ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պիշքէքի մէջ, ուր անոնք կը մասնակցէին՝ Շանհայի համագործակութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ ընդգծեցին 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու խաղաղութեան գագաթաժողովի ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթերու պատմական նշանակութիւնը։ Ատրպէյճանէն նաւթամթերքի արտածումը դէպի Հայաստան, հացահատիկի եւ երրորդ երկիրներէ այլ ապրանքներու Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու հաստատումը ընդգծուած են՝ որպէս խաղաղութեան ամրապնդման կարեւոր գործնական դրսեւորումներ։
Փաշինեան եւ Ալիեւ ողջունեցին գործարար համայնքներու միջեւ շփումները եւ կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ շահաւէտ տնտեսական, առեւտրային եւ ուժանիւթի գործակցութեան ապագայ ընդլայնման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Կողմերը նշեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերով համապատասխան պետական յանձնաժողովներու կարեւոր դերակատարութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ անոնց աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ ըստ երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ քննարկեցին TRIPP-ի իրականացման վերաբերեալ ապագայ գործնական քայլերը։ Անոնք ընդգծեցին TRIPP-ի շրջանակներէն ներս կապակցուածութեան նախագծերու կարեւորութիւնը։
Երկու ղեկավարները դրական գնահատեցին վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ խորհրդարանականներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ շփումները՝ նշելով անոնց կարեւորութիւնը փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան աւելի լայն օրակարգի աջակցութեան ուղղութեամբ։
Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայնեցան երկկողմանի անմիջական շփման միջոցաւ շարունակել քայլերը՝ ուղղուած տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կապակցուածութեան ամրապնդման։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էին՝ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան։ Իլհամ Ալիեւի կողքին էին՝ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գծով իր օգնականը՝ Հիքմէթ Հաճիեւ։ Պիշքէքի մէջ առանձին զրոյցներ ալ տեղի ունեցան՝ Միրզոյեան-Պայրամով եւ Սիմոնեան-Հաճիեւ ձեւաչափերով։
ՇՀԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան բազմաթիւ երկկողմանի շփումներ։ Հարկ է նշել, որ աշխարհի 17 երկիրներէ ղեկավարներ մեկնած են Պիշքէք։ Անոնց շարքին են միջազգային յառաջատար դերակատարներու առաջին դէմքերը, որոնք եւս իրարու միջեւ կը ծաւալեն քննարկումներ։ Գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Բացի Ալիեւէն, Փաշինեան երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Պիշքէքի մէջ այսօր ալ տեղի ունեցաւ Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը։
Այսօր նախատեսուած է նաեւ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։