ՊՍԱԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ

11. Եկեղեցականները ամուսնացեա՞լ պէտք է ըլլան, թէ կուսակրօն: Պօղոս ինչո՞ւ համար եպիսկոպոսի մը կին մը ունենալ կը քարոզէ: Կինը մեռնող եկեղեցականին կրկին ամուսնանալ ներելի՞ է: 12. Ի՞նչ կը հասկցուի Պօղոսի խօսքէն: 13. Առաքեալները կին ունէի՞ն, թէ ոչ. իրենց հետ պտտող կիները ի՞նչ էին: 

11. Առաքելական Եկեղեցին՝ կանուխէն ամուսնացեալ հայրապետներ ալ ունէր. զանոնք հայրապետ ընդունած էր. նոյնիսկ Գրիգոր Լուսաւորիչ ամուսնցած էր: Այսօր եկեղեցին ամուսնացեալ եկեղեցականներ շատ ունի. ամուսնացեալ քահանաներ հաղորդութիւն կու տան, սարկաւագները պաշտօն կը վարեն, բայց, պէտք է մտածենք, թէ առաքեալը կ՚ըսէ. «Ժամանակը մօտ է». ըսել է, երթալով աւելի պիտի մօտենար, դարձեալ «ժամանակը նեղ է, ամուսնացողը չամուսնացողի պէս է» կամ թէ «կ՚ուզեմ, որ ամէն մարդ ինծի պէս ըլլայ»

Պօղոս եպիսկոպոսներու ամուսնութեան մասին խոր դիտողութիւն մը կ՚ընէ, որովհետեւ եպիսկոպոսութեան ցանկացողները շատցան, Պօղոս կ՚ուզէր, որ եպիսկոպոսները կոյս ըլլան՝ մանաւանդ, որ եկեղեցին ալ եպիսկոպոսներու անհրաժեշտութիւն ունէր, անոր նկատմամբ գրեց, թէ՝ «եպիսկոպոս մը մէկ կնոջ ամուսին պէտք է ըլլայ» (Ա. Տմ 3.2). եթէ այս խօսքը ոմանց նման սխալ մեկնենք, «եպիսկոպոսները մէկ կին, հասարակութեան ալ քանի հատ ըլլայ՝ հոգ չէ», ըսել կ՚ըլլայ: 

Առ հասարակ կին մը ունենալը Քրիստոսէ հաստատուեցաւ եւ առաքեալներէն ալ վաւերացուած էր: Այդ միջոցին Պօղոս կուսակրօնութեան մասին մեծ ջանքեր ունէր, անհաւատէն եպիսկոպոս չէր ըլլար, «ամէն մարդու վրայ ձեռք մի՛ դներ» կը գրէ Տիմոթէոս եպիսկոպոսին (Ա. Տմ 5.22). հաւատացեալ հասարակութիւնն ալ գիտէր, որ մէկ կնոջ այր մարդ պիտի ըլլայ, կրկին անգամ ի՞նչ անհրաժեշտութիւն կար եպիսկոպոսին ամուսնութեան մասին մասնաւոր դիտողութիւն ընել։ Ուստի, յայտնի եւ պարզ է, որ եկեղեցականին երկու պսակ չի վայելեր, քանի որ Պօղոսի օրով եպիսկոպոսութիւնը նոր կը հաստատուէր, ըստ անհրաժեշտութեան գոնէ անգամ մը ամուսնացած ըլլայ կամ կինը մեռնելէն ետք չամուսնանալ յանձն առնէ, որ կուսակրօնութեան ուխտ ըսել է, որովհետեւ մէկ կնոջ այր պիտի ըլլան, իր ուխտին մէջ եկեղեցականները «հասարակաց հայր» ըսելէն, կիներն ալ հասարակաց մայր կը համարուին, այդ պատճառով եկեղեցականը ուրիշին կինը չի՛ կրնար առնել, ուրիշն ալ եկեղեցականին կինը, եկեղեցական մը պիտի չկրնայ երկու անգամ ամուսնանալ, որ կոյս մնալու յանձնառութիւն ըսել է: 

12. Բանի մը համար «երկուքը շատ է», երբ ըսես, կը հետեւի, թէ մէկը բաւական է, մէկուն վրայ ալ որ դիտողութիւն ըլլայ «բնաւ եւ ոչ» ըսել է. հետեւաբար, Պօղոս եպիսկոպոսներուն չամուսնանալ կը խորհի եղեր, իսկ սարկաւագներուն եւ երէցներուն մէկ անգամ միայն, քանի որ անոնց կիներուն ալ խրատ կը խօսի, իսկ եպիսկոպոսներուն համար լուռ կ՚անցնի (Ա. Տմ 3.11), ինչպէս որ շատ մը գաղափարներէն արեւուն լոյսին պէս կ՚երեւնան. «Կ՚ուզէի, որ ամէն մարդ ինծի պէս ըլլար» (Ա. Կր 7.7). «Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ արձակուիր, կինէ արձակուա՞ծ ես, մի՛ փնտռեր կին» (տե՛ս նոյն 27). դարձեալ, «ժամանակը կարճցած է… կ՚ուզեմ, որ անհոգ ըլլաք, որովհետեւ չամուսնացողը Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ կ՚ուզէ, իսկ ամուսնացողը իր կնոջ» (տե՛ս նոյն 29-33). ինչպէս որ առաքեալներէն ոմանք լոյս, ոմանք բոլորովին ունեցածնին ձգելով Քրիստոսի խօսքին հետեւեցան կուսակրօնութեան մէջ, որոնք պիտի վարձատրուին (Յյտ 14.4): 

13. Շատ հաւանական է, թէ Պետրոսի ու Յակոբոսի հետ պտտողները իրենց կիները չէին, այլ՝ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ եղողներէն վաթսուն տարեկան կիներ, սպասաւորութեան համար. այն ալ ո՛չ թէ միշտ, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ կին ալ ունենային, բնականաբար, պիտի չկրնային պտտցնել հալածանքներու մէջ եւ չունենալնին պարզապէս յայտնի է «մենք ամէն ինչ ձգեցինք եւ Քու ետեւէդ եկանք» (Մտ 19.27). որոշ ժամանակ մը ձգելու համար չ՚ըսուիր այս խօսքը, որովհետեւ ատոր ձգել չեն ըսեր: Տակաւին, Քրիստոսի հետ ալ երբեմն կիներ կը պտտէին իրենց ստացուածքով Անոր ծառայութիւններ կը մատուցէին (Մր 15.40: Ղկ 8.3). միթէ Քրիստոսի կինե՞րն էին, քաւ լիցի. ուրեմն, այդպիսնիները Քրիստոսի եւ Իր աշակերտներուն հետ պտտելու վարժուած էին, դարձեալ կը պտտէին: Պօղոս ալ Կորնթացիներուն համար կը պարծենայ, թէ հետ սպասաւոր կին մըն ալ պտտցնլեով ձեզի ծանրաբեռնութիւն չեմ տար, իսկ եթէ տամ ալ իրաւունքս է (Ա. Կր 9.5). մշակը արժանի է իր վարձքին, ինչպէս որ ըսած կինը յայտնի է, թէ կինը չէ, այլ՝ որբեւարի Աննա մարգարէուհիին պէս «Քրիստոսով քոյր եղող կին մը». պէտք է մտածել, քոյր եւ կին ինչքա՞ն տարբեր են: Պօղոս Քրիստոսով քոյր եղող կիներէ յաճախ ծառայութիւն ընդունած է (Հռ 16.1), իսկ Կորնթացիներուն ալ մասին ծանրաբեռնութիւն ըրած չէ: 

Աստուծոյ տան աղէկ վերակացու ըլլալ ուզողը ինք պէտք չէ տուն ունենայ, այս պատճառով Քրիստոսի եկեղեցին եկեղեցականները Քրիստոսով կապած է. եպիսկոպոսներն ու վարդապետները կոյս մնալու, քահանաներն ու սարկաւագները մէկ կնոջ այր ըլլալով եւ երկրորդ ամուսնութիւն չփնտռելով՝ քանի որ կապած է եկեղեցին, հետեւեաբար կապուած պիտի մնայ Քրիստոսով, ասոր համար ուրիշ ճար չկայ. «Ով որ կապէք կապուած ըլլայ»: Հարսը փեսային հետ պսակուած է, մարդ չի՛ կրնար բաժնել, եկեղեցին ալ Քրիստոսի հետ պսակուած է, մէկը չի՛ կրնար արձակել: 

Յ.Գ. Սիրելի ընթերցողներ, այստեղ այլեւս կը դադրեցնենք Խորէն քահանայ Քիզիրեան-Կիւրիւնցիի այս աշխատասիրութեան արդի աշխարհաբարի վերածումը: Անոնք, որոնք կը փափաքին ծանօթանալ աշխատասիրութեան շարունակութեան, կրնան շարունակել ընթերցումը Ազգային գրադարանի շտեմարաններու կայքին վրայ՝ առցանց, փնտռելով «Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն քրիստոնէական հաւատոյ» կամ նշելով Խորէն քահանայի անունը:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 33 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2026