ՈՉ ԵՒՍ Է ԷՏՈՒԱՐ ՊԱԼԱՏԻՒՐ
Երէկ, 97 տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Պալատիւր (1929-2026)։ Ֆրանսայի աջակողմեան քաղաքական ճամբարի տիրական եւ ամենահեղինակաւոր կերպարներէն մին էր Էտուար Պալատիւր, որու կորուստին լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցները։ Բոլոր հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ ան եղած էր անփոխարինելի եւ անշրջադարձելի անձնաւորութիւն մը։
Էտուար Պալատիւր 1929 թուականին ծնած էր Իզմիրի մէջ՝ սերած ըլլալով հայ կաթողիկէ ընտանիքէ մը, որու արմատները կը հասնին մինչեւ Նախիջեւան։ 1932 թուականին դարձած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան քաղաքացի։
Սփիւռքահայ բազում ընտանիքներու ճակատագիրը բաժնած Էտուար Պալատիւր Ֆրանսայի մէջ զբաղած էր քաղաքականութեամբ եւ ո՛չ միայն այդ երկրի, այլեւ, ընդհանրապէս, ամբողջ սփիւռքէ ներս իր սերունդի պարագային քաղաքական բնագաւառի մէջ ամենաբարձր կէտերու հասած մեծանուն գործիչ մը եղած էր։ Այսպէս, Էտուար Պալատիւր Ֆրանսայի մէջ եղած էր վարչապետ, նախարար, երեսփոխան (ընտրուած Փարիզէն), ինչպէս նաեւ վարած էր Էլիզէի պալատի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Պալատիւրի մահուան առթիւ հրապարակած է ցաւակցական պատգամ մը։
Էտուար Պալատիւր Ֆրանսայի իրերայաջորդ ղեկավարներու ժամանակաշրջանին վարած էր շատ նուրբ պաշտօններ՝ որպէս բարձրաստիճան պետական գործիչ։ Նախագահ Ժորժ Փոմփիտուի պաշտօնավարութեան տարիներուն ղեկավարած էր անոր գրասենեակը՝ Էլիզէի պալատէն ներս։ Էտուար Պալատիւր ազատ Ֆրանսայի հիմնադիր զօրավար Շարլ տը Կոլի հետ եւս աշխատած էր, իսկ ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի ժամանակաշրջանին գլխաւորած էր երկրի կառավարութիւնը։ Սա շատ կարեւոր ժամանակաշրջան մըն էր, որովհետեւ Միթերանի իշխանութեան տարիներուն Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած էր համակեցութեան անհրաժեշտութիւն։ Այդ նուրբ ժամանակաշրջանին մէջ տիրաբար վարած էր վարչապետի պաշտօնը։ Եղած էր Միթերանի պաշտօնավարութեան տարիներու վերջին վարչապետը։
Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Ժաք Շիրաքի հետ ալ երեսուն տարի մերձաւոր բարեկամ եւ լծակից եղած էր Էտուար Պալատիւր, սակայն, քաղաքականութեան անխուսափելի բնոյթին բերումով՝ անոր հետ հասած էր ճամբաբաժանի մը։ Արդարեւ, 1995 թուականին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն Էտուար Պալատիւր եւ Ժաք Շիրաք դարձած էին մրցակիցներ։ Պարզ է, որ այդ մրցակցութենէն յաղթական դուրս եկած էր Ժաք Շիրաք, իսկ շատ աւելի ուշ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պալատիւր պատասխանած էր այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ֆրանսացիները իշխանութիւն չէին տուած իրեն։ «Որովհետեւ անտեսեցի քաղաքականութեան զգացական կողմը», նշած էր ան։
Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ցաւակցականին մէջ ընդգծած է, որ Էտուար Պալատիւր կեանքը զոհաբերած, նուիրած է Ֆրանսայի 5-րդ հանրապետութեան։ Պատգամին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է Ժորժ Փոմփիտուի եւ Էտուար Պալատիւրի անմիջական համագործակցութիւնը։ Մաքրոն «հաւատարիմ ու չափաւոր սպասաւոր մը» որակած է նախկին վարչապետը, որուն հրաժեշտ պիտի տրուի յառաջիկայ օրերուն։ 2007 թուականին Էտուար Պալատիւր վերջնականօրէն լքած էր քաղաքական ասպարէզը։
Պալատիւրի ընտանիքը տեղեկացուցած է, որ յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է եկեղեցական արարողութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ շատ նեղ ու սահմանափակ շրջանակի մը մէջ։