ԳՈՐԳԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԷՋԸ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՂՕԹԱԳՈՐԳԵՐՈՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գորգը լուռ արուեստ մըն է, ո՛չ մէկ բան կը պատմէ բառերով, սակայն, երբեմն կրնայ պատմել ամբողջ ժողովուրդի մը աշխարհընկալումը։

Անոր վրայ դրուագուած արուեստը կարդալը ինքնին արդէն արուեստ է․ գորգի մը վրայ պատկերուած ծառը կրնայ յաւերժութեան նշան ըլլալ, խաչը՝ հաւատքի վկայութիւն, կամարը՝ տաճարի յիշողութիւն, թռչունը, կենդանին, ծաղիկը, ամէն մէկ գիծը իրենց նշանակութիւնը ունին։ Գորգագործը ոչինչ պատահական կը գործածէ։

Այս պատճառով գորգը երբեք միայն կենցաղային իր մը չէ եղած։ Անոր զարդերը, գոյները, յօրինուածքը եւ նոյնիսկ չափերը կը պատմեն այն հասարակութեան մասին, որ ստեղծած է զայն։

Այս մեծ աշխարհին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն խորանագորգերը՝ կամ աղօթագորգերը։

Երբ «աղօթագորգ» կ՚ըսենք, անմիջապէս կը մտածենք մահմետական նամազի մասին։ Բայց աղօթագորգերու ձեւային եւ պատկերագրական աշխարհը կը տանի դէպի շատ աւելի հին մշակութային շերտեր, ուր ճարտարապետութիւնը, պաշտամունքը, մանրանկարչութիւնը եւ գորգագործութիւնը իրարու կը հանդիպին։

Եւ այստեղ հայկական մշակոյթը ունի իր շատ հետաքրքրական էջը։

Աղօթագորգը սովորաբար համեմատաբար փոքր չափերու գորգ մըն է, որ կը ստեղծէ առանձնացուած տարածք մը՝ աղօթքի կամ ծիսական գործողութեան համար։ Անոր ամենաբնորոշ տարրը կամարաձեւ խորանն է։

Իսլամական մշակոյթին մէջ այդ կամարը կը կապուի մզկիթի աւագ սեղանի՝ մեհրապի հետ։ Գորգը կը դասաւորուի այնպէս, որ կամարի սրածայր մասը ցոյց տայ աղօթքի ուղղութիւնը՝ դէպի Մեքքէ։ Աղօթագորգը յստակօրէն կը գծէ աղօթքի տարածքի խորհրդանշական սահմանը։

Սակայն, հետաքրքրականը այն է, որ նոյն հիմնական ձեւը տարբեր մշակոյթներու մէջ կրնայ տարբեր իմաստներ ստանալ։

Կամարը ինքնին ո՛չ իսլամական եւ ոչ ալ բացառապէս մահմետական խորհրդանիշ մըն է, այն համաշխարհային ճարտարապետութեան հնագոյն ձեւերէն է։ Իսկ հայկական մշակոյթի մէջ կամարը ունի երկար պատմութիւն՝ նախաքրիստոնէական շրջաններէն մինչեւ միջնադարեան եկեղեցիներ, խաչքարեր եւ մանրանկարչութիւն, ուստի, նոյն կամարաձեւ լեզուն տարբեր մշակոյթներու մէջ կը ստանայ տարբեր հոգեւոր իմաստներ։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄԱՐԸ՝ ՔԱՐԷ ՏԱՃԱՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՐԳ

Հայկական ճարտարապետութեան մէջ կամարը տեսանելի կերպով կը կազմակերպէ սրբազան տարածքը։

Հայկական եկեղեցի մտնող մարդուն առաջին տպաւորութիւններէն մէկը կամարներով, սիւներով եւ գմբէթով կազմուած տարածքն է։ Այս ճարտարապետական լեզուն դարերու ընթացքին դարձած է հայկական պատկերային մտածողութեան մաս։

Մասնագէտները նկատած են, որ երբ գորգագործուհին աղօթագորգին վրայ կը հիւսէ սրածայր կամար մը, ան պարտադիր չէ, որ գիտակցաբար կը փորձէ վերարտադրել որոշակի եկեղեցի մը։ Բայց եւ այնպէս, իր տեսողական յիշողութեան մէջ եկեղեցին արդէն գոյութիւն ունի։

Գորգին վրայ պատկերուած խորանը կրնայ ընկալուիլ որպէս մանրացած ճարտարապետական տարածք՝ կարծես եկեղեցւոյ մը ներքին տեսարանը տեղափոխուած ըլլայ գործուածքի վրայ։

Այս կապը պատահական չէ նաեւ հայկական մանրանկարչութեան մէջ։ Հայկական ձեռագրերուն խորանապատկերները, սիւնազարդ կամարները եւ զարդարուած ճարտարապետական շրջանակները դարեր շարունակ կազմած են քրիստոնէական պատկերագրութեան կարեւոր մասը։ Յետագային այս ձեւերը իրենց արձագանգը կը գտնեն նաեւ գորգարուեստի մէջ։

Այս իմաստով կարելի է ըսել, որ հայկական խորանագորգը միաժամանակ երեք աշխարհներու հանդիպման վայր մըն է՝ ճարտարապետութեան, մանրանկարչութեան եւ ժողովրդական արուեստի։

Հայկական աղօթագորգին վրայ կամարը կը սահմանէ ներքին տարածք մը․ սիւները կը բաժնեն այդ տարածքը, երբեմն անոնցմէ կը կախուի կանթեղ մը, իսկ կեդրոնին կրնայ գտնուիլ խաչ, ծառ կամ այլ սրբազան խորհրդանիշ։ Այս ամբողջը կը ստեղծէ տաճարի մը գծանկարչական պատկերը։

Հին եկեղեցական գորգերու գործածութեան մասին պահպանուած վկայութիւնները կը հաստատեն, որ գորգը հայոց եկեղեցական միջավայրին մէջ իրական գործառոյթ ալ ունեցած է․ այն կրնար ծառայել խորանի տարածքը զարդարելու, սրբազան վայրերը վարագուրելու կամ ծիսական արարողութիւններու ընթացքին կանգնելու եւ ծնրադրելու համար։

Գորգը եկեղեցւոյ մէջ միայն գեղեցկութիւն չէր, ծիսական տարածքի կազմակերպման մասն էր։ 19-րդ դարու վկայութիւնները եւս կը յիշեցնեն եկեղեցական գորգերու գործածութիւնը՝ քարոզի կամ պատարագի ժամանակ։

Նոր Ջուղայի վաւերաթուղթերուն մէջ նոյնիսկ կը հանդիպին «քարոզի խալիչայ» եւ այլ եկեղեցական գորգերու յիշատակութիւններ։

ԽԱՉԸ, ԾԱՌԸ ԵՒ ԱՂՕԹՈՂ ՁԵՌՔԵՐԸ

Խորանագորգերու ուսումնասիրութեան ամենահետաքրքրական կողմերէն մէկը խաչի ներկայութիւնն է։

Խաչը գորգի մը վրայ կրնայ ըլլալ փոքրիկ զարդ, բայց կրնայ նաեւ դառնալ ամբողջ յօրինուածքի կեդրոնը։ Երբեմն այն կը տեղադրուի կամարի գօտիին մէջ, երբեմն՝ կենաց ծառերու կեդրոնը, երբեմն ալ կը կազմէ գորգի հիմնական երկրաչափական կառուցուածքը։

Այսպիսի պատկերները կարեւոր են, որովհետեւ անոնք գորգը կը կապեն հայոց քրիստոնէական պատկերաշխարհին։

Բայց, այստեղ եւս պէտք է զգոյշ ըլլալ․ 19-20-րդ դարերուն հայ գորգագործները աշխատած են նաեւ մեծ շուկայի համար, այդ շարքին՝ մահմետական գնորդներու։ Ուստի, ամէն խորանաձեւ գորգ չի նշանակեր, որ անիկա անպայման հայ քրիստոնեայ մարդու անձնական աղօթքի համար գործուած է։ Երբեմն գորգը կը ստեղծուէր վաճառքի համար։

Սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային պատկերագրութիւնը կրնայ պահպանել գործածող վարպետի մշակութային աշխարհը։ Ահա՛, այստեղ գորգը կը դառնայ շատ հետաքրքրական պատմական փաստաթուղթ մը․ մասնագէտները զայն կը նկատեն միաժամանակ շուկայի արտադրանք եւ ինքնութեան կրող։

Որոշ խորանագորգերու մէջ կը հանդիպինք մարդկային ձեռքերու պատկերներու։ Այս փոքրիկ մանրամասնութիւնը ամբողջովին կը փոխէ գորգին ընկալումը։ Եթէ կամարը կը մատնանշէ սրբազան տարածքը, ապա ձեռքերը կը յուշեն մարդուն ներկայութիւնը այդ տարածքին մէջ։ Աղօթող մարդը կը պարզէ իր ձեռքերը դէպի վեր։

Գորգը, որ մինչ այդ կը թուէր միայն տաճարի մը պատկեր, կը դառնայ աղօթքի տեսարան։ Այսպիսի օրինակներու մէջ երբեմն նոյնիսկ կարծես կը մատնանշուի գլուխը խոնարհելու տեղը, որով գորգը ո՛չ միայն «կը ներկայացնէ» աղօթքը, այլեւ կը յուշէ անոր մարմնական շարժումը։

Ասիկա ժողովրդական արուեստի մեծ ուժերէն մէկն է․ այն, ինչ աստուածաբանական գիրքը երկար բացատրութեամբ կը ներկայացնէ, վարպետը կրնայ արտայայտել քանի մը նշաններով։

ԿԵՆԱՑ ԾԱՌԸ՝ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ

Խորանագորգերու մէջ յաճախ կը հանդիպինք նաեւ կենաց ծառին։

Հայկական պատկերագրութեան մէջ ծառը վաղուց ունի բազմաշերտ իմաստներ՝ կեանքի, շարունակականութեան եւ յաւերժութեան գաղափարներու կրող է։ Երբ գորգին ամբողջ դաշտը կը լեցուի ոճաւորուած ծառերով, իսկ ծառերուն մէջ կը տեղադրուին խաչեր՝ գորգը կը դառնայ գրեթէ ամբողջական խորհրդանշական աշխարհ մը։

Ծառը կը բարձրանայ դէպի վեր․ կամարը նոյնպէս կը բարձրանայ դէպի վեր․ խաչը կը միացնէ հորիզոնականն ու ուղղահայեացը։ Այս երեք տարրերը միասին ստեղծած են ուղղութիւն մը՝ երկրէն դէպի վեր։

Պատահական չէ, որ խորանաձեւ գորգերը կը ձգեն «վեր բարձրացող» տարածքի մը տպաւորութիւն։ Պատմութեան ընթացքին այս գորգերը յաճախ նուիրուած են եկեղեցիներուն՝ իբրեւ բարեպաշտութեան եւ հաւատքի արտայայտութիւն։ Անոնք կը ծածկէին եկեղեցւոյ սառնորակ քարէ յատակները, իսկ երբեմն ալ կը ծառայէին իբրեւ խորանի վարագոյր, ծածկոց կամ զարդարանք։

ԳՈՐԳԱԳՈՐԾՈՒՀԻՆ

Հայկական գորգի պատմութիւնը մեծ մասամբ կիներու պատմութիւնն ալ է։

Տասնիններորդ եւ քսաներորդ դարերու սկզբին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գորգագործական կեդրոններուն մէջ հազարաւոր հայ կիներ զբաղած են գորգագործութեամբ։ Կեսարիա, Սեբաստիա, Խարբերդ, Վան, Կարին եւ այլ կեդրոններ դարձած էին գորգի արտադրութեան կարեւոր վայրեր։

Գորգագործուհին, սակայն, միայն շուկայի պահանջը չէր կատարեր․ ան իր մատներով կը կրկնէր այն պատկերները, որոնք տեսած էր իր միջավայրին մէջ՝ եկեղեցի, խաչ, ծառ, կանթեղ, սափոր, կամար։

Այս պատճառով գորգը կարելի է դիտել նաեւ որպէս կանանց միջոցով փոխանցուած մշակութային յիշողութեան ձեւ։ Եկեղեցիի մանրանկարը կը պահպանուէր թելի մէջ, իսկ աւանդութիւնը՝ հանգոյցի։

Գորգի մը մէջ երբեմն ամբողջ սերունդներու տեսողական յիշողութիւնը կը շարունակէ ապրիլ՝ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ այն միջավայրը, ուր ծնած էր այդ պատկերաշխարհը, այլեւս գոյութիւն չունի։

«ԵՌԱԽՈՐԱՆ»Ը․ ԳԻՏԱԿԱՆ ՎԷՃ ՄԸ

Հայկական խորանագորգերու պատմութեան մէջ առանձնայատուկ, գրեթէ առասպելական տեղ մը կը գրաւէ հայերէն արձանագրութեամբ պահպանուած հնագոյն նմոյշներէն մէկը՝ «Եռախորան» գորգը (որոշ ուսումնասիրողներու կողմէ կոչուած նաեւ «Գորզի» կամ «Բանանցի» գորգ, ինչպէս նաեւ յայտնի որպէս Հռիփսիմէի գորգ)։

Անոր անունը արդէն կը յուշէ յօրինուածքի հիմնական առանձնայատկութիւնը․ գորգին դաշտը բաժնուած է սիւներով սահմանազատուած երեք կամարազարդ խորաններու։ Այս եռամաս կառուցուածքը կապուած է թէ՛ եկեղեցական ներքին տարածքի պատկերին եւ թէ քրիստոնէական խորհրդաբանութեան՝ Սուրբ Երրորդութեան հետ։ 

Գորգին պատմական ու մշակութային արժէքը աւելի կը շեշտուի անոր վրայ պահպանուած հայերէն արձանագրութեամբ։ Սակայն, այս արձանագրութեան ընթերցումը դարձած է հայագիտութեան եւ արեւելեան գորգարուեստի ամենահետաքրքրական վէճերէն մէկը։ 

1202-ի վարկածը․ 1895-ին գերմանացի արեւելագէտ Ալոիզ Ռիկլ, հիմնուելով Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, հայագէտ Հայր Գրիգորիս Գալէմքեարեանի ընթերցման վրայ, յայտարարեց, որ գորգը գործուած է 1202 թուականին Բանանց գիւղին մէջ (ըստ արձանագրութեան «ՈԾԱ» թուականին՝ 651+551=1202 թ․)։ Այս ընթերցումով անիկա կը համարուէր հայկական պահպանուած հնագոյն արձանագիր գորգը։ 

1602-ի վարկածը․ Յետագային այլ ուսումնասիրողներ (ինչպէս՝ Ֆոլքմար Կանցհոռն) առաջարկեցին այն վարկածը, որ գորգագործը պարզապէս մոռցած է «Ռ» տառի վերին մասնիկը՝ գրելով «Ո»։ Ուստի, տարեթիւը պէտք է ընթերցել ՌԾԱ (1051+551), որ մեզ կը տանի դէպի 1602 թուական։ 

Հետաքրքրական է նաեւ գորգին գործառոյթի մեկնաբանութիւնը․ եթէ ուսումնասիրողներու մեծ մասը (ինչպէս Մանեա Ղազարեանն ու Վարդան Թեմուրճեանը) զայն կը նկատեն եկեղեցական աղօթագորգ, ապա Կանցհոռն, արձանագրութիւնը իւրովի թարգմանելով, ենթադրած է, որ այս գործուածքը ո՛չ թէ սովորական աղօթագորգ էր, այլ՝ «տաճարի դրան վարագոյր»։ 

Չնայած ընթերցումներու տարբերութիւններուն, բոլոր մասնագէտներն ալ միակարծիք են հիմնական փաստի մը շուրջ․ գորգը գործուած է Գանձակի/Արցախի շրջանի պատմական Բանանց գիւղին մէջ՝ Կիրակոսի կողմէ եւ նուիրուած է Հռիփսիմէի յիշատակին։ 

«Եռախորան»ը ունի նաեւ ցաւալի ճակատագիր․ այն երկար տարիներ պահուած է Վիեննայի մասնաւոր հաւաքածոյի մէջ, իսկ այսօր կը համարուի անհետ կորած։ Գորգ մը, որ այլեւս ֆիզիքապէս չկայ, բայց, որուն արձանագրութիւնը, լուսանկարներն ու անոր շուրջ ծաւալած գիտական բանավէճը կը շարունակեն ապրիլ։ 

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳՈՐԳԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գորգերու պատմութեան մէջ հայերէն արձանագրութիւնները առանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։ Անոնք կրնան նշել գործելու թուականը, անուն մը, նուիրատուի մը յիշատակը կամ գորգի նուիրաբերման նպատակը։ 

Այս պարագային գորգը կը դադրի անանուն արուեստի գործ ըլլալէ՝ կը ստանայ ժամանակ, անուն եւ յիշողութիւն։ Արձանագրութեամբ գորգ մը կարծես իր իսկ կենսագրութիւնը կը գրէ։ Այս պատճառով «Եռախորան»ի կամ 1731 թուակիր Գանձասարի գորգի նման նմոյշները կարեւոր են ո՛չ միայն իրենց հնութեամբ, այլեւ մեզի կը յուշեն, թէ հայ գորգագործութեան մէջ պատկերն ու գիրը կրնային ապրիլ կողք կողքի։ 

Գորգի պատմութեան մէջ կայ նաեւ ուրիշ կարեւոր հարց մը՝ անուններու հարցը։

Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործուած գորգերը յետագային յաճախ դասակարգուած են որպէս «թրքական», բայց, կայսրութեան մէջ գորգագործութեամբ զբաղած էին տարբեր ժողովուրդներ՝ հայեր, յոյներ, քիւրտեր եւ ուրիշներ։ Հայ կիներու մասնակցութիւնը յատկապէս մեծ եղած է Փոքր Ասիոյ գորգագործական կեդրոններուն մէջ, իսկ առեւտուրին մէջ հայ վաճառականները կարեւոր դեր ունեցած են։

Այս հանգամանքը մասնագէտները զգուշութեան կը մղէ՝ գորգերը միայն աշխարհագրական անուններով դասակարգելու ժամանակ։

Հայկական գորգագործութիւնը զարգացած է տարբեր մշակոյթներու խաչմերուկին մէջ․ այդ պատճառով հայկական գորգերուն մէջ կարելի է տեսնել պարսկական, կովկասեան, օսմանեան եւ այլ գեղարուեստական աւանդութիւններու ազդեցութիւններ։

Ոմանք ասիկա ինքնութեան կորուստ կը նկատեն, սակայն, շատեր վստահ են, որ մշակոյթը յաճախ կը զարգանայ փոխառութեամբ։ Վարպետը կը վերցնէ ուրիշի ձեւը, կը փոխէ զայն, կը միացնէ իր ունեցած խորհրդանիշերուն եւ կը ստեղծէ նոր ամբողջութիւն։ Զանազան նշաններու միաւորումը ո՛չ թէ թերութիւն է, այլ պատմութիւն։

Այդ պատճառով հայկական աղօթագորգը պէտք չէ դիտել որպէս մեկուսացած եւ «մաքուր» ոճ մը․ անիկա աւելի հետաքրքրական է իբրեւ մշակութային երկխօսութեան արդիւնք։

ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔ

Գորգերու պատմութիւնը մեզի նաեւ ուրիշ դաս մը կու տայ․ գորգ մը կրնայ փոխել իր գործառոյթը, բայց, չկորսնցնել իր յիշողութիւնը։

Եկեղեցական գորգը կրնայ վերածուիլ տան զարդի․ աղօթքի համար գործուած գորգը կրնայ դառնալ առեւտրական ապրանք․ խորանը կրնայ մնալ, նոյնիսկ երբ գորգը այլեւս չի ծառայեր եկեղեցական ծէսի․ խաչը կրնայ մնալ, նոյնիսկ երբ գորգը կը վաճառուի տարբեր կրօնի պատկանող գնորդի մը։

Այս երեւոյթը մեզի կը յուշէ, որ մշակութային ձեւերը շատ աւելի երկարակեաց են, քան իրենց սկզբնական գործառոյթները։

Խորանագորգը, ի վերջոյ, կարելի է կարդալ որպէս մանրանկարչական էջ մը, ճարտարապետական յիշողութիւն մը եւ աղօթքի խորհրդանիշ մը՝ միաժամանակ։

Հայկական խորանագորգերու ուսումնասիրութիւնը միայն գորգագործութեան պատմութեան հարց չէ, այլ՝ հայկական մշակոյթի տարբեր շերտերու փոխկապակցուածութիւնը հասկնալու միջոց մըն է։

Ճարտարապետական կամարը անցած է մանրանկարչութեան էջէն, մանրանկարչական խորանը՝ գորգի դաշտին, իսկ եկեղեցական խորհրդանիշը՝ ժողովրդական արուեստի մէջ։

Անիկա թելի մէջ պահուած սրբազան տարածք մըն է։

Եւ երբ կը նայինք անոր, իրականութեան մէջ կը նայինք հայկական մշակութային յիշողութեան մը։

Գորգագործուհին գուցէ երբեք չգիտցաւ, թէ իր գործը հարիւրամեակներ ետք պիտի դառնար թանգարանային նմոյշ կամ գիտական ուսումնասիրութեան նիւթ։ Ան միայն հիւսեց։ Բայց, իր ամէն հանգոյցին մէջ թողուց բան մը, ինչ որ ժամանակը չկարողացաւ քանդել։

Այսօր հայկական աղօթագորգերու ուսումնասիրութիւնը նոր կարեւորութիւն կը ստանայ, որովհետեւ անոնք աղբիւրներ են, որոնց միջոցով կարելի է ուսումնասիրել հայկական եկեղեցական մշակոյթը, գորգագործութիւնը, կանանց աշխատանքը, առեւտրական կապերը եւ տարբեր մշակոյթներու փոխազդեցութիւնը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2026