ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԷՋ ՆՈՅՆԻՍԿ ՀԱԿԱՌԱԿ ԵՆՔ
«Հայ ժողովուրդը շինարա՛ր ժողովուրդ է», սուտը ո՞վ հրապարակ նետած է չենք գիտեր, սակայն, լաւապէս կը հաւատանք, որ շինելու կողքին քանդելու մեծ սէր ու մասնագիտութիւն ունեցող այս ազգը շինելէ աւելի քանդած ու կործանած է, այն տարբերութեամբ, որ ուրիշներ օտարինը քանդած են՝ իսկ ինք իր սեփականը: Հայ մտաւորականներ ինչքան ալ միութեան կոչեր ընելով իրենք զիրենք պատռած ըլլան, հայը այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր որոշած է այդ կոչը չլսել: Պարզապէս այդ հակառակութեան մակարդակն ու աստիճանը ցոյց տալու համար կ՚ուզենք տալ սփիւռքէն օրինակ մը, որ պատահած է 1962 թուականին։ Մեր թուականէն 64 տարիներ առաջ, Լիբանանի մէջ գործող միութիւն մը կ՚որոշէ ներկայացնել «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղան» ներկայացումը։ Այս մէկը լսելով՝ այլ հայկական միութիւն մը կ՚ուզէ «խաչաձեւել» եւ նոյն թուականին, նոյն օրը կ՚որոշէ ներկայացնել դարձեալ «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղան»։ Եւ այսպէս, Լիբանանի մէջ, նոյն օրը, երկու տարբեր սրահներու մէջ կը ներկայացուի «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղան»։ Ահաւասի՛կ, հայկական միասնութիւն մը… Պահ մը փորձենք ապուշ ձեւանալ ու հաւատալ, որ երկրորդ միութիւնը ներկայացման մշակութային արժէքը նկատի ունենալով է, որ նոյնը կը ներկայացնէ։ Այդ պարագային, ինչո՞ւ համար երկու միութիւնները իրենց ուժերը միացնելով շատ աւելի սքանչելի գործ մը չներկայացնէին հանրութեան։ Եթէ նպատակը իրապէս մշակոյթ զարգացնելն էր, ինչո՞ւ շատ աւելի միասնական բեմ չբարձրանալ։ Անշուշտ, այստեղ միութիւններուն չափ մեղաւոր է նաեւ հասարակութիւնը։ Հայ հասարակութեան համար մշակութային ներկայացումէն աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր է ներկայացնող կողմին ո՛վ ըլլալը։ Հաւանաբար, նո՛յն ներկայացումը նո՛յն մակարդակով ներկայացուի։ Այդ մէկը ո՛չ մէկ իմաստ ունի. յստակ է, որ «մեր»ը լաւ ու դրական, իսկ միւսներունը «վատ» ու «անորակ» պիտի որակուի՝ պարզ այն միտքին համար, որ մէկը «մեր»ն է, իսկ միւսը՝ ուրիշներունը։ Այդ ուրիշներն ալ հայեր են, արենակիցներ են, ազգակիցներ, սակայն, այդ բոլորը զանոնք մէկ ընելու բաւարար չեն. գաղափարական տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի, սակայն, այդ գաղափարական տարբերութիւնը հասկնալի կը նկատէինք, եթէ անոնք իրապէս գիտնային, թէ ի՛նչ գաղափարախօսութիւն ունի այն միութիւնը կամ կուսակցութիւնը, որուն հետեւորդն են:
Հին մամուլի մէջ մտաւորական մը Աստուած գիտէ արդէն քանիերրորդ անգամ կը բարձրաձայնէր. «Ե՞րբ պիտի գիտնանք միութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծել՝ գէթ մշակութային գետնի վրայ»… կարծես երբեք:
Ի դէպ, այս երեւոյթները յատուկ չեն 1962 թուականներուն։ Մեր ներկան՝ մա՛նաւանդ սփիւռքի մէջ մնացած է նոյնը։ Օրինակի համար, Թէքէեան մշակութային միութիւնը Լիբանանի մէջ երաժշտական համերգ կը կազմակերպէ. հրաւիրեալներու մէջ դժուար թէ մարդ միւս միութիւններուն կամ կուսակցութիւններուն պատկանող ներկայացուցիչներ տեսնէ, նոյնը կը պատահի, երբ հնչակեանները կամ դաշնակցականները կազմակերպեն։ Այդ հակառակութիւնը միայն մշակութային գետնի վրայ չէ, որ գոյութիւն ունի. մեր կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն մէջ կայ ժառանգական ատելութիւն մը, որ խելքը գլուխը հիմնական պատճառ մը չունի։ Այնպէս ինչպէս 1960-ականներուն կ՚ատէին զիրար՝ նոյն ձեւով այսօր ալ կ՚ատեն։ Գուցէ 1960-ական թուականներուն այդ ատելութիւնը ունենար պատճառ մը (թէեւ ի հարկէ, որեւէ պատճառ արդարացի պիտի չըլլայ): Այսօր ականատես կ՚ըլլամ որոշ կուսակցականներու, որոնք կ՚ատեն այս կամ այն կուսակցութեան հետեւողը. առա՛նց պատճառի, նոյնիսկ առանց ճանչնալու, առանց հասկնալու այդ անձին մտածումներն ու գաղափարները:
Այս բոլորին լուծում տալու համար պէտք է հիմնական մի քանի նրբութիւններ լաւապէս հասկնալ. հայկական մշակոյթը, ազգայինն ու աւանդականը շատ աւելի վեր ու բարձր է՝ քան մեր կուսակցութիւններն ու միութիւնները եւ անոնց անիմաստ կռիւները: Կուսակցական կռիւները չեն կրնար հայկական մշակոյթէն, հայկական աւանդութիւններէն ու արժէքներէն վեր ըլլալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ կուսակցական ըլլալէ առաջ հայ է եւ ապա կուսակցական: Մշակոյթը զարգացնելով, մշակութային ձեռնարկ մը կատարելով ճի՛շդ է կուսակցութեան անունը «կը փայլի», սակայն, այդտեղ հայ մշակոյթն է, որ կը փառաւորուի։ Մեր նպատակը մշակութային գործունէութիւններով կուսակցութիւնները փառաւորել չէ՛. չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ կուսակցութիւններուն գոյութեան նպատակը հայ մշակոյթը, ազգային արժէքները փառաւորել է։ Հայ մշակոյթը մի՛շտ անկում պիտի ապրի այնքան ժամանակ՝ ինչքան կը շարունակենք մեր անիմաստ ու ճղճիմ կռիւները։ Շատեր կը փորձեն համոզել, որ այդ «ատելութիւն»ը այսօր գոյութիւն չունի, անցեալին կը պատկանի, սակայն, վստահ ենք, թէ ինչպիսի ուրախութիւն կը պատճառէ անոնցմէ մէկուն պարտութիւնն ու անյաջողութիւնը։ Եթէ կուսակցութիւնները իրենց գոյութեամբ իրարու գոյութիւնը չեն ամրապնդեր, եթէ իրենց գոյութեամբ հայ մշակոյթը զարգացնելու միասնական ճիգեր ի գործ չեն դներ, ապա անոնց առաքելութիւնը ի սկզբանէ ձախողած է: Մենք կը յաջողինք միայն այն ժամանակ, երբ հասկնանք, որ ո՛չ թէ իրարու դէմ, այլ իրարու հետ ըլլալով օտար ազդեցութիւններու դէմ պէտք է պայքարինք… այլապէս վախճանը յստակ կորուստ մըն է:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Լաւ
տնօրէնը ա՛ն է, որուն ներկայութիւնը չի ճնշեր, չի տեսնուիր, չի զգացուիր: Գործերը այնպէս մը գիտէ կազմակերպել, որ առանց իրեն ալ կարծես վարժարանը կը քալէ: Գոնէ այդ տպաւորութիւնը կը ստացուի:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան