ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՉԵՆ ԳՏՆԵՐ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր օրերուն գիր գրականութեամբ զբաղողները «նախանձելի» ըլլալ կը թուին, որովհետեւ մարդկային միտքը բթացնող այս աշխարհին մէջ կամաց կամաց հասարակութիւնը կարիքը կը սկսի զգալ իմացականութեան։ Սակայն, այդ «նախանձ»ը գիտելիքի ու իմաստութեան ծարաւէն չի ծնիր։ Մեր օրերուն շատ աւելի առաջնահերթ է իմաստուն երեւիլը՝ քան ըլլալը, որովհետեւ ամէն իմաստուն չէ, որ իրապէս իմաստուն կ՚երեւի։ Հետեւաբար, մտածող ըլլալէ շատ աւելի առաջնահերթ է մտածողի դիմակ կրելը՝ ինչ որ հանրութեան մէջ «փայելել»ու համար անհրաժեշտ է: Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր գրադարանը տունի զարդ, իսկ գիրքը՝ իմաստուն երեւելու «անցագիր» է պարզապէս: Վստահաբար, գնահատելի կը գտնենք որոշ երիտասարդներու կողմէ գիր գրականութեան հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը, սակայն, այդ հետաքրքրութենէն ինչքա՞նը գրականութեան եւ ինչքանը նորաձեւութեան համար կը կատարուի՝ կը շարունակէ մնալ հարցական։ Նորաձեւութիւն բառը կը գործածենք, որովհետեւ ամէն ժամանակ ունի իրենց յատուկ ցուցադրական յատկանիշները եւ այս օրերուն այդ ցուցադրութեան մաս կը կազմէ նաեւ ընթերցանութիւնը: Այս օրերուն ինչքան ալ տեսնենք այդ «հետաքրքրութիւն»ը, կը շարունակենք մնալ այն կարծիքին, որ շատ մը արժէքներու կողքին կը նահանջէ նաեւ հայ գրողը, հայ գիրքը, հայ գիրն ու գրականութիւնը։ Այս նահանջը վերջին ժամանակներու յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Աւելի քան կէս դար առաջ Սիմոն Սիմոնեան իր խմբագրած «Սփիւռք» թերթին մէջ կը գրէր. «Եթէ հայ սփիւռքը իր ամբողջութեան մէջ ի նկատի ունենանք, այսօր նահանջի մէջ են՝ հայ դպրոցը, հայ ուսուցիչը, հայ գրականութիւնը եւ հայ գրողը»: 

Այսօր մեր մէջ գրողներուն թիւը քիչ են եւ այդ մէկը անհատականէն աւելի հաւաքական պատճառ մը ունի։ Նոր գրողներ չունենալը՝ իմացական կարող անհատներու պակասէն չէ, որ առաջ կու գայ. մենք ալ բացասական դեր ունինք այդ բոլորին մէջ.

ա. ՉԵՆՔ ՈՒԶԵՐ ԼՍԵԼ.- Ունինք սերունդ մը, որ կը հաւատայ, թէ «ամէն բան գիտէ»։ Այդ ամենագիտութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի չկարենան «բարձրունք»էն իջնել, որովհետեւ անոնց համոզումով՝ իրենք լաւապէս գիտեն բոլոր այն խնդիրները, զորս նոր սերունդն ու երիտասարդութիւնը կը բարձրաձայնեն։ Ի դէպ, շատ անգամ այդ «ամենագիտութիւն»ը հպարտութեան եւ գոռոզութեան դուռ ալ կը բանայ, օրինակի համար, վերջերս անձ մը գոռոզութեամբ կ՚ըսէր. «Ես դիւրին դիւրին մէկու մը գրութիւնը չեմ կարդար»։ Անշուշտ, այս մէկը կ՚ըսուի, որպէսզի անոր յաջորդէ «քուկդ կարդացի» խօսքը։ Այստեղ գրո՞ղն է գովուողը, թէ սեփական անձը՝ որ իր «սուղ» ժամանակը չի տրամադրեր կարդալու: Անցեալին գրողը իր գրութիւններուն դիմաց կ՚ունենար բացասական կամ դրական արձագանգ մը եւ դրականին չափ կարեւոր էր նաեւ բացասականը, որովհետեւ որեւէ բացասական արտայայտութիւն եւս ցոյց կու տայ ուրիշի մը ընթերցելը եւ գրող մը կ՚ապրի իր ընթերցողներով։ Սակայն, երբ բոլորը ամենագէտ են եւ կարիքը չունին լսելու ուրիշի կարծիքն ու մտահոգութիւնը, իւրաքանչիւր գրութիւն լուռ գերեզման կը դառնայ: Երիտասարդը կ՚ուզէ ըսել, մեծը կ՚ուզէ չլսել։ Այս ընթացքով գրելը կը դառնայ «ժամանակավրէպ» ու անիմաստ: 

բ. ՉԵՆՔ ՔԱՋԱԼԵՐԵՐ.- Անցեալի գրողները զիրենք ատողներու կողքին կ՚ունենային քաջալերողներ։ Օրինակի համար, կարդացէք Զարթօնքի շրջանի ապրող գրողներու նամակագրութիւնները։ Բանաստեղծ մը իր նամակով կը գովէր այլ բանաստեղծի մը աշխատութիւնը, տարեց մտաւորական մը նամակով կը գնահատէր կրտսեր գրողի մը յօդուածը կամ պատմուածքը, ինչ որ ինքնին դրական մթնոլորտ մը կը ստեղծէր։ Մեր օրերուն պատկերը հակառակն է եւ կ՚ուզենք սեփական փորձով ցոյց տալ այդ մէկը. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ ցայսօր ստորագրած ենք աւելի քան հազար հինգ հարիւր յօդուած։ Ինքզինք «մտաւորական» նկատող անհատ մը, որ օր մը օրանց «վարձքդ կատար» անգամ չէ ըսած, կը գրէ նամակ մը. «Յօդուածիդ մէջ այս բառը սխալ գրուած է»։ Մենք ազգ մըն ենք, հազարաւոր դրականներուն դիմաց կը սիրենք լուռ մնալ, սակայն, մէկ սխալի համար հեռու չենք մնար նամակ գրելէ. Անշուշտ, գրող մը քննադատութեան եւ դիտողութեան պատրաստ պէտք է ըլլայ, սակայ, այդ դիտողութիւնը իրաւունք ունի կատարելու ա՛յն անհատը, որ իր կարծիքը կը յայտնէ թէ՛ դրականի եւ թէ բացասականի պարագային, որովհետեւ նման մարդու մը քննադատութիւնը անգամ սրբագրելու միտում կ՚ունենայ իր մէջ, սակայն, վերոյիշեալ պարագան ինքզինք աւելի բարձր ու գիտուն ցոյց տալէ բացի այլ իմաստ ու նշանակութիւն չունի: 

Մեր օրերուն գրող չունենալը Սիմոնեան կը բացատրէ հետեւեալ կարճ տողով. «Նոր գրողներ չեն հասնիր, որովհետեւ չեն գտներ քաջալերութիւն եւ նիւթական ապահովութիւն, հայ գրականութեան մասամբ կամ ամբողջովին նուիրուելու համար»։ Նիւթականը որպէս գրողներու պակաս պիտի չնկատենք այլեւս, որովհետեւ հայ գրականութեան նուիրուելու պատրաստուող իւրաքանչիւր անհատ լաւապէս պիտի հասկնայ, որ մեր ազգը իր մտաւորականութեան «լաւ նայել»ու նրբանկատութիւնը չունի։ Մենք ազգ մըն ենք՝ որ կը հաւատանք մտաւորականութեան ունեցած ազդեցութեան, կը հաւատանք, որ մտաւորականութիւնն է, որ հասարակութեան միտքը կը զարգացնէ, մտաւորականութիւնն է, որ նոր սերունդը կը դաստիարակէ ու կը կրթէ, սակայն, միայն կը հաւատանք:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն մէկ կեանք՝ մէկ ճակատագրական երգ է միայն, որ հարազատ ծնողքդ կ՚ըսէ, կամ հողմի պէս դռնակդ ծեծող երկնառաք վարպետ մը:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2026