ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան։

Թաղականները եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ Գումգաբու փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Յառաջիկայ Խաչվերացի տօնին նախատեսուած են կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց՝ եկեղեցւոյ կանթեղի վառ պահման ուղղեալ աշխատանքները։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, թելադրութիւններ ըրաւ օրակարգային հարցերուն շուրջ՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը, յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026