ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան արդէն քաղաքիս մէջ է։ Իրեն կ՚ընկերանայ թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան։ 

Շաբաթավերջին նախատեսուած է դէպի Վան ուխտագնացութիւնը, որ այս տարի եւս կը կազմակերպուի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ։ Կը նախատեսուի, որ ուրբաթ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ուղեւորուի դէպի Վան։ Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Վերջին տարիներուն հետզհետէ կ՚աճի տարեկան այս արարողութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։ Թանգարան-կաճառէն ներս մատուցուած սուրբ պատարագներու նախընթացը արդէն ամրօրէն ձեւաւորուած է եւ աւանդութեան վերածուելու ճանապարհին է։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Խաչ երբեմնի եկեղեցին հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն մին է՝ այս արարողութիւնները ունին թէ՛ ուխտագնացութեան եւ թէ պատմամշակութային ժառանգութեան հաղորդ դառնալու բնոյթը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, այս տարուան Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Վան։ Հայաստանէն եւ սփիւռքի այլ կեդրոններէն ալ ուխտաւորներ պիտի մասնակցին արարողութեան։ Յամենայնդէպս, Արեւելեան թեմի պարագան բացառիկ է, որովհետեւ թեմակալ առաջնորդն իսկ պիտի պատարագէ Վանի մէջ։ 

Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան թեմի ուխտաւորներու խումբէն աւելի կանուխ հասած է Թուրքիա։ Վան մեկնելէ առաջ, անշուշտ, իր առաջին կանգառը կ՚ըլլայ Պոլիսը։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանն ու իրեն ընկերակից Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Գնալըի բարձունքին մէկտեղուեցաւ հիւրերուն հետ, որոնց նկատմամբ բացառիկ ջերմ, եղբայրական մօտեցում ցուցաբերեց։

Օրուան տեւողութեան Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան եւ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան շրջագայութիւն մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ՝ ծանօթանալով քաղաքի պատմամշակութային արժէքներուն, նաեւ հոգեւոր կոթողներուն։ Այս ամբողջին մէջ անոնք, բնականաբար, հայ Պոլիսը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին։ Նորին Սրբազնութիւնը եւ տէր հայրը այցելեցին Շիշլիի եւ Սկիւտարի գերեզմանատուները։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի հոգեւոր ծնողն է երջանկայիշատակ Տ. Շահան արք. Սվաճեան՝ Նորին Սրբազնութիւնը Իսթանպուլի մէջ ներկայութեան առիթը ծառայեցուց անոր նկատմամբ երախտագիտութիւնը արտայայտելու նպատակին։ Շիշլիի գերեզմանատունէն ներս, Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան աղօթք արտասանեց հոգելոյս սրբազանի շիրմին մօտ։

Այս բոլորէն վերջ, Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան անցաւ Գնալը կղզի, ուր Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ զրոյց մը ունեցաւ Նիւ Եորքէն ժամանած հիւր հոգեւորականներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցիէն հայր Ճոն Ուիլի, որ Պատրիարքարանի կողմէ կը հիւրընկալուի ամրան շրջանին։ Ի յիշատակ այս զրոյցին հիւր սրբազանը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Պատրիարքարանի ամարանոցի այս զրոյցէն վերջ, բոլորը միասնաբար անցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որու համալիրէն ներս ընթրիք մը կազմակերպուած էր՝ հովանաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ի պատիւ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանին։ Գնալըի բարձունքին իսկապէս շատ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եւ անմիջական զրոյցի ընթացքին զգալի դարձաւ բոլորի բարձր տրամադրութիւնը։ Կղզեաց թաղային խորհուրդին եւ Ներսէսեան դպրաց դասու համատեղ ջանքերով կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը։ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս դարաւանդին վրայ սարքուած ընթրիքի սեղանին շուրջ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանին բարի գալուստ մաղթեց Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան։ Ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որով յաջողեցաւ բոլորին հետ անմիջական հաղորդակցութիւն ապահովել։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ դիւրահաղորդ բնաւորութիւն մը ունի, առաջին իսկ պահէն գրաւեց բոլորին սիրտը։ Ընթրիքի սեղանի շուրջ ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Երեկոյթի աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ հուսկ բանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը հերթական անգամ հիւրերը ողջունեց ջերմօրէն։ Ան դրուատեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Նորին Ամենապատուութինը յիշեցուց, որ անցեալ տարուան իր ուղեւորութեան ընթացքին ականատես դարձած էր Նորին Սրբազնութեան կողմէ տարուած բեղուն աշխատանքի արդիւնքին։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց նաեւ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեանը, որ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասու սիւներէն է եւ վերջին տարիներուն իր անփոխարինելի ներդրումը կը բերէ Ներսէսեան ընծայարանի գործունէութեան։

Երեկոյթի բոլոր մասնակիցները հրաժեշտի փուլին փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։ Ընթրիքի մասնակիցները բարի կեցութիւն մաղթեցին Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանին, որ այս կիրակի պիտի պատարագէ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ՝ երբեմնի եկեղեցի, այժմու թանգարանի սրբազան կամարներուն ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2026