ՇՀԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ. ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) Պիշքէքի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս երէկ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս առթիւ Փութին նշեց, որ Թուրքիա Ռուսաստանի առանձնայատուկ արտասահմանեան գործընկերներէն մին է։
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նշեց, որ Թուրքիա պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ հակամարտութիւնները երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցաւ կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ Անգարա ամբողջ աշխարհէ ներս խաղաղութեան հաստատման նպատակով կ՚աշխատի։
ՇՀԿ-ի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ըստ մեկնաբաններու՝ ՇՀԿ Հայաստանի տեսատէտէ նպաստաւոր հարթակ մըն է՝ այլ երկիրներու հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար։
Պիշքէք հրաւիրուած էր նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես։ Գագաթաժողովի ընթացքին ան յայտարարեց, որ համաշխարհային կազմակերպութիւնը չափազանց բարձր կը գնահատէ ՇՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը։
Հարկ է նշել, որ ՇՀԿ-ի գագաթաժողովի աւարտին ստորագրուեցաւ Պիշքէքի հռչակագիրը։ Բաց աստի, մասնակից երկիրներու ղեկավարները ստորագրեցին 27 այլ փաստաթուղթեր։
