ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ - 120

1 սեպտեմբերին, ֆրանսական պետութիւնն ու ֆրանսացի ժողովուրդը, այլեւ բովանդակ հայութիւնը աշխարհի, հանդիսաւորութեամբ կը նշեն ծննդեան 120-ամեակը բանաստեղծ, Ֆրանսայի «Ազգային հերոս» եւ մեծափառ հայրենասէր Միսաք Մանուշեանի (Ծնեալ՝ Ատըեաման, 1 սեպտեմբեր 1906 - Փարիզ, 21 փետրուար 1944), որ ի խնդիր ազատ եւ գերիշխան Ֆրանսայի եւ ընդդէմ ֆաշիստ ու բռնագրաւող հիթլէրական Էս-Էս-ականներու, իր խումբին հետ հերոսական նահատակութեամբ օրինակը տուին անբասիր հայրենասիրութեան, որով ո՛չ միայն կը պարծենան ֆրանսացի ժողովուրդն ու ֆրանսական պետութիւնը, այլեւ համայն հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: 

Սփիւռքահայ առաջին սերունդի գրական մրգաստանին մէջ, 30-ականներու հայ գրաքննադատութիւնը՝ ներկայացուած մանաւանդ Յակոբ Օշականով եւ Արշակ Չօպանեանով, կրնային արդար ըլլալ՝ իրենց մտասեւեռումէն չվանելով հրիտակը յիսունի հասնող այն քերթուածերուն, որոնք Միսաք Մանուշեանինն եղան, ի պաշտպանութիւն իրաւազրկուած ժողովուրդներու դատին, նաեւ հայ հողագործին ու բանուորի դատին, ֆաշիզմի եւ կայսերապաշտութեան դէմ վաղամեռիկ քերթողին մղած պայքարներու ճամբուն վրայ: 

1925-1935 թուականներուն Փարիզի մէջ արարումի բերուած այդ քերթուածերը Մանուշեանի, զուգադիպեցան սփիւռքի մէջ նորընձիւղ գրական դէմքերու (Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր, Վահէ-Վահեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան եւ ուրիշներ) ստեղծագործութեանց անդրանիկ բոմբիւններուն: Մանուշեանինը՝ ի տարբերութիւն յիշուածներուն գործերէն, թէեւ զաղփաղփուն ու գեղարուեստական ճաշակէ զուրկ թոյլ կառուցուածքով գործեր, շատ հեղ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի խառնուրդ լեզուով մը, թէեւ անոնց մէջ առկայ մանուշեանական պոռթկուն հայրենասիրական տողեր, իր ժամանակին շունչն ու ձայնն եղան: Օրինակ, իր «Հոգսը» խորագրով (արեւմտահայերէն՝ «Հոգը») քերթուածը, որ կրնար գրուիլ, այսինքն՝ ճարտարապետուիլ արեւմտահայերէն ոսկի առէջներով, թաթխուած է արեւելահայերէնի երանգապնակի մէջ, որ թէեւ ունի փիլիսոփայական խորքով պատկերաւոր յոյզեր.-

Հոգսն է միայն, որ իբրեւ մտերիմ
Ապրեր է կողքիս միշտ հաւատարիմ…
Եւ կեանքի բոլոր ուղիներուն մէջ
Ինձ խնամակալ եղեր է անվերջ:

Իմ ամենասերտ եւ ամենահին
Ընկերներէս մին է Հոգսը կեանքին,
Ե՞րբ եմ զայն ճանչցեր, ես այդ չեմ յիշեր,
Կ՚ըսեն, թէ նա իմ դայեակս է եղեր…

Գէորգ եւ Վարդուհի ամոլի բազմանդամ ընտանիքի երրորդ զաւկին՝ Միսաքին ուսումնառութիւնը կ՚ընդհատի Ա. Աշխարհամարտին յառաջացուցած քաոսին պատճառով: Այդ շրջանին կորսնցնելէ յետոյ իր ծնողները՝ քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ մանուկ Միսաքն ալ կը բռնէ դերբուկ ճամբաները տարագրութեան…:

Այնուհետեւ, Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի Հայ Ազգային որբանոցը կ՚ըլլայ կրթութեան առաջին օթեւանը որբուկ Միսաքի ու իր աւագ եղբօր Կարապետի: Ընթացքին, Միսաք կը սորվի ատաղձագործութիւն: 19 տարեկանին Սուրիայէն քշուած հայ որբերու բազմութեան հետ, նախ կը հանգրուանի Մարսէյլ, ապա՝ Փարիզ, իր ապրուստին համար յոյս որոնելով զանազան արհեստներու մէջ (մեքենաշինութիւն, մետաղագործութիւն, եւ այլն), կարենալով ազատ ժամեր ալ գտնել՝ հետեւելու հայ եւ ֆրանսական գրականութեան դասընթացքներու. մինչեւ իսկ՝ 1928-ին, դիմելով «Կազոլլա»ի քանդակագործութեան սթիւտիօ՝ իբրեւ երեկոյեան դասընթացքներու ազատ ունկնդիր, կ՚ըլլայ բնորդ այդ սթիւտիոյէն ներս:

1930-ի յուլիսին, իր գաղափարակից ընկերոջ ու գրչեղբօր՝ Ա. Սեմայի (Գեղամ Աթմաճեան) խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Ջանք» գրական ամսագրի խմբագրութենէն նոր բաժնուած Մանուշեան, ժամանակակից հայ եւ եւրոպացի մեծերու երկերու իր անյագ ընթերցումներով արդէն բաւական կենսափորձ հաւաքած մտաւորական մը կը համարուէր ֆրանսահայ յառաջդիմական շարժումին մէջ՝ հանդիսանալով արեւելահայ բանաստեղծ Յակոբ Յակոբեանի՝ «Մեռա՜ն՝ չկորա՜ն» քերթուածի երգիչի ոգին դրսեւորող սփիւռքահայ նորայայտ քերթող մը, յիշեցնելով համայնավար Յակոբեանը՝ յատկապէս Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ 1933-ի սեպտեմբերին գրած իր «Գործազուրկները» քերթուածին ընդմէջէն.- 

«Հա՜ց կամ աշխատա՜նք, աշխատա՜նք կամ հա՜ց…»,
Անթիւ, անհամար կրծքերէ ժայթքած,
Փողոցէ փողոց կ՚արձագանգէ յար
Գործազուրկներու պահանջքն այս յամառ: 
………………………………………………..
«Հա՜ց կամ աշխատա՜նք, աշխատա՜նք կամ հա՜ց…»,
Գոռա՛նք, ընկերնե՛ր, զայրոյթն հրդեհուած,
Թո՛ղ վառէ անվերջ մեր սըրտերը վէս,
Թո՛ղ բողոքն աճի հեղեղատին պէս:

Որպէսզի բոլոր մտքերն ուծացած,
Որպէսզի մեզ խորթ աշխարհն այս հինցած,
Խըլուած բոցերէն մեր հոծ բարկութեան,
Ժամանակին մէջ իսպա՜ռ մոխրանան…

Ահա ժամանակաշրջան մը, երբ Հիթլէրի Գերմանիոյ մէջ նացիականութեան հաստատումով, աշխարհաքաղաքական այդ ժամանակահատուածին եւրոպական ցամաքամասի գլխուն վրայ կը ճօճուէր Դամոկլեան սուրը: Հետեւաբար, տարագրութեան գեհենակուլ ճամբաներէն Ֆրանսա հաստատուած Միսաք Մանուշեանին համար արտասովոր բան մը չէր, որ ան 1934-ին յարէր Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան՝ ըլլալով անոր գործօն եւ երդուեալ անդամներէն մին: Յաջորդ տարի, ան կը հիմնէ «Զանգու» բանուորական թերթը, որ կը գոյատեւէ հազիւ երեք տարի: Մնացեալը՝ Բ. Աշխարհամարտի տարիներն են, Փարիզի գրաւումը հիթլէրական բանակներէ, ֆրանսացի ժողովուրդի ազատագրական բուռն պայքարններն ու համատարած արիւնահանդէսներ, որոնք ողջ պատմութեան արժեցին միլիոնաւոր մարդկային կորուստներ եւ այնուհետեւ՝ Պաղ պատերազմի սպառազէն պայքարներ գերտէրութիւններու միջեւ: 

Բ. Աշխարհամարտէն իսկ առաջ, 1935-ին, Մանուշեան կարծես կանխատեսելով գալիք սանդարամետեան օրերը, իր «Կեանքիս երգը» բանաստեղծութեան մէջ պատկերած էր վիճակը իր եւ ժողովուրդներու բազմաչարչար կեանքին.-

Հոգիս բուրվառ է մշտավառ, ուր կը ծխան սէրերս համայն,
Կը խնկարկեմ ես զայն կեանքի տաճարին մէջ յաւերժական՝
Բազմաչարչար հաւատացեալ ամբոխներու երեսն ի վեր,
Ու կը ժողվեմ անոնց դէմքէն հաւատամքի լոյսեր տարբեր…:
…………………………………………………
Երբոր աչքերս խորասուզին աչքերուն մէջ վառ կոյսերուն,
Որոնց Աստղիկն առատաձեռն շընորհեր է գեղ ու գարուն…
Երբ կը շնչեմ անոնց հասուն գոյներն ու գաղջ բոյրն իգութեան՝
Երակներէս կ՚անցնի բաղձանքն ստեղծագործ աստուածութեան:

Արդարեւ, Միսաք Մանուշեան հայրենանուէր բանաստեղծին ամրօրէն զօդուած է ազգային-հասարակական գործիչի, Ֆրանսայի Ազատագրական շարժումը առաջնորդողի անմահարար պատուանունը՝ հռչակուելով Ֆրանսայի Ազգային հերոս մ՚ան, ֆրանսացի ժողովուրդին անջնջելի երախտագիտութեան մէջ սրբադասեալ նահատակ մը, զոր անողոքաբար գնդակահարեցին Փարիզը գրաւած նացի Էս-Էս-ականները, անոր անբաժան խումբին՝ 22 հերոսատիպ ընկերներուն հետ համատեղ, 21 փետրուար 1944-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Վալէրիէն-Լեռի լանջին: 

Շատ յուզիչ է Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակը ուղղուած իր թանկագին տիկնոջ, Մելինէ Մանուշեանին. նամակին մէջ Միսաք Մանուշեան գրած է ի միջի այլոց. «… Երջանկութի՜ւն անոնց՝ որ պիտի ապրին մեզմէ յետոյ եւ պիտի վայելեն վաղուան խաղաղութեան եւ ազատութեան քաղցրութիւնը: Վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար մղուող բոլոր պայքարները պիտի գիտնան արժանավայել կերպով պատուել մեր յիշատակը: Խորապէս կը ցաւիմ, որ չկարողացայ քեզ երջանկացնել: Ես շատ կ՚ուզէի քեզմէ զաւակ մ՚ունենալ, ինչ որ դուն ալ կը ցանկայիր մշտապէս: Քեզմէ կը խնդրեմ, որ պատերազմէն յետոյ անպայման ամուսնանաս ու երեխայ մը ունենաս՝ իմ պատուին եւ իմ վերջին կամքը կատարելու համար: Ամբողջ ունեցածս քեզի՛ կը կտակեմ, քու քրոջդ եւ անոր որդիներուն: Պատերազմէն յետոյ, դուն՝ որպէս իմ կինը, կը կարողանաս ստանալ թոշակ, որովհետեւ ես կը մեռնիմ որպէս Ֆրանսայի ազատագրութեան բանակի կամաւոր զինուոր: Օգնութեամբ բարեկամներու՝ որոնք յօժարօրէն պիտի ուզեն պատուել իմ յիշատակը, հրատարակել տուր իմ բանաստեղծութիւնները եւ իմ այն գրութիւնները, որոնք արժանի են կարդացուելու: Եթէ հնարաւոր ըլլայ՝ իմ յիշատակները տար Հայաստան: Կուրծքիս վրայ կը սեղմեմ բոլորդ: Մնաք բարով: Քու բարեկամ, քու ընկեր, քու ամուսին՝ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ»: 

Արդարեւ, ֆրանսական պետութիւնն ու ֆրանսացի ժողովուրդը ամէն տարի երախտագիտութեամբ, հպարտութեամբ, այլեւ յուզումով կը նշեն վաղամեռիկ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբին խնկելի յիշատակը: 

Ֆրանսացի եւ հայ մտաւորականներ, ինչպէս՝ Լուի Արակոն, Ժաք Տիւկլօ, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Վահրամ Ալազան, Համօ Սահեան, Մարօ Մարգարեան եւ շատ ուրիշներ բանաստեղծութիւններ են ձօնած Միսաք Մանուշեանին եւ անոր խումբին: Փարիզի մէջ ցայսօր կանգուն կը մնայ Մանուշեանի յուշարձանը: Առնուիլ թաղամասի «Ռիւ-տ՚Օրան» փողոցը վերանուանուած է Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբին անունով: Հայաստանի մէջ կան Մանուշեանի անունով դպրոց եւ յուշակոթող, ուր ամէն տարի՝ 21 փետրուարին, ծաղկեպսակներ կը զետեղուին յուշակոթողին առջեւ, վեր առնելով յիշատակն անոնց:

Միսաք Մանուշեանի անունն ու վաստակը գլած են սահմանները գրական երախտիքի տուրքի: Մանուշեան, յիրաւի, խորհրդանիշն է դէպի երկինք խոյացող այն հայրենասիրութեան, որուն մէջ ազատատենչութեան կրակը պիտի մնայ յաւէտ անմար՝ օրինակ ծառայելու աշխարհի բոլոր ազգերուն, որոնք իրենց սիրտերուն մէջ մէյ-մէկ Մանուշեան պահելու հպարտանքը կը տածեն:

Իր ծննդեան 120-ամեակին, ահա՛, անհունաստեղծ հորիզոնէ հորիզոն կը տողանցեն իր անխառն հայենասիրութեան բանակները, որ յաւերժ անպարտելի են։

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2026