ՎԵՐՋՆԱԳՐԱՅԻՆ ՈՃՈՎ

Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրները պատճառ կը դառնան լարուածութեան հետզհետէ բարձրացման։ Աւելին, այդ լարուածութիւնը հետզհետէ ուշագրաւ եւ մտահոգիչ դրսեւորումներ կ՚ունենայ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կազմակերպուած շփումներու ընթացքին։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի առաջին դէմքերը արդէն հրապարակաւ սկսած են վերջնագրային ոճով խօսիլ իրարու հետ։

Երէկ, Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ վերջին շրջանին այնքան սպասուած հանդիպումը։ Անոնք Պիշքէք մեկնած էին՝ մասնակցելու համար Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ Հանդիպումէն վերջ յայտարարուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան մօտաւոր ապագային պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր եւս պիտի շարունակուին քննարկումները։ Յամենայնդէպս, Փաշինեան-Փութին երէկուան հանդիպումով հրապարակայնօրէն արձանագրուեցաւ, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ անխուսափելի ճամբաբաժանի մը հասցնել կողմերը։

Փաշինեանի եւ Փութինի հանդիպման սկիզբի հրապարակային բաժնին արդէն իսկ ջուրի երես ելան հիմնական տարակարծութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան մտադրութեան եւ այդ մէկուն Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) հետ անհամատեղելիութեան։ Երկու ղեկավարները նոյնիսկ դիւանագիտական ընդունուած սահմաններէն դուրս գալով արտայայտեցին իրենց հակադիր կեցուածքը, ինչ որ հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Փութին այս ուղղութեամբ յստակ տեսակէտներ արտայայտեց՝ շեշտելով, որ Հայաստան չի կրնար նոյնաժամանակ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի անդամակցիլ։ Փաշինեանի համոզման ջանքերը բաւարար չեղան այդ մօտեցումը մեղմացնելու համար։

«ԵՄ-ի անդամակցելու Հայաստանի յայտարարուած մտադրութեան հետ կապուած հարցերուն բազմիցս անդրադարձած ենք թէ՛ հեռախօսազրոյցներու եւ թէ անձնական հանդիպումներու ընթացքին։ Դուք լաւ գիտէք Ռուսաստանի դիրքորոշումը։ Հայաստանի՝ ԵՄ-ին ձգտիլը երկրի եւ ժողովուրդի բնական, օրինական իրաւունքն է։ Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն մըն է եւ հայ ժողովուրդը պիտի որոշէ իր զարգացման ուղղութիւնը։ Սակայն, սա, անշուշտ, դժուարութիւններ կը ստեղծէ ԵԱՏՄ-ի մէջ գտնուելու հարցին մէջ եւ կը սպառնայ զերոյացնել Հայաստանի առաւելութիւնները ԵԱՏՄ-ի շուկայէն ներս եւ խզել ձեւաւորուած առեւտրային շղթաները», ըսաւ Փութին։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ Հայաստան ժամ առաջ պէտք է կատարէ՝ աւելի առաջ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յայտարարուած հանրաքուէն, որպէսզի վերջնական կողմնորոշում մը ըլլայ Եւրոմիութեան կամ ԵԱՏՄ-ի միջեւ։ Փութին Փաշինեանին յիշեցուց աւելի առաջ հրապարակայնօրէն հանրաքուէի մասին խօսած ըլլալը եւ իր կողմէ այդ մօտեցման ցուցաբերուած աջակցութիւնը։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան առաջին հերթին հաստատեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելով եւ խորացնելով։ «Պարզապէս պէտք է նաեւ արձանագրել, որ վերջին տարիներու ընթացքին մեր ամբողջ տարածաշրջանէն ներս Հայաստանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը փոխուած է եւ մենք համոզուած ենք, պէտք է իրավիճակին նայիլ այս իսկ տեսանկիւնէն։ Արդարեւ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները հակամարտային իրավիճակի մէջ այլ իմաստ ունէին, իսկ այժմ, երբ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատուած է, մենք համոզուած ենք, թէ անհրաժեշտ է իրավիճակին արդէն թարմ հայեացքով նայիլ։ Եւ կը կարծեմ, թէ սա պիտի նպաստէ մեր յարաբերութիւններու զարգացման, մենք նկատի ունինք մեր յարաբերութիւններու խորացումն ու զարգացումը եւ սա շատ կարեւոր է», ըսաւ վարչապետը։

Բաց աստի, Փաշինեան Փութինի նկատառման յանձնեց, որ Հայաստան կ՚առաջնորդուի միշտ այլընտրանքներ ունենալու ուղիով եւ սա արդէն օրինական իրաւունք մըն է։ Ըստ Փաշինեանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հեռանկարին վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի կողմէ օրէնքը այս պահու դրութեամբ հանրաքուէի անհրաժեշտութիւնը դադրեցուցած է։ Փաշինեանի խօսքով՝ պատճառը այն է, որ Հայաստան կը մնայ ԵԱՏՄ-ի մէջ եւ տակաւին անոր այլընտրանքը չէ ձեւաւորուած, որպէսզի այդպիսի հանրաքուէ մը կազմակերպուի։ Ուստի, երբ այդ այլընտրանքը գոյանայ, ապա այդ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ։

Յամենայնդէպս, Փութին նշեց, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մտադրութեան վերաբերեալ օրէնք ընդունիլ կը նշանակէ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալ։ Ռուս ղեկավարը միշտ յիշեցուց Փաշինեանի կողմէ աւելի առաջ կատարուած յայտարարութիւնները եւ յամառօրէն պահանջեց, որ Հայաստան ժամ առաջ պէտք է հանրաքուէ կազմակերպէ՝ կողմնորոշուելու համար ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ, որպէսզի ԵԱՏՄ-ի երկիրներն ալ կարողանան համապատասխան ձեւով դիրքաւորուիլ։ 

Հարկ է նշել, որ Պիշքէքի մէջ Փութին յաճախ զրուցեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս վերջինը յայտարարեց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան կ՚աշխատին փոխադարձ առեւտուրի ծաւալները աւելցնելու եւ նոր փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։

Փաշինեան-Փութին հանդիպումը, ըստ էութեան, իսկապէս զգայացունց էր։ Հայաստանի վարչապետին հետ տեսակցութեան աւարտին, Ռուսաստանի նախագահը յայտարարութիւններ ալ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Փութին մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Ռուսաստանի ռազմակայանին, որ կը գտնուի Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ։ «Ռուսաստան վաղն ալ կրնայ հեռանալ եւ կրնայ իր ռազմախարիսխը Կիւմրիէն դուրս բերել, եթէ Հայաստան համոզուած է, թէ այդ ռազմախարիսխը իրեն պէտք չէ։ Եթէ հայ ժողովուրդը կը փափաքի, որ այնտեղ ըլլայ ռուսական ռազմախարիսխ մը, զէնք, ապա մենք կը մնանք, կ՚աշխատինք ու կը համագործակցինք։ Իսկ եթէ Հայաստան համոզուած է, թէ ռուսական ռազմախարիսխը իրեն պէտք չէ, մենք կը հեռանանք նոյնիսկ վաղը։ Բայց Հայաստան պատրա՞ստ է այս բանին։ Խնդրեմ։ Մենք ոչինչ կը պարտադրենք ոչ ոքի», ըսաւ Փութին։

Փութին լրագրողներուն դիտել տուաւ, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրները ծագում առած են Արցախի պատերազմին հետեւանքով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2026