ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ: Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Օրուան պատարագիչն էր Տ. Վիրապ աբեղայ Սարգսեան:
Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններ, մանկավարժներ եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ:
Ս. Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, 2026-2027 ուսումնական շրջանի վերամուտին ընդառաջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ: Սա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս դարձած է աւանդական: Նորին Սրբութեան բարձր հովանաւորութեամբ, Մայր Տաճարի մէջ համախմբուած կրթական մշակները նոր ուսումնական շրջանին ընդառաջ լիցքաւորուեցան իրենց առաքելութեան ճանապարհին: