ՆԵՐՈՒԺԻՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Այս առաւօտ, Երեւանի մէջ սկսաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարարներու հաւաք մը։ Երկօրեայ այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, երկու երկիրներու գործարար շրջանակները համախմբուած են հերթական անգամ։ Երեւանի հաւաքը կազմակերպուած է Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան կողմէ, Եւրոպական Միութեան գանձատրմամբ կեանքի կոչուած «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման. միջսահմանային կապերու ամրապնդում» ծրագրի շրջանակներէն ներս։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ այս համաժողովի նպատակն է հերթական անգամ համախմբել երկու երկիրներու գործարար ու պետական կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ քննարկելու համար տնտեսական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, բացայայտելու համագործակցութեան նոր ուղղութիւններն ու ձեւաչափերը, ինչպէս նաեւ խթանելու նոր գործարար կապերու եւ գործընկերութիւններու ձեւաւորումը։
Երեւանի «Holiday Inn» պանդոկին մէջ սկսած է այս հաւաքը, որ նախատեսուած է գործարար ֆորումի մը ձեւաչափին մէջ։ Քննարկումներու ընթացքին կը նախատեսուին ընդհանուր արժեւորումներ եւ հանդիպումներ՝ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան ներուժի, գործարար կապերու զարգացման եւ միջսահմանային համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ։
Երկօրեայ աշխատանքի ընթացքին մասնաւորապէս պիտի ներկայացուին Թուրքիա-Հայաստան փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու հնարաւորութիւններուն եւ առկայ խոչընդոտներուն վերաբերեալ հետազօտութեան արդիւնքները։ Առանձին փանէլ մը նախատեսուած է Թուրքիա-Հայաստան տնտեսական համագործակցութեան յաջորդ քայլերու իրականացման նիւթին շուրջ։ Երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումներ ալ ծրագրուած են՝ մասնաւորապէս տեղեկատուութեան թեքնոբանութիւններու եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Թուրքիա-Հայաստան այս գործարար համաժողովը պիտի շարունակուի նաեւ վաղը, երբ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս պիտի սկսի «Armenia Expo 2026»ը։
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Հայաստանի Կիւմրի քաղաքէն ներս կազմակերպուած դեսպանահաւաքի մասնակիցներն ալ այցելած էին Թուրքիոյ սահմանի «Ախուրիկ» անցակէտը, որուն ածանցուած է Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի «Ախուրեան» կայարանը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտները այս փուլին անդրադարձան երկաթուղիի վերականգնման եւ շահագործման կարեւորութեան եւ արժեւորեցին այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներու ընթացքը։ Դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն հետ Ախուրիկ այցելեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։