ՏԱՃԱՐԻՆ Ո՛Չ ՈՒՐԸ ԳԻՏԵՆ, Ո՛Չ ԴՈՒՌԸ

Վերջերս Քրիստոսի օրէնքներուն համաձայն «Մի՛ դատէք որ չի դատուիք»ը ժողովուրդին սորվեցնելու կոչուած կարգալոյծ նախկին քահանան կը յայտարարէր, թէ «Ո՛չ մէկ կաթողիկոս եկեղեցին այնքան չէ քաղաքականացուցած՝ ինչքան Կտրիչ Ներսիսեանը»։ Անշուշտ, որպէս քրիստոնեայ եւ մա՛նաւանդ որպէս եկեղեցական՝ քահանան լաւապէս պէտք է հասկնայ ու գիտակցութիւնը ունենայ, որ այդ մէկը իր նմանը դատել է՝ ինչ որ արգիլուած է հոգեւոր կանոններու համաձայն։ Սակայն, մեր յօդուածի հիմնական նիւթը այս մէկը չէ. եթէ կարգալոյծ նախկին քահանան լաւապէս սերտած ըլլար Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, պիտի հասկնար, որ քաղաքականութիւնը եկեղեցւոյ մէջ նոր տեղ ունեցող երեւոյթ մը չէ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսով սկիզբ չառաւ եկեղեցւոյ քաղաքական գործունէութիւնը։ Ամբողջական համոզումով կ՚ըսենք, որ մերօրեայ եկեղեցին քաղաքականութիւն մուտք չէ գործած, այլ մի՛շտ ալ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ տեղ ունեցած է նաեւ քաղաքականութիւնը եւ պատճառը կառուցուածքն է։ 1300 թուականներէն ի վեր հայ ժողովուրդը չէ ունեցած կանոնաւոր պետութիւն եւ հետեւաբար հայ ժողովուրդին համար եկեղեցին միակ հաստատութիւնն էր, որ պետական գետնի վրայ կրնար հայ ժողովուրդի խնդիրներն ու պէտքերը ներկայացնել դուրսի պետութիւններուն եւ այս մէկը քաղաքական աշխատանք էր եւ ո՛չ հոգեւոր: Ըսենք աւելի՛ն. Խրիմեան Հայրիկ կը գործէր այնպէս, որպէսզի եկեղեցին դառնայ հայ ժողովուրդի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ քաղաքականութեան կեդրոնը։ Այդ մէկը հասկնալու համար բաւարար է աչքէ անցընել Խրիմեան Հայրիկի հրատարակած «Արծուի Վասպուրական»ը: Հասկնալու համար բաւարար է մէյ մը աչքէ անցընել նաեւ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփը», ուր հոգեւոր ի՞նչ առաքելութիւն կարելի է գտնել։ Խրիմեան Հայրիկ ի՛նք լուրջ ձեւով սկսաւ զբաղիլ գաւառի հարցով, ի՛նք քննիչներ, յանձնախումբեր ղրկեց գաւառ եւ այդտեղ տիրող հարցերը պետական մակարդակի վրայ փորձեց դրական արդիւնքներու հասցնել: Խրիմեան Հայրիկ զբաղեցաւ նաեւ ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներով եւ այս մէկը եւս հոգեւոր առաքելութեան հետ աղերս չունի։ Հետեւաբար, եկեղեցին քաղաքականութեան մէջ վերջերս մուտք չգործեց։ Ենշուշտ, բոլորը համաձայն չեն այս երեւոյթին։ Շատեր կը հաւատան, որ եկեղեցին ամբողջութեամբ քաղաքականութենէ հեռու մնալով պէտք է զբաղի լոկ հոգեւոր առաքելութեամբ, իսկ ուրիշներ ամբողջութեամբ հակառակ կարծիքի են, սակայն, երկկողմանի այս քննադատութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ։ Բայց եւ այնպէս, մեր ժողովուրդը եւս տարօրինակ է. երբ եկեղեցին քաղաքական այս կամ այն արտայայտութեան դիմաց լուռ կը մնայ՝ կը քննադատեն լռութիւնը. երբ իր ձայնը բարձրացնէ ու կարծիք յայտնէ, այս պարագային կը քննադատեն կարծիք յայտնելը, որովհետեւ եկեղեցին քաղաքականութեան վերաբերեալ կարծիք յայտնելու իրաւունք չունի։ Այլ խօսքով՝ լուռ ալ մնայ, կարծիք ալ յայտնէ պիտի քննադատուի:

Այլ երկիրներու մէջ գործող եկեղեցիներու պարագային քաղաքականութեան խառնուիլը կրնայ տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ, թէ ազգ մը ունի պետութիւն եւ ունի եկեղեցի, որոնք տարբեր առաքելութիւններ ունին, սակայն, հայ ժողովուրդի պարագային նոյնը պէտք չէ սպասել։ Այսօր եկեղեցին հալածողներն ու քննադատողները պէտք է գիտնան հետեւեալը. եթէ Հայ Եկեղեցին գոյութիւն չունենար, կրնայ գոյութիւն չունենալ նաեւ հայ ազգը։ Հայոց այբուբենի ստեղծումէն մինչեւ մշակութային գործունէութիւն, կրթական համակարգ, օրէնքներ ու կանոններ, մամուլ, գիր գրականութիւն ստեղծած ու զարգացուցած են հայ եկեղեցականները։ Հայկական հին մամուլին մէջ հրատարակուած հրապարակախօսութեան մը մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Մարդիկ որոնք տաճարին ո՛չ ուրը եւ ոչ դուռը գիտեն, կը զբաղին եկեղեցական եւ կաթողիկոսական գործերով, եւ կ՚ընեն քմահաճ տնօրինութիւններ, պարզապէս յագեցնելու համար իրենց անձնական կամ հատուածական կիրքերը»։ Այս տողերը հակասութիւն կրնան թուիլ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը մեղադրէ եկեղեցին քաղաքականութեամբ զբաղելու մեղադրանքով, սակայն, այս տողերը ցոյց կու տան, որ շատ անգամ քաղաքական գործիչներ իրենք կը փորձեն միջամտել եկեղեցական որոշումներուն եւ գործերուն՝ ինչպէս ականատեսն ու վկան կ՚ըլլանք։ «Եկեղեցւոյ ո՛չ ուրը գիտեն եւ ոչ դուռը» արտայայտութիւնը կը պատկանի երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոսին, որովհետեւ իր կաթողիկոսութեան օրերուն ալ միշտ եկեղեցին թիրախ կը դառնար քաղաքական ու կուսակցական անմիտ վիճաբանութիւններու:

Մենք պէտք է շնորհակալ ըլլանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքին մէջ ունեցած է իր դերը՝ հակառակ անոր, որ քիչ չեն անոնք, որոնք կ՚ամբաստանեն եկեղեցին եւ մեծագոյն մեղաւորը կը նկատեն 1915-ի դժբախտ պատահարներուն մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանին եկեղեցին ի՛նք էր կապը պետութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ եւ շատեր կը հաւատան, թէ եկեղեցին դիւանագիտական կապերով կրնար այդ բոլորը կանխել։ Այդ բոլորը վերլուծելը տարբեր յօդուածի նիւթ է եւ լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի, սակայն, բոլոր անոնք՝ որոնք կը մեղադրեն եկեղեցին քաղաքականութեան մաս կազմելու համար, թող մտաբերեն, որ մեր ազգը կենդանի պահող մեծագոյն արժէքները այդ եկեղեցւոյ ծնունդն են եւ հոգեւոր առաքելութեան մաս չեն կազմեր:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կեանքն ալ կը հոսուի, գաղափարներն ալ կը հոսին, աշխարհ եւս կը հոսի: Կը հոսի որոշ տրամաբանութեամբ, համաչափութեան մէջ անվարան: Վա՜յ անոր, որ ականջ չունի լսելու կեանքի համանուագը:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2026