ՄԱՀ՝ ՏԻԱՆԱ ԱԼԹՈՒՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթուն կնքած է իր մահկանացուն։ Երէկ, բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքային շրջանակներէն ներս, որոնք բառին բուն իմաստով խոր սուգի մատնուեցան։ Արդարեւ, Տիանա Ալթունի կորուստը իսկապէս շատ անժամանակ է։ Ան երկար ատենէ ի վեր կը պայքարէր անողոք հիւանդութեան դէմ, սակայն, դժբախտաբար, բժշկական խնամքը, ընտանիքին բարոյական զօրակցութիւնը եւ մասնագէտներու միջամտութիւնները անբաւարար մնացին. ան աչքերը փակեց կեանքին՝ իսկապէս ցնցում պատճառելով թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ ընկերային շրջանակին։
Տիանա Ալթուն, որ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն էր, Շիշլի մարզակումբի նուիրեալներու շարքին էր։ Ան վաղ երիտասարդութեան տարիներուն ակումբի մարզաշապիկը կրած էր՝ որպէս մարզիկ, իսկ աւելի վերջ ստանձնած էր զանազան պատասխանատուութիւններ։ Վերջին շրջանին, ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան մէջ ատենադպրուհիի պաշտօն կը վարէր։ Թէ՛ իր փորձառութեամբ եւ թէ իր լրջութեամբ ան տիրաբար կը կատարէր իրեն վստահուած պաշտօնը՝ մանաւանդ, որ ամբողջ կեանքը թրծուած էր Շիշլի մարզակումբի գործունէութեամբ։
Տիանա Ալթունի անժամանակ մահուան առթիւ ցաւակցական մը հրապարակած է Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։ Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած ցաւակցական պատգամին մէջ ան ընդգծած է Տիանա Ալթունի կողմէ Շիշլի մարզակումբի ի նպաստ տարուած բազմակողմանի աշխատանքը՝ վշտակցելով հանգուցեալի հարազատներուն եւ Շիշլի մարզակումբի համայն ընտանիքին։