ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄ
2026-2027 կրթական շրջանի վերամուտը արդէն հասած է։ Երէկ, Հայաստանի մէջ դպրոցները վերաբացուեցան եւ 1 Սեպտեմբերի՝ գիտելիքի օրուան առթիւ տեղի ունեցան աւանդական ձեռնարկներ։ Աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ ալ արդէն դպրոցներու դռները կը վերաբացուին։ Ոմանց պարագային տղաքը արդէն սկսած են յաճախել դպրոց, իսկ ոմանց պարագային ալ արդէն վերամուտի տրամադրութիւնը զգալի է։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2026-2027 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։
*
Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուայ առթիւ կը շնորհաւորենք կրթօճախներու սաներն ու մանկավարժները, կրթութեան բոլոր մշակները եւ Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք բոլորին։
Կրթութիւնը կը լուսաւորէ մարդկային միտքն ու հոգին, կը կերտէ ու կը ձեւաւորէ անձը՝ արդի ժամանակներուն եւ պահանջներուն համահունչ գիտելիքներով ծառայութիւն բերելու կեանքի յառաջընթացին ու բարօրութեան։ Կրթութիւնը անհատի առջեւ կը բանայ աստուածաճանաչումի ճանապարհը, միեւնոյն ժամանակ, ազգային ու հոգեւոր անանց արժէքներով կը սնէ ազգի արժանաւոր զաւակները, կը դաստիարակէ գիտակից ու պատասխանատու քաղաքացիներ։
Կը մաղթենք ուժ ու կորով կրթութեան գործի բոլոր նուիրեալներուն՝ իրենց պատասխանատու եւ գովարժան առաքելութեամբ սաներու սրտերէն ներս ամրապնդելու ուսման հանդէպ նախանձախնդրութիւնը, զօրացնելու անոնց ազգասէր եւ հայրենանուէր ոգին։
Ձեզ, սիրելի աշակերտներ եւ ուսանողներ, կը մաղթենք եռանդ ու ջանասիրութիւն, որպէսզի գիտելիքի բարի արդիւնքներով ազնիւ նպաստ բերէք մեր երկրին ու ժողովուրդին եւ ուրախութիւն պատճառէք ձեր ընտանիքներուն։
«Իմաստութիւնը հաճելի պիտի ըլլայ քո ականջին, սիրտդ հաճոյք պիտի գտնէ գիտութեան մէջ», կը խրատէ Սուրբ Գիրքը (Առակներ 2.2)։
Թող Աստուած իր Սուրբ Աջի ամենախնամ հովանիի ներքեւ խաղաղութեան մէջ պահպանէ մեր հայրենիքը եւ առատապէս օրհնէ ու զօրացեալ պահէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը այսօր եւ միշտ. ամէն։