ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
«Գրականութիւն» եւ «գիտութիւն» բառերը արաբերէն լեզուին մէջ անցած են զարգացման զանազան հանգրուաններէ։ «Գրականութիւն» բառը երբեմն գործածած են այն իմաստով, որ կը բարձրացնէ բարքը եւ կը դաստիարակէ հոգին։ Ապա զայն գործածած են աւելի ընդարձակ իմաստով, այն աստիճան, որ Ճարիրի, Ֆարազտակի եւ Ախթալի նոյնիսկ ամենէն անպատկառ բանաստեղծութիւնները գրականութիւն համարած են։ Նոյնպէս գրականութիւն համարած են Ապու Նաուասի գինարբուքներու եւ պատանիներու մասին բանաստեղծութիւնները, ինչպէս արուեստագէտը որոշ նկարներ արուեստ կը համարէ, նոյնիսկ եթէ անոնք անարգ տեսարանի մը կամ անպատշաճ արարքի մը պատկերումը ըլլայ։
Նոյնը եղած է նաեւ «գիտութիւն» բառի պարագային։ Երբեմն զայն գործածած են միայն կրօնական գիտութեան իմաստով, ապա ընդլայնած են անոր նշանակութիւնը, մինչեւ որ ան ներառած է այն ամէնը, ինչ որ միտքն ու արուեստը կ՚արտադրեն։
Նոր ժամանակներուն տարբերութիւն դրուած է գրականութեան եւ գիտութեան միջեւ: Իւրաքանչիւրին համար առանձին ոլորտ մը սահմանուած է։ Այս պատճառով ալ թերթը կամ ամսագիրը երբեմն գրական կ՚ըլլայ, երբեմն՝ գիտական, երբեմն ալ՝ գրական-գիտական։ Այլեւս ծիծաղելի կը թուէր ըսել «գրականութեան գիտութիւն», որովհետեւ գիտութիւնը գրականութենէն տարբեր է։ Մեզի համար գոյութիւն ունեցաւ «գրագէտ» կոչուող մարդը, որ գիտնական չէ, նաեւ գիտնականը, որ գրագէտ չէ։ Կարելի է, անշուշտ, որ մէկը թէ՛ գրագէտ, թէ՛ գիտնական ըլլայ, բայց Ազհարի «գիտնական» կոչումը ծագած է «գիտութիւն» բառէն՝ անոր ընդարձակ իմաստով, որ իր մէջ կը ներառէ թէ՛ գրականութիւնը եւ թէ գիտութիւնը։
Ուրեմն՝ ի՞նչ է տարբերութիւնը գիտութեան եւ գրականութեան միջեւ, եւ ի՞նչն է գրականութիւնը գրականութիւն դարձնողը, իսկ գիտութիւնը՝ գիտութիւն։
Ճշմարտութիւնն այն է, որ «գրականութիւն» եւ «գիտութիւն» բառերը այնպիսի անորոշ հասկացութիւններ են, զորս որոշ չափով կը հասկնանք, բայց երբ կ՚ուզենք ճշդել անոնց սահմանները, կը շփոթինք։ Նոյնը կը պատահի գեղեցկութեան, արդարութեան, երեւակայութեան, ազատութեան եւ ստրկութեան նման հասկացութիւններուն հետ։ Եթէ նոյնիսկ մասնագէտներուն հարցնենք անոնց իմաստը, իւրաքանչիւրը կը պատասխանէ՝ համաձայն իր հակումներուն, նպատակներուն եւ բառը հասկնալու իր եղանակին։ Կան, սակայն, բաներ, որոնց մասին չենք կասկածիր, թէ գիտութիւն են կամ գրականութիւն։ Եթէ քեզի հարցնեն երկրաչափութեան տեսութիւններուն, լոկարիթմներու օրէնքին, հաշուարկի, բնագիտութեան եւ տարրաբանութեան օրէնքներու մասին, ասոնք բացարձակապէս գիտութիւն են։ Իսկ եթէ քեզի հարցնեն Պաշշարի, Ապու Նաուասի եւ Մութանապպիի բանաստեղծութիւններուն կամ Հարիրիի «Մաքամաթ»ներուն մասին, ասոնք գրականութիւն են եւ ո՛չ թէ գիտութիւն։ Բայց ո՞ւր կը վերջանայ գրականութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի գիտութիւնը։
Բնութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ հակադրութիւնները այնքան աւելի դիւրին կը հասկցուին, որքան անոնք իրարմէ հեռու են։ Երբ անոնց սահմանները իրարու կը մօտենան՝ կը դժուարանայ զանազանելը։ Որքա՜ն դիւրին է ըսել՝ «ասիկա ստուեր է, իսկ անիկա՝ արեւ»։ Բայց երբ ստուերը արեւուն կը մօտենայ, կը գտնես սահմաններ, որոնց պարագային դժուար է ըսել՝ ստուե՞ր է, թէ արեւ։ Նոյնպէս որքա՜ն դիւրին է ըսել, թէ ջուրը տաք է կամ պաղ, երբ անոր տաքութիւնն ու պաղութիւնը ծայրայեղ են։ Բայց որքան դժուար կը դառնայ այդ դատողութիւնը, երբ տաք ջուրը կը պաղի, իսկ պաղը՝ կը տաքնայ, որովհետեւ անպայման կը հասնիս այն աստիճանին, ուր դժուար կ՚ըլլայ որոշել՝ տա՞ք է, թէ պաղ։
Գրականութեան եւ գիտութեան տարբերութեան ամենամեծ արտայայտութիւնն այն է, որ գրականութիւնը կը խօսի զգացմունքին, իսկ գիտութիւնը՝ բանականութեան։ Երբ կ՚ըսես. «Եռանկիւնի մը անկիւններու գումարը երկու ուղիղ անկիւններու հաւասար է», բանականութեան կը դիմես եւ զգացմունքին չես դպչիր։ Իսկ երբ Մութանապպին կ՚ըսէ. «Ես ընտելութեան սիրահար ստեղծուած եմ. եթէ դէպի երիտասարդութիւն վերադառնայի, ծերութիւնս պիտի լքէի՝ սիրտս ցաւով ու արցունքներով լեցուած»։ Ան նախ եւ առաջ զգացմունքին կը դպչի։ Այս պատճառով առաջին նախադասութիւնը գիտութիւն է, իսկ Մութանապպիի այս տունը՝ գրականութիւն։
Գիտնականը կը դիտէ իրերը, կը բացայայտէ անոնց երեւոյթները, օրէնքները, իրենց նմաններուն հետ ունեցած յարաբերութիւնները եւ այն ամէնը, որ կը շրջապատէ զանոնք։ Մինչդեռ գրագէտը անոնց կը նայի միայն այն տեսանկիւնէն, թէ անոնք ի՛նչ ազդեցութիւն կը գործեն իր եւ մարդոց զգացումներուն վրայ։ Բուսաբանը վարդի ծառին կը նայի եւ կ՚ուսումնասիրէ անոր իւրաքանչիւր մասը, այն փոփոխութիւնները, որոնց կ՚ենթարկուի ան՝ սերմանումէն մինչեւ իր ոչնչացումը, թէ ո՛ր ընտանիքին կը պատկանի եւ ի՛նչ կապ ունի իրեն մօտ եղող ընտանիքներուն հետ։ Իսկ գրագէտը ծառին մասերը կը դիտէ ներդաշնակ ու համաչափ եւ կը տեսնէ, թէ անոնք կարծես ստեղծուած են միայն իր գեղեցիկ ծաղիկին համար։ Ան ծաղիկին եւ իր սիրտին միջեւ հարազատութիւն մը կը զգայ, կը հիանայ կանաչ տերեւներով, անոնց կարմիր գոյնով եւ իր երեւակայութիւնը այդ ամէնուն շուրջ կը թեւածէ՝ ուր որ ուզէ։ Մինչդեռ բուսաբանը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ ծաղիկը կարմիր է, իսկ տերեւները՝ կանաչ։
Կեանքի գիտութեան մասնագէտը սիրուած աղջկան մէջ կը տեսնէ միայն կենսաբանութեան բոլոր հետազօտութիւններուն ենթակայ մարդ մը։ Իսկ գրագէտը իր սիրածին մէջ կը տեսնէ բան մը, որ կը գտնուի գիտնականին բոլոր ուսումնասիրութիւններէն անդին։ Անոր սիրելին իր համար կեանքն է, աշխարհն է, երջանկութիւնն է՝ երբ իրեն կը հասնի, իսկ դժբախտութիւնն է՝ երբ իրմէ երես կը դարձնէ։ Կամ կ՚ըսէ բանաստեղծին հետ. «Վա՜յ ինձ, երբ կը նայի եւ երբ երես կը դարձնէ. նետերու հարուածն ու զանոնք հանելը ցաւալի են»։
Եթէ խօսքը զգացմունք մը չյուզէ, գրականութիւն չէ։ Եթէ միայն բանականութեան դիմէ, գիտութիւն է։ Իսկ որքան աւելի խոր կերպով զգացմունքը կը շարժէ, այնքան աւելի գրական է։ Զգացմունքի կապն է գրականութեան հետ, որ գրականութեան՝ եւ ո՛չ թէ գիտութեան, տուած է յաւերժութիւն։ Գրական ստեղծագործութիւնը յաւերժական է, իսկ գիտական ստեղծագործութիւնը՝ ո՛չ։ Իմրու ալ-Քայսի, Նապիղայի, Ճարիրի, Ֆարազտակի, Պաշշարի, Ապու Նաուասի եւ Մութանապպիի բոլոր բանաստեղծութիւնները յաւերժացած են։ Զանոնք կը կարդաս ու կը վայելես այնպէս՝ ինչպէս իրենց ժամանակակիցները կը վայելէին։ Եթէ անոնցմէ որեւէ բանի կարիքը ունենաս, ատիկա միայն մութ բառերուն եւ իմաստներուն բացատրութիւնն է։ Բայց անոնց զգացումները դուն տակաւին կը զգաս եւ անոնց ուրախութեամբ կ՚ուրախանաս։ Տակաւին, գրական կտորը կարդալով չես ձանձրանար։ Կը կարդաս զայն, դարձեալ կը կարդաս եւ երկրորդ անգամ կը զգաս նոյն ուրախութիւնը, ինչ որ առաջին անգամ։ Կը սիրես անոր ընթերցումն ու կրկնութիւնը։ Գիտութեան պարագային այդպէս չէ։
Գիտական ճշմարտութիւնները յաւերժական են, բայց գիտական ստեղծագործութիւնները՝ ոչ։ Էվկլիդէսի գիրքին մէջ եղած երկրաչափական տեսութիւնները յաւերժական են, բայց գիրքը այսօր կը կարդացուի միայն անոնց կողմէ, որոնք կ՚ուզեն վերադառնալ երկրաչափութեան պատմութեան։ Երկրաչափութեան իւրաքանչիւր գիրք տարիներու ընթացքին կը հիննայ եւ այլեւս արժէք չի մնար անոր մէջ, բացի պատմական արժէքէն՝ որքան ալ նոր տեսութիւններ եւ նոր դասաւորութիւններ պարունակէ։ Նոյնն է պարագան հաշուարկի, հանրահաշուի, բնագիտութեան, տարրաբանութեան եւ աստղագիտութեան, որոնց գիրքերը յաւերժական չեն, թէեւ անոնց մէջ պարունակուած ճշմարտութիւնները յաւերժական են։ Աւելի՛ն, այս գիրքերուն երկրորդ հրատարակութիւնը առաջինը դատապարտած կ՚ըլլայ հնացման, եթէ անոր մէջ փոփոխութիւններ կատարուած են։ Այսօր գիտութեան ուսանողը յիսուն տարի առաջ գրուած գիրքին չի՛ վերադառնար, եթէ գիտութեան պատմութիւնը ուսումնասիրելու նպատակ չունի։ Սակայն, գրականութեան ուսանողը կը վերադառնայ Մութանապպիի բանաստեղծութիւններուն՝ անոր գրականութիւնը ճաշակելու եւ անոր զգացումները վայելելու համար, ինչպէս մարդիկ ըրած են հազար տարի առաջ։ Ես անոր բանաստեղծութիւններէն մի քանին գոց սորված եմ եւ տակաւին հաճոյքով կը կրկնեմ զանոնք։ Բայց եթէ երկրաչափութեան գիրք մը կարդաս եւ հասկնաս անոր մէջ եղածը, անմիջապէս չես կրնար զայն կրկին կարդալ՝ առանց դժկամութեան։ Պատճառը, ըստ երեւոյթին այն է, որ մարդուն զգացմունքները չեն զարգացած այնպէս, ինչպէս զարգացած է անոր բանականութիւնը։ Զգացմունքը կրնայ ձեւով մը զարգանալ։ Օրինակ՝ այսօր այլեւս բարեգործութիւն չենք համարեր աղքատին դրամ մը տալը, այլ աւելի լաւ կը նկատենք հիւանդանոց մը կառուցելը, ապաստանարան մը հիմնելը եւ նման բաներ։ Բայց զգացմունքը իր էութեան մէջ նոյնն է։
Ծնողի գուրգուրանքի զգացումն ալ կրնայ զարգանալ։ Ծնողը կրնայ այլեւս արգելք չտեսնել իր զաւակները կեանքի պայքարին մղելու եւ զանոնք աշխարհի զանազան կողմերը ուղարկելու մէջ։ Բայց այդ զգացմունքը իր էութեան մէջ նոյնն է։
Իսկ բանականութիւնը միշտ յառաջընթացի մէջ է, միշտ կը զարգանայ՝ թէ՛ ձեւով եւ թէ էութեամբ։ Ան այսօր օրինական կը համարէ այն՝ ինչ որ երէկ անօրինական էր, այսօր ճշմարիտ կը տեսնէ այն՝ ինչ որ անցեալին սխալ կը նկատուէր, ամէն օր նոր բան մը կը յայտնաբերէ եւ իր կեանքը նորին համաձայն կը ձեւաւորէ։ Այս պատճառով ան հաճոյքով չի՛ կարդար նախորդներուն մտածումները, այլ զանոնք կը կարդայ իրենց պատմութեան պէս։ Սակայն, անոնց զգացումները նոյնն են, հաստատուն եւ անփոփոխ։ Ուստի, այսօր ալ հաճոյքով կը զգայ այն՝ ինչ որ արտայայտած են հիները, նոյնիսկ երբ դարեր անցած եւ սերունդներ իրարու յաջորդած են։
Սակայն, գրականութեան եւ գիտութեան բաժանումը այսքան դիւրին չէ։ Կան տեսակներ, որոնց պարագային նոյնիսկ մասնագէտներուն համար դժուար է որոշել՝ գրականութի՞ւն են, թէ գիտութիւն։ Կայ «ուսուցանող գրականութիւն» եւ կայ «գրականացնող գիտութիւն»։ Կայ պատմութիւն, որ գրական ձեւով շարադրուած է։ Ան չի՛ բաւարարուիր միայն փաստերը պատմելով եւ անոնց պատճառները մատնանշելով, այլ զանոնք կը դնէ այնպիսի ձեւի մը մէջ, որ քու զգացմունքդ կը շարժէ՝ ընդօրինակելու եւ օրինակ վերցնելու, սիրելու կամ ատելու համար։
Կայ նաեւ փիլիսոփայութիւն, որ պատմուածքի ձեւով շարադրուած է։ Կայ բնագիտութիւն եւ քիմիագիտութիւն, զորս արուեստին տիրապետող հմուտ ձեռքեր գրագէտի գրիչով շարադրած են եւ անոնցմէ ստեղծած են հետաքրքրական նիւթեր, որոնք գեղեցկութեան զգացումը կը շարժեն եւ հիացմունք կը պատճառեն այս աշխարհի ստեղծագործութեան ու արուեստին հանդէպ։ Այս նիւթերը ո՛չ մաքուր գրականութիւն են եւ ո՛չ ալ մաքուր գիտութիւն, այլ՝ գրական գիտութիւն կամ գիտական գրականութիւն են։ Անոնք այնքանով գրականութիւն են, որքանով զգացմունք կը յարուցանեն, եւ այնքանով գիտութիւն են, որքանով իրենց մէջ փաստեր ու ճշմարտութիւններ կը պարունակեն։ Գիտութիւնը բանականութեան լեզուն է, իսկ գրականութիւնը՝ զգացմունքի լեզուն։ Բայց այս կեանքին մէջ անհրաժեշտ է, որ գիտութիւնը գրականութեամբ մեղմանայ, իսկ գրականութիւնը՝ գիտութեամբ։
Երբ բանականութիւնը սանձարձակ կը դառնայ, զգացմունքը կը նսեմացնէ եւ կեանքը գիտութեան գին կը դարձնէ։ Բայց երբ անոր քիչ մը գրականութիւն կը խառնուի, կեանքին կը դպչի եւ մարդոց կեանքը կը թեթեւցնէ։ Իսկ երբ զգացմունքը մոլորի, ան կը վերածուի պոռթկումի եւ խռովութեան։ Չե՞ս տեսներ, թէ զարմանքը երբ կը չափազանցուի, կը վերածուի հաչոցի, իսկ սէրը՝ երբ կը մոլեգնի, կը դառնայ խելագարութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ