ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐ
Երէկ, Թուրքիոյ հիւրընկալմամբ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Մեքքէի պաշտպանութեան դաշինքին առաջին ժողովը։ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի մասնակցութեամբ ստեղծուած այս կառոյցի առաջին ժողովը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Անգարա, Ռիատ եւ Իսլամապատ այս փուլին կը նախատեսեն տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան բերել իրենց նպաստը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Մեքքէի նորաստեղծ դաշինքը ստեղծուած է ընդլայնման հեռանկարով։ Անցեալ օգոստոսի 7-ին այս կառոյցի հիմնադրման փաստաթուղթը ստորագրուած էր եւ արդէն քաղաքական կոմիտէի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ։ Դաշինքի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները մասնակցեցան քաղաքական կոմիտէի ժողովին, որու ընթացքին արժեւորուեցաւ հաւանական ճանապարհային քարտէսը եւ ռազմական նիւթերու շուրջ շօշափելի հաւանակ քայլերը արժեւորուեցան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողքին էին՝ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլու։
Դաշինքի ռազմավարութեան, քաղաքական ու պաշտպանական կոմիտէի երէկուան ժողովին զուգահեռ յայտարարուեցաւ, որ միջազգային քարտուղարութիւնը պիտի գտնուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Նորաստեղծ դաշինքի առաջին ընդհանուր քարտուղարը Փաքիստանէն անձնաւորութիւն մը պիտի ըլլայ եւ պիտի պաշտօնավարէ երեք տարուայ ժամկէտով։
Երէկուան ժողովէն վերջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հաքան Ֆիտան նշեց, որ այս կառոյցի ստեղծումով սկիզբ առած է՝ տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան ու համագործակցութեան նոր ճարտարապետութեան մը ձեւաւորման գործընթացը։ «Այս դաշինքով պիտի տեսնենք, որ տարածաշրջանէն ներս կայունութիւնը պիտի ամրապնդուի եւ անորոշութիւնը պիտի նուազի», ըսաւ նախարարը եւ յիշեցուց, որ Եգիպտոսի եւ Պանկլատէշի հաւանական մասնակցութեան խնդիրը միջազգային քննարկումներու առիթ կը դառնայ։ «Դաշինքը որեւէ երկրի դէմ չէ ստեղծուած», ըսաւ Հաքան Ֆիտան՝ աւելցնելով, որ բոլոր երկիրներու մասնակցութեան բաց է այս մէկը։ «Թուրքիան, ՆԱԹՕ-ի գլխաւորութեամբ, այլ դաշինքներէ կամ համաձայնութիւններէ բխած պատասխանատուութիւններուն կը մնայ հաւատարիմ եւ այս դաշինքը զանոնք մէջտեղէն չի վերցներ կամ զանոնք չի փոխարիներ։ Սա զանոնք կը համալրէ», ըսաւ նախարարը։
Թէեւ նորաստեղծ դաշինքը ընդլայնման բաց է, սակայն, Հաքան Ֆիտան համոզուած է, թէ առաջին քայլափոխին հիմքերը պէտք է դրուին շատ ամուր։ Հաստատութենականացումը պէտք է կատարուի շատ յաջողութեամբ։
Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այս դաշինքի հիմնական առաքելութիւնն է պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներէ ներս գործնական համագործակցութիւնը։ Այս համայնապատկերին վրայ ժողովականները արժեւորեցին արդի միջազգային իրադարձութիւնները։ Առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ Հիւրմիւզի ջրանցքի պարագային ստեղծուած տագնապը։ Արդարեւ, Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ մշտական համաձայնութիւն մը ապահովել տակաւին հնարաւոր չէ եղած եւ լարուածութիւնը վերջին օրերուն դարձեալ թափ ստացած է, ինչ որ Մեքքէի պաշտպանութեան դաշինքի մասնակից երկիրներու օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ։ Ի լրումն այս բոլորին, նախարարները նկատի առին Կարմիր ծովով նաւագնացութիւններու պարագային Եմէնի հուսիներուն կողմէ ստեղծուած սպառնալիքը։ Թուրքիա, Փաքիստան եւ Սէուտական Արաբիա կը նախատեսեն նաեւ ստեղծել Կարմիր ծովու դաշինք մը, իսկ Մեքքէի պաշտպանութեան համաձայնագիրը կրնայ նպաստել այդ մէկուն։
Ժողովականները նկատի առին նաեւ տարածաշրջանէն ներս Իսրայէլի կողմէ առաջ մղուած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Կազզէի խաղաղութեան համաձայնութեան երկրորդ փուլի գործակցութեան ճանապարհին վրայ առկայ խնդիրները։
Դաշինքի մասնակից երկիրները կը նախատեսեն բարձրացնել իրենց պաշտպանական ներուժը։ Այս ամբողջին մէջ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնն ալ առանցքային կէտերէն մին կը համարուի։ Երէկուան ժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ դաշինքի մասնակից երեք երկիրներու ղեկավարները առանձնայատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն այս նիւթին նկատմամբ՝ համատեղ արտադրութեան եւ համագործակցութեան ճանապարհներով հանդերձ։
Մեքքէի պաշտպանութեան դաշինքին համար արդէն սկսած է նաեւ կանոնադրութեան մը մշակման աշխատանքը։