համայնքի եւ պետութեան միջեւ միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնած է դարեր շարունակ: 

Հարցազրոյցի տեւողութեան Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ Օսմանեան կայսրութենէն դէպի Հանրապետական Թուրքիա անցումային շրջանին ստեղծուեցաւ խառնիճաղանճ մը։ Այստեղ հիմնական պատճառը այն էր, որ շերիաթով կառավարուող կայսրութեան մը իրաւական համակարգին մէջ ստեղծուած կամ մարսուած հաստատութիւնները կամ դրութիւնները ամբողջովին մարսել կամ համապատասխանեցնել հնարաւոր չեղաւ Հանրապետութեան նոր իրաւական համակարգին մէջ, որ այս անգամ աւելի շատ աշխարհիկ էր, աշխարհավար։ Այսօրուան հիմնական խնդիրները պայմանաւորուած են այս հանգամանքին հետ եւ անոնց վրայ կու գան աւելնալ, անշուշտ, Հանրապետական շրջանի զանազան ժամանակահատուածներու իրադրութիւններուն վերաբերեալ խնդիրները։ 

Երկար ժամանակաշրջանի վրայ ձգուած այլ մեկնաբանութեամբ մը՝ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը կը համարուէր վարչական տեսլական մը եւ կարեւոր մոտէլ մը, որովհետեւ կը ձգտէր բարեկեցութեան, բարգաւաճման ու զարգացման կարեւորութիւնը ոգիին մէջ նկատելի էր եւ ի լրումն այս բոլորին քաղաքականութիւն արտադրելու միջավայրի մը արդիւնաւէտ ենթագետինը պատրաստած էր: 

Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ Ազգային Սահմանադրութեան հեղինակները իրենց ժամանակաշրջանի ամենավառ անհատականութիւններու շարքին կը դասուէին՝ որպէս մտաւորական եւ հասարակական բարձր վարկանիշով կերպար։ Բոլորն ալ ուսանած էին Ֆրանսայի մէջ եւ մասնագիտացած մանաւանդ՝ բժշկութեան, իրաւաբանութեան կամ ճարտարապետութեան մէջ։ Այլին Գօչունեան մի առ մի համառօտ ներկայացուց՝ Նահապետ Ռուսինեանի, Գրիգոր Օտեանի, Կարապետ Իւթիւճեանի, Նիկողայոս Պալեանի եւ Աղաթոն եղբայրներու նման դէմքերու կերպարները։ Ան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ ուսումնառութեան պարագան եղած էր շատ որոշիչ, որովհետեւ անոնք Ազգային Սահմանադրութեան համար ընդօրինակած էին խորհրդարանական համակարգի ընտրութեան դրութիւնները, որոնք գրեթէ նոյնութեամբ իւրացուած են հայոց պարագային։ Բաց աստի, Այլին Գօչունեան միշտ ընդգծեց, որ Ազգային Սահմանադրութիւնը իր ժամանակաշրջանի պայմաններով շատ յառաջապահ մտայնութիւն մը կը ցոլացնէր՝ մասնաւորապէս հաշուետուողականութիւնը, արդիւնաւէտութիւնն ու թափանցիկութիւնը գերնպատակ դարձուած էին։ 

Հաղորդավարի հարցումներէն մէկուն պատասխանելով՝ Այլին Գօչունեան նշեց, որ Օսմանեան Սահմանադրութեան (Kânûn-ı Esâsî) ընդունման նախորդած ժամանակաշրջանին եւս պատրաստուած են բազմաթիւ նախագծեր, որոնք այդ շրջանի մամուլին մէջ բաւական լայն տեղ գտած են: Ան յայտնեց, որ Օսմանեան արխիւներէն ներս իր մասնագիտական ուսումնասիրութիւններուն ժամանակ գտած է բազմաթիւ նախագծեր, սակայն, անոնցմէ շատերու պարագային յայտնի չէ, թէ նախագիծը որո՛ւ կողմէ գրի առնուած է։ Յամենայնդէպս, Օսմանեան Սահմանադրութեան պարագային անհերքելի են նմանութիւնները 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան հետ: 

Անդրադառնալով 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան մերօրեայ ազդեցութիւններուն՝ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ այդ ժամանակ ծաւալուած հասարակական քննարկումները ունին բազում ծալքեր, որոնք այսօրուան հետ նմանութիւններու տպաւորութիւն կը ստեղծեն։ Յամենայնդէպս, Սահմանադրութեան անվիճելի ձեռքբերումներէն մին է՝ խրախուսած կրթական մեծ շարժումը եւ ամբողջ գաւառներու մէջ հայկական դպրոցներու ահռելի ցանցի մը ստեղծումը։ Զուգահեռաբար պէտք է թուարկել նաեւ գրաբարէ աշխարհաբարի անցումը, ինչ որ լուսաւորութիւնը չսահմանափակեց միայն հոգեւորականաց դասով եւ աշխարհականներուն վրայ ալ տարածուեցաւ։ Այդ բոլոր հանգամանքներով՝ մասնաւորապէս լեզուի շարժման միջոցաւ ծնունդ առաւ մշակութային մեծ զարթօնք մը։ Այս բոլորը ապահովեցին, որ Սահմանադրութեան շնորհիւ ձեւաւորուի եւ հիմնաւորուի հայկական ամուր ինքնութիւն մը: Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ այսօր այդ առանցքային գործօններէն լեզուն, դժբախտաբար, այլեւս չկայ, սակայն, ինչ որ մնացած է որպէս հայկական ինքնութիւն՝ այդ մէկու ակունքներուն կը շարունակէ մնալ Սահմանադրութեամբ ստեղծուած համակարգին՝ երկար դարերու վրայ ձգուած հզօր ազդեցութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2026