Երկուշաբթի 31, Օգոստոս 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, 30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Էմինէօնիւի պատմական Սեփեթճիլէր ապարանքին մէջ։ Դիմաւորման փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ձեռնուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի հետ՝ յանուն մեր համայնքին շնորհաւորելով Յաղթանակի տօնը։ Ան փոխանցեց բարեմաղթանքներ՝ նշելով, որ միշտ կ՚աղօթէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անսասանութեան համար։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ՝ գաւազանակիր Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2026