Ի՞ՆՉ Է ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդիկ յաճախ արդարութեան մասին կը խօսին, արդարութեան մասին կը գրեն, արդարութեան մասին կը քարոզեն ու կը ճառախօսեն, բայց քիչերն են, որոնք կը փորձեն իսկապէս հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ի՞նչ է արդարութիւնը: Մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, երբ այս բառը դարձած է ամենէն շատ գործածուող հասկացողութիւններէն մէկը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ՝ ամենէն աւելի աղաւաղուած հասկացողութիւններէն մին է։ Արդարութեան անունը կը տրուի տարբեր երեւոյթներու, զայն կը պահանջեն տարբեր կողմեր, իսկ երբեմն նոյնիսկ իրարու հակասող դիրքորոշումներ կը փորձեն իրենց ճշմարտացիութիւնը հիմնաւորել արդարութեան անուան տակ։
Աւելի՛ն, որոշ մարդիկ արդարութեան գաղափարը կը գործածեն որպէս վարագոյր՝ իրենց սխալները, թերութիւնները կամ նոյնիսկ անիրաւութիւնները ծածկելու համար։ Ոմանք արդարութիւն կը պահանջեն ուրիշներէն, սակայն, իրենք պատրաստ չեն արդար ըլլալու իրենց խօսքին, վարքին կամ դատողութիւններուն մէջ։ Ուստի, երբ արդարութիւնը դարձած է մեր օրերու ամենէն շատ շահագործուած բառերէն մէկը, անհրաժեշտ է վերադառնալ անոր իսկական իմաստին եւ փորձել հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ արդարութիւն՝ ըստ Աստուծոյ, ըստ մարդկային իմաստութեան եւ ըստ հոգեւոր փորձառութեան։
Արդարութեան տարբեր սահմանումներ ու ընկալումներ գոյութիւն ունին, սակայն, քրիստոնեային համար առաջնայինը Աստուածաշնչական ընկալումն է։ Սուրբ Գիրքը արդարութիւնը չի՛ սահմանափակեր դատական որոշումներով կամ օրէնքներու գործադրութեամբ։ Աստուածաշունչին մէջ արդարութիւնը նախ եւ առաջ կեանքի կերպ է, հոգեւոր վիճակ է եւ Աստուծոյ կամքին համապատասխան ապրելու ընթացք է։
Միքիա մարգարէն շատ յստակ կերպով կը ներկայացնէ Աստուծոյ պահանջը մարդէն. «Պատմուեցա՞ւ քեզի, ո՛վ մարդ, թէ ի՞նչ է բարին եւ ի՞նչ կ՚ուզէ քեզմէ Տէրը. իրաւունք հաստատել, ողորմութիւն սիրել եւ պատրաստ ըլլալ քու Տէր Աստուծոյ ետեւէն երթալու» (Մք 6.8)։
Այս համարը բաւարար է հասկնալու համար, որ արդարութիւնը միայն իրաւունք պահանջել չէ։ Անիկա իրաւունք հաստատել է, ողորմութիւն սիրել եւ Աստուծոյ հետ քալել է։ Այլ խօսքով՝ արդարութիւնը չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ առանց ճշմարտութեան, սիրոյ եւ խոնարհութեան։
Նոյն գաղափարը կը շեշտէ նաեւ Ամոս մարգարէն, երբ կը գոչէ. «Թող յորդի իրաւունքը ինչպէս ջուր եւ արդարութիւնը՝ ինչպէս անհուն հեղեղ» (Ամս 5.24)։
Այս խօսքերը ուղղուած էին այն մարդոց, որոնք կրօնական արարողութիւններ կը կատարէին, բայց իրենց կեանքին մէջ արդարութիւն չկար։ Աստուած անոնց կը յիշեցնէ, որ արտաքին պաշտամունքը արժէք չունի, եթէ մարդուն սիրտին մէջ արդարութիւն, ճշմարտութիւն եւ իրաւունք չկան։
Առակաց գիրքը նոյնպէս կ՚ըսէ. «Արդարութիւն գործելը եւ ճշմարտութիւն խօսիլը աւելի հաճելի է Տիրոջ, քան զոհերու արիւնը» (Առ 21.3)։
Այսինքն՝ Աստուած աւելի կը գնահատէ արդար կեանքը, քան արտաքին կրօնականութիւնը։ Մարդ կրնայ աղօթել, մոմ վառել, ծոմ պահել կամ զոհ մատուցել, սակայն, եթէ անոր մէջ արդարութիւն չկայ, այդ բոլորը կը կորսնցնեն իրենց իսկական արժէքը։
Նոյն ուսուցումը կը շարունակէ Տէր Յիսուս Քրիստոս։ Լերան քարոզին մէջ Ան կը յայտարարէ. «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան» (Մտ 5.6)։
Քաղցն ու ծարաւը մարդկային ամենէն ուժեղ պահանջներէն են։ Երբ Քրիստոս կը խօսի արդարութեան քաղցի եւ ծարաւի մասին, կը հասկցնէ, որ մարդուն հոգին նոյնքան պէտք ունի արդարութեան, որքան մարմինը՝ հացի եւ ջուրի։
Ան նաեւ կը թելադրէ. «Նախ խնդրեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը» (Մտ 6.33)։
Ուշադրութիւն դարձնենք, որ Քրիստոս չ՚ըսեր՝ նախ փնտռեցէք հարստութիւնը, յաջողութիւնը, փառքը կամ իշխանութիւնը։ Ան կ՚ըսէ՝ նախ փնտռեցէք Աստուծոյ արդարութիւնը։ Այսինքն՝ ճշմարիտ քրիստոնէական կեանքի հիմքը արդարութիւնն է։
Արդարութեան մասին Աստուածաշունչը միայն չէ՛ խօսած, այլեւ մարդկութեան մեծագոյն մտածողները։
Պղատոն, որ արեւմտեան փիլիսոփայութեան հիմնադիրներէն մէկն է, արդարութիւնը կը տեսնէ որպէս ներդաշնակութիւն։ Ան կը գրէ. «Արդարութիւնը այն է, երբ իւրաքանչիւր մարդ կը կատարէ իրեն յատուկ գործը եւ չի միջամտեր ուրիշին գործին»։
Այս սահմանումը մեզի կը յիշեցնէ, որ արդարութիւնը նաեւ կարգ ու կանոն է։ Երբ մարդ իր պարտականութիւնը գիտէ եւ կը կատարէ, իսկ ուրիշին իրաւունքները կը յարգէ, հասարակութիւնը կը դառնայ ներդաշնակ եւ կայուն։
Արիստոտէլ մէկ քայլ աւելի առաջ կ՚երթայ եւ կը գրէ. «Արդարութիւնը կատարեալ առաքինութիւնն է, բայց ոչ թէ ինքն իր մէջ, այլ ուրիշներու նկատմամբ»։
Այս խօսքերուն մէջ մեծ ճշմարտութիւն կայ։ Մարդ կրնայ իր մասին բարձր կարծիք ունենալ, սակայն, իր արդարութիւնը կը դրսեւորուի այն ժամանակ, երբ ան կը յարաբերի ուրիշներուն հետ։ Արդարութիւնը միշտ կապուած է մարդոց միջեւ յարաբերութիւններուն։
Հռոմէացի մեծ մտածող Կիկերոն կը գրէ. «Արդարութեան առաջին պահանջը այն է, որ ո՛չ ոք վնասէ ուրիշին, եթէ անոր դէմ անիրաւութիւն գործուած չէ»։
Այս սկզբունքը մինչեւ այսօր կը մնայ մարդկային իրաւական համակարգերու հիմքերէն մէկը։ Մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը արդարութեան անբաժանելի մասն է։
Էմմանուէլ Կանտ իր բարոյագիտական ուսուցման մէջ կը յայտարարէ. «Գործէ այնպէս, որ մարդը միշտ նպատակ ըլլայ եւ երբեք միայն միջոց չըլլայ»։
Այս խօսքերը մեզ կը զգուշացնեն, որ մարդը երբեք չի՛ կրնար օգտագործուիլ շահի, փառքի կամ իշխանութեան համար։ Ամէն մարդ արժէք մը ունի ինքնին, որովհետեւ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ։
Ժան Ժաք Ռուսօ արդարութեան հիմքը կը տեսնէ հասարակական պատասխանատուութեան մէջ։ Ան կը գրէ. «Օրէնքները արդար են, երբ անոնք կը բխին ընդհանուր կամքէն եւ կը ծառայեն ընդհանուր բարիքին»։
Այս միտքը մեզի կը յիշեցնէ, որ իսկական արդարութիւնը երբեք միայն անհատական շահ չի՛ հետապնդեր, այլ կը ձգտի ընդհանուր բարիքին։
Արդարութեան մասին ամենախոր մտածումները կը գտնենք նաեւ եկեղեցւոյ հայրերուն մօտ, անոնց ապրած փորձառութիւններուն մէջ։
Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Արդարութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ իւրաքանչիւրին կու տայ այն, ինչ իրեն կը պատկանի»։
Առաջին հայեացքով այս սահմանումը պարզ կը թուի, բայց, իրականութեան մէջ, անիկա շատ խոր է։ Արդարութիւն կը նշանակէ տալ մարդուն այն, ինչ իրաւամբ իրեն կը պատկանի՝ պատիւ, յարգանք, իրաւունք, սէր եւ արժանապատուութիւն։
Սուրբ Օգոստինոս ուրիշ տեղ մը աւելի սուր կերպով կը գրէ. «Առանց արդարութեան պետութիւնները ի՞նչ են, եթէ ոչ մեծ աւազակախումբեր»։
Այս խօսքերը այսօր ալ կը հնչեն նոյնքան արդիական, որքան տասնվեց դար առաջ։ Որքան ալ պետութիւն մը հզօր ըլլայ, եթէ արդարութիւն չկայ, անոր հիմքերը խարխուլ են։
Թովմաս Աքուինացի, քրիստոնէական Աստուածաբանութեան մեծագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը, կը սահմանէ. «Արդարութիւնը հաստատ եւ մնայուն կամքն է՝ իւրաքանչիւրին տալու իր իրաւունքը»։
Ուշադրութեան արժանի է «մնայուն կամք» արտայայտութիւնը։ Արդարութիւնը անցողիկ զգացում չէ։ Անիկա կայուն որոշում է, հետեւողական ընթացք է եւ կեանքի սկզբունք։
Ղպտի եկեղեցւոյ ճգնաւոր հայրերէն Ֆիլիմոն Մակարացին արդարութեան եւ սիրոյ յարաբերութիւնը կը բացատրէ բացառիկ գեղեցկութեամբ. «Արդարութիւնը առանց սիրոյ ամէն ինչի մէջ պարտուած է, սակայն սէրը երբեք չի՛ պարտուիր, նոյնիսկ եթէ արդարութեան չի՛ նայիր: Ով որ միայն արդարութեամբ կ՚ընթանայ՝ սէրը կը կորսնցնէ, սակայն ով որ սիրով կ՚ընթանայ՝ արդարութիւնը կը շահի»։
Այս խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն, որ քրիստոնէական արդարութիւնը երբեք չոր օրէնք կամ անողորմ դատաստան չէ։ Ան միշտ կ՚ուղեկցի սիրոյն, գթութեան եւ ներողամտութեան։
Նոյն միտքը կ՚արտայայտէ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, երբ կը գրէ. «Արդարութիւնը եւ իրաւունքը աստուածադիր սկիզբ ունին եւ Ս. Գիրքի հիմնական սկզբունքներէն են՝ սիրոյ, յոյսի եւ հաւատքի հիմնարար արժէքներուն հետ»։
Վեհափառ Հայրապետը արդարութիւնը չի՛ բաժներ սիրոյ, հաւատքի եւ յոյսի արժէքներէն։ Ան կը շեշտէ, որ հասարակական համերաշխութիւնը կարելի է հաստատել միայն այն ժամանակ, երբ իրաւունքն ու օրէնքը անխտրական կերպով կը գործադրուին եւ միաժամանակ կ՚ուղղորդուին քրիստոնէական սիրոյ ոգիով։ Ան կը գրէ. «Արդարութիւնը եւ օրինայարգութիւնը մեր կեանքին մէջ ամուր պիտի մնան՝ ինչպէս սահմանուած օրէնքներու պահանջով, այդպէս ալ քրիստոնէական սիրոյ ոգիով՝ նպաստելով հասարակութեան համախմբումին եւ միաբանութեան: Հանրութեան համերաշխութիւնը արդարութեամբ հաստատուն է, իրաւունքի եւ օրէնքի անխտրական գործադրմամբ եւ վկայութիւնն է տէրունապատուէր սիրոյ եւ հաւատքի դրսեւորումին»:
Այս բոլոր մտածումներուն, սահմանումներուն եւ վկայութիւններուն լոյսին տակ կարելի է վստահաբար եզրակացնել, որ արդարութիւնը շատ աւելի խոր, լայն եւ համապարփակ հասկացողութիւն է, քան մարդիկ սովորաբար կը պատկերացնեն կամ կը ներկայացնեն։ Անիկա միայն դատարաններու, օրէնքներու, սահմանադրութիւններու կամ քաղաքական կարգախօսներու խնդիր չէ։ Արդարութիւնը կեանքի ամբողջական փիլիսոփայութիւն է, բարոյական կեցուածք է, հոգեւոր վիճակ է եւ մարդկային գոյութեան հիմնական հիմնասիւններէն մէկը։ Անիկա կը սկսի մարդու ներաշխարհէն, խիղճէն եւ մտածողութենէն, ապա կ՚անդրադառնայ ընտանիքին, հասարակութեան, պետութեան եւ ի վերջոյ իր լրումը կը գտնէ Աստուծոյ հետ մարդու յարաբերութեան մէջ։
Իրականութեան մէջ արդարութիւնը նախ եւ առաջ ինքնաքննութեան հարց է։ Մարդիկ յաճախ կը պահանջեն, որ ուրիշները արդար ըլլան իրենց հանդէպ, սակայն, շատ աւելի քիչ են անոնք, որոնք կը հարցնեն, թէ իրենք արդեօք արդա՞ր են ուրիշներուն նկատմամբ։ Մենք կը դժգոհինք, երբ մեր իրաւունքները կը խախտուին, բայց յաճախ չենք նկատեր, որ մեր խօսքերով, վերաբերմունքով կամ որոշումներով մենք եւս կը խախտենք ուրիշներու իրաւունքները։ Արդարութիւնը սկսելու համար մարդ պէտք է նախ իր սեփական խիղճին առջեւ կանգնի եւ անկեղծօրէն գնահատէ ինքզինք։
Արդարութիւնը նաեւ ճշմարտութիւնը ընդունելու կարողութիւնն է։ Մենք յաճախ արդարութիւնը կը շփոթենք մեր անձնական շահերուն կամ նախասիրութիւններուն հետ։ Այն ինչ մեզի ձեռնտու է, կը կոչենք արդար, իսկ այն ինչ մեզի դէմ է, կը կոչենք անարդար։ Սակայն, ճշմարիտ արդարութիւնը անկախ է մեր շահերէն, զգացումներէն եւ նախասիրութիւններէն։ Անիկա կը պահանջէ, որ մարդ կարողանայ ճշմարտութեան աչքերով նայիլ իրողութիւններուն, նոյնիսկ այն ատեն, երբ այդ ճշմարտութիւնը իրեն հաճելի չէ կամ իր անձնական պատկերացումներուն չի՛ համապատասխաներ։
Այսօրուան աշխարհին մէջ արդարութեան մասին խօսակցութիւնները շատ են, սակայն, արդարութեան գործադրութիւնը՝ շատ աւելի սակաւ։ Մարդիկ բարձրաձայն կը պահանջեն իրաւունքներ, բայց քիչ կը խօսին պարտականութիւններու մասին։ Մինչդեռ իրական արդարութիւնը չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ, եթէ իրաւունքներն ու պարտականութիւնները իրարմէ բաժնուին։ Հասարակութիւն մը չի՛ կրնար արդար ըլլալ, եթէ անոր անդամները միայն իրենց իրաւունքները պահանջեն, բայց պատրաստ չըլլան կատարել իրենց պարտականութիւնները ընտանիքին, հասարակութեան, հայրենիքին եւ Աստուծոյ հանդէպ։
Արդարութիւնը նաեւ փոխադարձ յարգանքի հիմքն է։ Այն ընտանիքը, ուր ամուսինները կը յարգեն իրարու արժանապատուութիւնը, աւելի կայուն կ՚ըլլայ։ Այն հասարակութիւնը, ուր քաղաքացիները կը յարգեն իրարու իրաւունքները, աւելի խաղաղ կ՚ըլլայ։ Այն պետութիւնը, ուր օրէնքը հաւասարապէս կը գործադրուի բոլորին նկատմամբ, աւելի ամուր եւ վստահելի կ՚ըլլայ։ Իսկ այն ժողովուրդը, որ արդարութիւնը կը դարձնէ իր ազգային եւ բարոյական կեանքի հիմքը, աւելի դիւրութեամբ կը յաղթահարէ իր առջեւ ծառացած փորձութիւններն ու դժուարութիւնները։
Քրիստոնէական ըմբռնումով արդարութիւնը անբաժանելի է սէրէն եւ ողորմութենէն։ Ահա թէ ինչու Սուրբ Գիրքը արդարութիւնը երբեք չի՛ ներկայացներ որպէս սառն եւ անզգայ դատաստան։ Աստուծոյ արդարութիւնը միշտ միացած է սիրոյն, գթութեան եւ ներողամտութեան մէջ։ Ասոր վառ ապացոյցն է սաղմոսերգուին հետեւեալ տողերը. «Մեր մեղքերուն համեմատ չվարուեցաւ մեզի հետ, ոչ ալ մեր անօրէնութեան համեմատ հատուցեց մեզի: Այլ ինչքան բարձր է երկինքը երկրէն, այդքան զօրաւոր է Տիրոջ ողորմութիւնը Իրմէ երկիւղ կրողներուն վրայ» (Սղ 102.10-11): Երբ մարդ արդարութեան անունով կը մոռնայ սէրը, շատ յաճախ կը դառնայ խիստ, դատապարտող եւ անողորմ։ Իսկ երբ սէրը կը բաժնուի արդարութենէն, անիկա կրնայ վերածուիլ կոյր զգացականութեան։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնէական կեանքին մէջ արդարութիւնն ու սէրը իրարու հակառակ չեն, այլ զիրար լրացնող եւ ամբողջացնող արժէքներ են։
Մեր օրերուն մեծ վտանգներէն մէկը այն է, որ արդարութիւնը յաճախ կը չափուի ուժով, ազդեցութեամբ կամ քաղաքական շահերով։ Յաճախ մարդիկ կը կարծեն, թէ իրաւացի է ան՝ ով աւելի զօրաւոր է, աւելի ազդեցիկ է կամ աւելի բարձր կը խօսի։ Սակայն, պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ ուժը միշտ չէ, որ արդարութեան կողմն է եւ մեծամասնութիւնը միշտ չէ, որ ճշմարտութեան կրողը կը հանդիսանայ։ Իրական արդարութիւնը պայմանաւորուած չէ ո՛չ թիւով, ո՛չ դիրքով եւ ո՛չ ալ իշխանութեամբ։ Անիկա հիմնուած է ճշմարտութեան վրայ եւ կը մնայ անփոփոխ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհը փորձէ զայն անտեսել։
Արդարութիւնը նաեւ քաջութիւն կը պահանջէ։ Դիւրին է արդարութեան մասին խօսիլը, երբ անիկա ոչինչ կ՚արժէ մեզի։ Սակայն, երբ արդարութիւնը կը պահանջէ զոհողութիւն, անձնական կորուստ կամ դժուարութիւններու դիմագրաւում, այն ատեն կը բացայայտուի, թէ ո՛վ է իսկապէս արդարութեան հետեւորդը։ Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ սուրբեր, մտածողներ, հասարակական գործիչներ եւ հասարակ մարդիկ ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար հալածուած են, բանտարկուած են եւ նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհաբերած են։ Անոնք հասկցած էին, որ արդարութիւնը արժէք մըն է, որուն համար արժէ պայքարիլ եւ զոհողութիւն կատարել։
Արդարութիւնը չի՛ սկսիր աշխարհի փոփոխութենէն, այլ մարդուն սիրտի փոփոխութենէն։ Որքան ալ մենք քննադատենք հասարակութիւնը, իշխանութիւնները կամ մեր շրջապատը, իրական փոփոխութիւնը պիտի սկսի միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր անհատ սկսի աշխատիլ իր անձին վրայ։ Արդար հասարակութիւն ստեղծելու համար նախ պէտք են արդար մարդիկ։ Արդար պետութիւն կառուցելու համար նախ պէտք են արդար քաղաքացիներ։ Արդար ընտանիքներ ունենալու համար նախ պէտք են արդար ծնողներ եւ զաւակներ։ Մեծ փոփոխութիւնները միշտ սկսած են փոքր, բայց անկեղծ փոփոխութիւններէն։
Այս պատճառով ալ արդարութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս վերացական գաղափար կամ տեսական ուսմունք։ Անիկա ամէնօրեայ կեանքի մէջ գործադրուելիք իրականութիւն է։ Երբ մենք ճշմարտութիւնը կը խօսինք, արդարութիւն կը գործենք։ Երբ մեր խոստումը կը պահենք, արդարութիւն կը գործենք։ Երբ չենք զրպարտեր, չենք խաբեր, չենք շահագործեր ուրիշները, արդարութիւն կը գործենք։ Երբ օգնութեան ձեռք կը մեկնենք կարօտեալին, կը պաշտպանենք անիրաւուածը եւ կը յարգենք դիմացինի արժանապատուութիւնը, արդարութիւն կը գործենք։ Արդարութիւնը մեծ խօսքերու մէջ չէ միայն, այլ նաեւ կեանքի փոքր եւ առօրեայ ընտրութիւններուն մէջ։
Հետեւաբար, երբ արդարութեան մասին կը խօսինք, նախ մենք մեզի հարցնենք՝ արդեօք մենք արդա՞ր ենք մեր դատողութիւններուն մէջ, արդա՞ր ենք մեր վերաբերմունքին մէջ, արդա՞ր ենք մեր որոշումներուն մէջ, արդա՞ր ենք մեր ընտանիքներուն մէջ, արդա՞ր ենք մեր գործատեղիներուն մէջ, արդա՞ր ենք մեր խիղճին առջեւ եւ ի վերջոյ արդա՞ր ենք Աստուծոյ առջեւ։ Որովհետեւ արդարութեան մասին խօսիլը դիւրին է, արդարութիւն պահանջելը՝ աւելի դիւրին, բայց արդարութեամբ ապրիլը՝ մարդկային կեանքի մեծագոյն մարտահրաւէրներէն եւ միաժամանակ մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկն է։
Թող որ մեր խօսքերուն, դատողութիւններուն եւ գործերուն մէջ արդարութիւնը չմնայ որպէս գեղեցիկ գաղափար կամ գրական արտայայտութիւն, այլ դառնայ ապրուած իրականութիւն։ Որովհետեւ միայն այն հասարակութիւնը, որ կը հիմնուի արդարութեան վրայ, կրնայ ունենալ խաղաղութիւն, վստահութիւն եւ կայուն ապագայ, իսկ միայն այն մարդը, որ կ՚ապրի արդարութեամբ, կրնայ խաղաղութիւն գտնել իր խիղճին մէջ եւ արժանի կերպով կանգնիլ Աստուծոյ առջեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ