ԴԷՊԻ ՎԱՆ՝ ԱՂԹԱՄԱՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է՝ Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեամբ դէպի Վան տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այս առթիւ շաբաթավերջին պիտի մեկնի Վան, ուր պիտի մնայ մինչեւ կիրակի երեկոյեան։ Ամեն.Ս. Պատրիարք Հայրը, որ պիտի գլխաւորէ տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը, ինչպէս միշտ, քաղաքավարական այցելութիւններ ալ պիտի տայ տեղական իշխանութիւններուն։
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ երբեմնի կաթողիկոսանիստ Ս. Խաչ պատմական տաճարը այսօր թէեւ վերածուած է թանգարանի, սակայն, տարին անգամ մը Ս. Պատարագ մատուցելու հնարաւորութիւնը աստիճանաբար վերածուած է ուխտագնացութեան մը։ Վերջին տարիներուն թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն տարեկան այս ուխտագնացութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կ՚աճի։ Այս տարի ալ պարագան նոյնն է։ Բացի Հայաստանէն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներու խումբ մըն ալ մասնակցութիւն պիտի բերէ Վանի Ս. Պատարագին։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչները ուրբաթ հասած պիտի ըլլան Վան։ Ս. Խաչ պատմական տաճարը, որ հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներու շարքին կը դասուի, այս շաբաթավերջին դարձեալ իր դռները պիտի բանայ հաւատացեալներուն առջեւ, որոնք պիտի աղօթեն թէ՛ աշխարհի խաղաղութեան եւ թէ իրենց փափաքներուն համար։