ԴԱՏԵԼՈՒ ԴԻՒՐՈԻԹԻՒՆԸ, ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբեմն մէկը մեր դիմաց կը նստի, քանի մը նախադասութիւն կը լսէ մեր կեանքէն եւ կարծես թէ ամբողջ պատմութիւնը գիտցած ըլլայ, անմիջապէս կը սկսի մեզի ըսել՝ ի՛նչ պէտք է ընենք։ «Այսպէս պէտք է վարուէիր», «պէտք չէր այդքան կապուիլ», «պէտք է ձգէիր ու երթայիր», «ես քու տեղդ ըլլայի՝ երբեք այդ որոշումը չէի առներ»։ Իսկ մենք երբեմն միայն լուռ կը նայինք անոր։ Ոչ թէ որովհետեւ պատասխան չունինք, այլ որովհետեւ մեր ներսէն հարցում մը կը բարձրանայ, որ պարզ եւ նոյնքան ծանր է.

«Բայց դուն զիս բաւարար չափով կը ճանչնա՞ս, որ իմ ապրածներս հասկնաս»։

Մարդիկ շատ դիւրութեամբ խորհուրդ կու տան ուրիշներուն, որովհետեւ խորհուրդ տալու համար պէտք չէ ապրիլ ուրիշի կեանքը։ Պէտք չէ գիտնալ անոր անքուն գիշերները, այն պահերը, երբ ան առանձին լացած է եւ առաւօտուն ժպտալով դուրս եկած է տունէն։ Պէտք չէ գիտնալ, թէ քանի՛ անգամ ան իր որոշումը փոխած է, քանի անգամ փորձած է դիմանալ, քանի՛ անգամ ներած է, քանի անգամ ուզած է հեռանալ ու վերջին վայրկեանին մնացած է։

Դուն կը տեսնես միայն որոշումը։ Բայց ան մարդը ապրած է այդ որոշման ամբողջ ճանապարհը։ Դուն կը տեսնես, որ ան տակաւին կը մնայ այն տեղը, ուր վաղուց պէտք է հեռանար։ Բայց չես գիտեր, թէ քանի՛ անգամ ան իր մէջէն հեռացած է եւ վերադարձած, քանի՛ անգամ ինքն իրեն համոզած է, թէ ամէն ինչ պիտի փոխուի։ Չես գիտեր, թէ այդ մնալուն մէջ երբեմն սէր կար, երբեմն վախ, երբեմն յոյս, երբեմն պատասխանատուութիւն, իսկ երբեմն՝ պարզապէս ուժասպառութիւն։

Դուն կը տեսնես անոր սխալը։ Բայց չես տեսներ այն վախը, որուն մէջ ան այդ սխալը գործած է։ Դուն կը լսես անոր մէկ նախադասութիւնը։ Բայց չես լսեր այն հարիւրաւոր նախադասութիւնները, զորս ան տարիներ շարունակ լռութեան մատնած է։

Մեր կեանքը ուրիշներու աչքերուն համար շատ աւելի պարզ կը թուի, քան մեր իսկ աչքերուն։ Որովհետեւ մարդը, որ կողքէն կը նայի, միայն արդիւնքը կը տեսնէ։ Իսկ մենք գիտենք պատճառները, մանրամասնութիւնները, հակասութիւնները, կորսուած հնարաւորութիւնները, չըսուած խօսքերը եւ այն բոլոր փոքրիկ վայրկեանները, որոնք ի վերջոյ մեզ հասցուցին այս կէտին։

Այդ պատճառով երբեմն շատ դժուար է լսել մէկու մը խրատը, երբ ան մեզ չի ճանչնար։ Որովհետեւ խրատը ինքնին վատ բան չէ։ Ընդհակառակը՝ անկեղծ խորհուրդը երբեմն մարդուն կեանքը կրնայ փոխել։ Սակայն, խորհուրդին արժէքը միայն անոր ճիշդ կամ սխալ ըլլալուն մէջ չէ։ Կարեւոր է նաեւ՝ ո՞վ կու տայ այդ խորհուրդը, ի՞նչ գիտէ մեր մասին եւ որքա՞ն կը հասկնայ այն ճանապարհը, որուն վրայ մենք գտնուած ենք։

Երբեմն մեզի պէտք չէ մէկը, որ ըսէ՝ «ինչ կ՚ընես»։ Մեզի պէտք է մէկը, որ նախ հարցնէ՝ «ինչպէ՞ս անցար»։ Որովհետեւ մարդուն հասկնալը կը սկսի ո՛չ թէ խորհուրդ տալէն, այլ լսելէն։

Եթէ մէկը տարիներով ապրած է անտեսուած, անոր շատ դիւրին է ըսել՝ «պարզապէս ինքզինքդ արժեւորէ՛»։ Բայց ինքզինք արժեւորելը մէկ օրուան որոշում մը չէ։ Երբեմն մարդ տարիներ կը ծախսէ՝ ուրիշներու կարծիքներուն մէջ իր արժէքը փնտռելով, մինչեւ որ վերջապէս հասկնայ, թէ ինք իր իսկ աչքերուն մէջ ո՛վ է։

Եթէ մէկը կորսնցուցած է սիրելի անձ մը, շատ դիւրին է ըսել՝ «Ժամանակը ամէն ինչ կը բուժէ»։ Բայց ան, որ կորսնցուցած է, գիտէ, որ ժամանակը միշտ չի բուժեր։ Երբեմն ժամանակը միայն կը սորվեցնէ ապրիլ այն բացակայութեան հետ, որ երբեք ամբողջութեամբ չի վերանար։

Եթէ մէկը երկար ժամանակ սխալ ընտրութեան մէջ մնացած է, շատ դիւրին է ըսել՝ «ինչո՞ւ աւելի առաջ չի հեռացար»։ Բայց ո՛չ ոք գիտէ, թէ այդ մարդուն համար ի՛նչ նշանակութիւն ունէր մնալը։ Երբեմն մարդը կը մնայ, որովհետեւ չի գիտեր հեռանալ։ Երբեմն կը մնայ, որովհետեւ տակաւին յոյս ունի։ Երբեմն ալ կը մնայ, որովհետեւ այնքան շատ բան կորսնցուցած է այդ ճանապարհին, որ վախ ունի՝ եթէ հիմա հեռանայ, պիտի ստիպուի ընդունիլ, որ տարիները ի զուր անցած են։

Իսկ մարդիկ շատ դիւրութեամբ դատաստան կ՚ընեն ուրիշներու որոշումներուն վրայ՝ առանց երբեք ապրելու անոնց գիշերները։

Բոլորս մեր պատմութեան մէջ ունինք էջեր, զորս ուրիշներուն չենք կարդացած։ Ոչ որովհետեւ ամօթ է, այլ որովհետեւ ամէն բան բացատրելու ուժը չունինք։ Կան վէրքեր, որոնց մասին երկար խօսիլը յոգնեցուցիչ է։ Կան որոշումներ, որոնց պատճառները այնքան խոր են, որ մէկ նախադասութեամբ կարելի չէ բացատրել։ Կան նաեւ ընտրութիւններ, որոնց համար մենք ալ տակաւին ամբողջական պատասխան մը չունինք։

Եւ այդ ժամանակ, երբ մէկը մեզի կը նայի ու վստահ ձայնով կ՚ըսէ՝ «Ես քու տեղդ ըլլայի, այսպէս կ՚ընէի», մեր ներսէն կու գայ այդ լուռ, գրեթէ սառն հարցումը. «Դուն իսկապէս իմ տեղս եղա՞ծ ես»։

Որովհետեւ «քու տեղդ ըլլալ» ըսելը շատ աւելի մեծ բան է, քան նոյն որոշումը առնելը։ Քու տեղդ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ քու մանկութիւնդ, քու վախերդ, քու յիշատակներդ, քու կորուստներդ, քու սխալներդ, քու յոյսերդ։ Կը նշանակէ նոյն ծնողներուն զաւակը ըլլալ, նոյն խօսքերը լսել, նոյն վիրաւորումները կրել, նոյն սէրերը ապրիլ, նոյն յուսախաբութիւնները ունենալ։

Եւ քանի որ այդ բոլորը կարելի չէ ուրիշին փոխանցել, ո՛չ ոք ամբողջութեամբ կրնայ մեր տեղը ըլլալ։ Գուցէ այս պատճառով է, որ հասունութիւնը նաեւ այն պահն է, երբ կը դադրինք բոլորին բացատրելու մեր որոշումներուն պատճառները։ Ոչ ամէն մարդ պէտք է հասկնայ մեզ։ Ոչ ամէն մարդ պէտք է համոզենք, որ ճիշդ ենք։ Երբեմն բաւարար է, որ մենք գիտնանք, թէ ինչո՛ւ այդ ընտրութիւնը ըրինք։

Մարդիկ կրնան մեզ սխալ հասկնալ։ Կրնան մեր լռութիւնը թուլութիւն համարել, մեր հեռանալը՝ հպարտութիւն, մեր մնալը՝ անխելքութիւն, մեր ներելը՝ միամտութիւն։ Բայց անոնք չեն ապրիր մեր փոխարէն։ Անոնք չեն կրնար մեր փոխարէն կրել մեր որոշումներուն հետեւանքները։

Ուստի, երբեմն ամենախելացի պատասխանը խօսիլը չէ։ Երբեմն պէտք է պարզապէս լուռ նայիլ մարդու աչքերուն եւ հասկնալ, որ ան իր չափանիշներով կը դատէ քու կեանքդ։ Իսկ քու կեանքդ իր չափանիշներով ապրելու պարտաւորութիւն չունի։ Ի վերջոյ, մեզմէ ո՛չ ոք ուրիշի մը ամբողջ պատմութիւնը գիտէ։

Մենք միայն մեր փոքրիկ հատուածներուն կը հանդիպինք։ Մէկը կը ժպտայ եւ մենք կը կարծենք, թէ երջանիկ է։ Մէկը կը լռէ եւ կը կարծենք, թէ անտարբեր է։ Մէկը կը մնայ եւ կը կարծենք, թէ վախկոտ է։ Մէկը կը հեռանայ եւ կը կարծենք, թէ ան սիրտ չունի։ Մէկը սխալ որոշում մը կ՚առնէ եւ անմիջապէս կը կարծենք, թէ ան սխալ մարդ է։

Մինչդեռ ան պարզապէս կը փորձէր իր ունեցած ուժով, գիտելիքով եւ ցաւերով՝ այդ օրուան մէջ ողջ մնալ։

Այդ պատճառով նախքան մէկուն ըսելը՝ «դուն այսպէս պէտք էր ընէիր», գուցէ պէտք է վայրկեան մը կանգ առնել եւ հարցնել. «Ես իր ամբողջ պատմութիւնը գիտե՞մ»։

Եթէ պատասխանը «ոչ» է, ապա երբեմն ամենամարդկային բանը խորհուրդ տալը չէ։ Պարզապէս կողքին նստիլն է։ Լսելն է։ Եւ ըսելը՝ «Ես քու ապրածներդ ամբողջութեամբ չեմ գիտեր, բայց եթէ ուզես՝ կրնաս պատմել ինծի»։

Որովհետեւ երբ մարդ կը զգայ, որ իր պատմութիւնը դատելու փոխարէն մէկը կը փորձէ հասկնալ, առաջին անգամ թերեւս կը համարձակի բացուիլ։ Եւ գուցէ պակսողը աւելի քիչ խորհուրդ տալն ու աւելի շատ հասկնալն է։ Որովհետեւ երբեմն մարդուն պէտք չէ մէկը, որ իրեն ցոյց տայ, թէ ո՛ր ճամբան բռնէ։ Մարդուն պէտք է մէկը, որ գոնէ պահ մը քալէ իր կողքին՝ առանց դատելու, առանց շտապ եզրակացութեան գալու եւ առանց մոռնալու, որ իւրաքանչիւր մարդու ետին կայ ամբողջ կեանք մը, զոր մենք չենք տեսած։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026