ԳՐԻԳՈՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ (1888 - 1974)

Կրթական մշակ, մտաւորական, հասարակական գործիչ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երկարամեայ տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեան ծնած է Սեբաստիոյ Կամիս գիւղը, 1888 թուականի յուլիսի 15-ին: 

Ուսումը ստացած է Սեբաստիոյ Արամեան Ազգային վարժարանէն ներս եւ ապա յաճախած է Ժեզուիթներու քոլէճը: 

Ուսումը աւարտելէ ետք, 1900 թուականին ուսուցչութիւն ըրած է Արամեան վարժարանէն ներս: Այս վարժարանէն ներս ուսուցչագործելու ընթացքին մտերմացած է Թորգոմ Վրդ. Գուշակեանին հետ (յետագային՝ եպիսկոպոս, Պատրիարք Ս. Երուսաղէմի Աթոռին):

1910-ին անցած է Պոլիս եւ մինչեւ 1917 թուականը ուսուցչութիւն ըրած է Յովհաննէս Հինդլեանի եւ Գալուստ Մալաթեանի հիմնած «Նոր դպրոց»էն ներս, դասաւանդելով աշխարհաբար, գրաբար, ֆրանսերէն եւ պատմութիւն: 

Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքը հրաժարելէ ետք Պոլսոյ պատրիարքութենէն, 1912-էն սկսեալ Պոլսոյ երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերուն հայագիտութեան դասեր աւանդած է եւ Կիրակոսեան առիթէն օգտուելով հետեւած է այդ դասընթացքներուն:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին Գրիգոր Կիրակոսեան զինուոր կանչուած է: Թէեւ ուսուցիչի հանգամանքով յաջողած է որոշ ժամանակ մը փրկանք վճարելով զերծ մնալ զինուորական ծառայութենէն, սակայն աւելի ուշ՝ շրջան մը թաքստոց մնալէ ետք, անձնատուր եղած է թրքական բանակին: 

1918 թուականի զինադադարին ան վերադարձած է «Նոր դպրոց», իբրեւ ուսուցիչ: Միաժամանակ դասաւանդած է Նիկողոսեան աղջկանց բարձրագոյն վարժարանէն եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրոցէն ներս: 

1919-ին Պոլսոյ Ուսումնական խորհուրդը զինք Ս. Խաչ վարժարանին տնօրէն նշանակած է, սակայն, մէկ տարի ետք հրաժարաժ է Պոլսոյ մէջ ստանձնած բոլոր պաշտօններէն եւ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար մեկնած է Փարիզ: 

1920-1922-ին, Սորպորնի Իրաւաբանական համալսարանին եւ Քաղաքական ու ընկերային գիտութեանց վարժարանին հետեւած է: Ստացած է Իրաւաբանական համալսարանի լիսանսիէ Ան Տռուայի վկայականը, ինչպէս նաեւ Քաղաքական եւ ընկերային գիտութեան վարժարանին վկայականը: 

1922-ին Թորգոմ Արք. Գուշակեան հրաւիրած է զինք Եգիտպոս՝ ստանձնելու համար Գալուստեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, որով 1922 թուականի օգոստոսին Փարիզէն անցած է Եգիպտոս: 

1922 թուականին, Գրիգոր Կիրակոսեան Փարիզի մէջ ամուսնացած է Աստղիկ Ապտալեանի հետ եւ ունեցած են երեք զաւակներ՝ Վահէ, Շաւարշ եւ Տիանա:

1923-ին ստանձնած է նաեւ Հելիպոլսոյ նորաբաց Նուպարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: 

1927-ին, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Փարիզ, հրաւիրուած է պաշտօնավարելու Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս՝ որպէս ընդհանուր տնօրէն: Այդ պաշտօնը ձեռնհասութեամբ եւ մեծ նուիրումով կատարած է մինչեւ 1936 թուականը: Իր պաշտօնավարութեան տարիներուն՝ իր ջանքերուն շնորհիւ Մելգոնեանը վերածուած է երկրորդական վարժարանի: 

1937-1938 թուականին տնօրէն նշանակուած է Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին: Հիւանդութեան պատճառով, սակայն, կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կը վերադառնայ Փարիզ: Փարիզ եղած շրջանին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Կրթական եւ Ազգապահպանման յանձնախումբերու անդամ նշանակած է զինք: Այդ շրջանին է նաեւ, որ գրած է «Ուղեցոյց հայ ուսուցիչին» գրքոյկը: 

1939 թուականի յուլիսին ՀԲԸՄ-ի կրթական ընդհանուր քննիչ նշանակուած է եւ այդ հանգամանքով շրջապտոյտ մը կատարած է դէպի Միջին Արեւելք, որ, սակայն, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին սկսելուն պատճառով Յունաստանէն վերադարձած է Փարիզ: 

1940-ին, Ֆրանսայի գրաւումէն ետք, գերմանացիներուն կողմէ ձերբակալուած է՝ նկատի ունենալով իր անգլիահպատակ ըլլալու հանգամանքը եւ չորս տարիով համակեդրոնացման ճամբար մը դրուած է: 

1946 թուականի օգոստոսի 4-ին, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Նիւ Եորք, պաշտօնի կոչուած է՝ որպէս օգնական Վահան Մալէզեանի: 

1947 թուականի հոկտեմբերէն մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը՝ 1970 թուականի յունիսի 15-ը, մօտաւորապէս 24 տարի, եղած է ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր տնօրէնը:  

Գիրգոր Կիրակոսեան հայերէնի կողքին իմացած է նաեւ ֆրանսերէն, անգլերէն, թրքերէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն: 

Ֆրանսական մշակոյթին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար առ ի գնահատանք ստացած է «Օֆիսէի տ՚Աքատեմի» պատուանշանը: 

Աշխատակցած է պարբերականներու. ինչպէս՝ Պոլսոյ «Ճակատամարտ»ին: Փարիզ եղած միջոցին կանոնաւոր կերպով թղթակցած է նոյն պարբերականին՝ ազգային, գրական եւ քաղաքական տեղեկութիւններ փոխանցելով: Աշխատակցած է նաեւ Եգիպտոսի մէջ հրատարուող «Արեւ»ին, յատկապէս Եգիպտոս, Կիպրոս եւ Կալկաթա եղած շրջանին: Յօդուածներ, գրախօսականներ եւ դիմաստուերներ ստորագրած է նաեւ «Յուշարար-Միութիւն»ին, «Պայքար»ին, «Շիրակ»ին եւ «Նայիրի»ին մէջ:  

Գրիգոր Կիրակոսեան հանգստեան կոչուելէ ետք համառօտ պատմութիւնը պատրաստած է իր ծննդավայրին՝ Կամիս գիւղին, որ ներառուած է Առաքել Պատրիկի «Սեբաստիոյ հայոց պատմագիրք»ին մէջ: Անոր հանգստեան կոչուելուն մասին, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի հրատարակած «Տեղեկատու»ին մէջ (ԺԴ. տարի, թիւ 1-6, Յունուար-յունիս, 1971, էջ 3-4) կը կարդանք. «Վերջերս տեղեկացանք, թէ հանգստեան կոչուած է ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Գրիգոր Կիրակոսեան, լեցուն տարիքին բերումով, նկատելով որ լրացուցած էր 82 ամեակը:

Տիար Կիրակոսեան իր ազգային ծառայութեան 60-ամեակը բոլորած է 1969 սեպտեմբերին: Այնուհետեւ երկար տարիներ շարունակած է գործել կրթական ասպարէզէն ներս, միշտ իբրեւ տնօրէն՝ Գահիրէի ազգային վարժարաններուն, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին: 

Ան, միշտ գործեց ազգասէր հայու աննուազելի եռանդով, Բարեգործականի կոչումին բարձրագոյն գիտակցութեամբ, իր բազմակողմանի կարողութիւնները յայտնաբերելով եւ որ անուղղակի կերպով եւս ան պիտի շարունակէ ծառայել իր սիրելի Միութեան, որ ինչպէս ինք կ՚ըսէ, խօսքը ուղղելով ՀԲԸՄ-ին.

«Հաւատարիմ իր հիմնական ծրագրին, Բարեգործականը իր կոչումը կը նկատէ հայութեան դարաւոր ոգին, նկարագիրը, անոր ցեղային խորադրոշմ ստորոգելիները անկորուստ պահելու տքնիլ այն տարանման միջավայրերուն մէջ, ուր ճակատագիրը նետած է մեր ժողովուրդը: Երբ հայրենի երկրին մէջ, ազգը կ՚ապրի անվախ եւ ապահով եւ հպարտ, կը կերտէ ու կը ստեղծագործէ, կը նորոգուի ու վերելքէ վերելք կ՚ընթանայ, արտասահմանի մէջ մեր գլխաւոր, տեւական մտատանջութիւնը պէտք է ըլլայ չհիւծիլ, չայլափոխուիլ, չանօսրանալ ու օր մըն ալ չանյայտանալ»: 

Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը եւս բախտը ունեցաւ քանի մը տարի առաջ իր մէջ տեսնել բազմավաստակ տնօրէն՝ Տիար Գրիգոր Կիրակոսեանը, որ տեսակէտ ունեցաւ ամէն հարցի շուրջ եւ կորով՝ զայն պաշտպանելու, որովհետեւ ան լաւ կը ճանչնայ իր ազգին պատմութիւնն ու պահանջքները, խորապէս ըմբռնելով Միութեան կեանքն ու գործը…»:  

Թարգմանած է Ռապինտրանաթ Թակորի «Կիթանճելին», որ հրապարակուած է «Արեւ»ին մէջ, իսկ Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ»ին մէջ, թարգմանած է Տոսթոեւսկիի մէկ նշանաւոր վէպին՝ «Քարամազոֆ եղբայրներ»ու երկար մէկ հատուածը՝ «Մեծ հաւատաքննիչներ»: Ասոնց կողքին Կիրակոսեան թարգմանած է նաեւ Փոլ Կոլթիյէի «Ճշմարիտ դաստիարակութիւնը», որու համար Յովհաննէս Հինդլեան յառաջաբան մը գրած է, 1913-ին: Ժիւլ Փայոյի «Ձիներու մարդ»ը: Կի տը Մոփասանի «Գիշերուան եւ ցերեկուան պատմուածքներ»ը: Ալֆոնս Տոտէէ եւ Օսքար Ուայլտէ «Պատմուածքներ»: Սելմա Լակերլէօֆի «Պարոն Առնէի գանձը» (գերմաներէնէ): Տիմիթրի Մերեժքովսքիի «Աստուածներու մահը»: Անթուան Ալպալայի «Գրելու արուեստը քսան դասերով». այս վերջինս թարգմանելէ աւելի հայացուցած է եւ Դանիէլ Վարուժան Պոլսոյ մէջ օգտագործած է զայն իբրեւ ձեռնարկ իր ուսուցչութեան շրջանին:  

Իր անուան կողքին օգտագործած է նաեւ Գ. Քաջբերունի ստորագրութիւնը:      

Գրիգոր Կիրակոսեան մահացած է 1974 թուականի դեկտեմբերի 2-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է 7 դեկտեմբերին, Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ: Իր մարմինը ամփոփուած է Ֆըռնքլիֆ գերեզմանատունը, Հարցտէյլ, Նիւ Եորք։

* 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աժդահա խմբագիր՝ Մարտիրոս Գօչունեան, Կիրակոսեանի մահուան կապակցութեամբ գրութիւն մը գրած է «Հայութեան նուիրեալ անխոնջ ծառայ մը» վերանգրով:  Գրութեան մէջ Գօչ կը նշէ, թէ Գրիգոր Կիրակոսեան 1911 թուականին եղած է իր ուսուցիչը «Նոր դպրոց»էն ներս, դասաւանդելով հայերէն: «Իբրեւ ուսուցիչ խոստապահանջ էր Գրիգոր Կիրակոսեան, բայց անաչառ եւ ուղղաձիգ, ինչ որ իր կեանքի բովանդակ տեւողութեան եղաւ իր նշանաբանը եւ իր նկարագրին անշեղ գիծը: 

Օր մը, իբր պարտականութիւն գրի առած ազատ շարադրութիւններէս մէկուն, զոր ես շատ հաւնած էի, «անողորմաբար» պակաս նիշ տուած էր. ընդվզեցայ եւ մտադրեցի գանգատիլ հօբարիս՝ Քասիմին (Միսաք Գոչունեան), որ ամէն շաբաթ օր կու գար զիս դպրոցէն առնելու եւ առիթէն օգտուելով երկարօրէն կը տեսակցէր Հինդլեան եւ Մալաթեան էֆէնտիներուն հետ: 

Շաբաթ էր, եկաւ հօբարս Քասիմ, որուն յայտնեցի գանգատս, տղայական դառնացումով: Բայց ի՜նչ «դժբախտութիւն»… հօբարս փոխանակ ինծի իրաւունք տալու, իր մօտ հրաւիրեց Գրիգոր Կիրակոսեանը եւ շնորհաւորեց զայն այն բծախընդ-րութեան համար, զոր ցոյց կու տայ հանդէպ հայերէնի ուսուցման: Քասիմ հայագէտ էր եւ խորապէս հմուտ գրաբարի, այնպէս որ երիտասարդ Կիրակոսեանի մասին անոր գնահատանքը արժէք կը ներկայացնէր» («Յուշարար», 62-րդ տարի, թիւ 6, Մարտ 15, 1975, էջ 15): 

Երկար տարիներ ետք, Մարտիրոս Գօչ Ամերիկա տուած իր մէկ այցելութեան ընթացքին, 1964 թուականին, առիթ ունեցած է հանդիպելու իր երբեմնի ուսուցիչին՝ Կիրակոսեանին: Կը գրէ. «…Երբ պաշտօնական խօսակցութիւնները լրացան, համարձակութիւն առնելով գացի նախկին ուսուցչիս մօտ եւ ըսի. 

- Ճանչցա՞ք զիս, պարոն: 

Պահ մը զիս չափչփելէ վերջ՝ 

- Անունդ ըսէ տեսնեմ, ըսաւ. 

- Մարտիրոս Գոչունեան, պատասխանեցի: 

- Այսինքն Քասիմորդի «Նոր դպրոց»էն, ըսաւ անայլայլ, զիս ապշութեան մատնելով: 

Շատ յուզուեցայ: Ձեռքը համբուրեցի երկու անգամ:

Զգացի, որ գոհունակութեան ալիք մը անցաւ իր հոգիին վրայէն: Քովը նստեցուց զիս եւ շաղակրատեցինք» (նոյն, անդ, էջ 15): 

Իսկ մահուան կապակցութեամբ Գօչ կը գրէ. 

«Տարին 1974: 

Գոյժ մը՝ Գրիգոր Կիրակոսեան արկածի մը զոհ գացեր է… 

Շատ դիւրին է այս քանի մը գուժկան բառերը իրարու քով դնել, բայց դիւրի՞ն է միթէ ունենալ Գրիգոր Կիրակոսեան մը՝ հայ լեզուի, հայ մատենագրութեան, հայ ոգիի, կարճ խօսքով հայութեան նուիրեալ անխոնջ ծառայ մը, ինչէպս եղաւ ինք: 

Վերջին անգամ 1971-ին տեսայ զինքը, միշտ զուարթ, միշտ կորովի եւ աչքերով ժիր, որոնք կը պճլտային ակնոցներուն ետեւէն, իր երիտասարդութեան օրերուն նման: Զինքը ակնոցով տեսած էի «Նոր դպրոց»ի մէջ: 

- Մարտիրոս, այլեւս հանգստեան կը կոչուիմ, ըսաւ եւ շարունակեց. 

Բայց Բարեգործականի սեղանէն միայն: Հայագիտական մէկ երկու աշխատութիւն ունիմ ձեռքիս տակ, ամբողջ փափաքս է վերջացնել զանոնք: 

Կրցա՞ւ վերջացնել արդեօք… 

Հէ՜ք ուսուցիչս, լոյսը որ ջամբեցիր մեզի, հոգիիդ վրայ թող ցոլայ» (նոյն, անդ, էջ 16):  

* 

«Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը» գրքոյկին մէջ կը կարդանք. 

* Իր ասպարէզին արժէքը խորապէս ճանչցող եւ, հետեւաբար, անոր սիրովը մշտապէս լեցուն ուսուցիչ մը քահանայ մըն է: Իր հոգին, այսինքն իր բոլոր կարողութիւնները, այսինքն ինչ որ կայ իր մէջ բարձր, ազնուագոյն, պէտք է փոխանցէ իր գործին մէջ: Ինքզինքը այսպէս բոլորանուէր տալով է որ միայն ու միւս կողմէն ինքզինքը անդադար աճեցճելով՝ որպէսզի ակը չցամքի՝ ան կրնայ մարդուն կերտումին սատարել: Իր հաւատքին մէջ պատրանքի բաժին մը կայ, -ըսի վերը: Մանուկը կենդանի նիւթ մըն է. կարելի չէ անոր տալ կամայական ձեւեր: Այդ կենդանութիւնը իր հիմնական կերպարանքը կ՚առնէ հեռաւոր ազդակներէ, ցեղէն, նախնիքներէն, զինքը ծնող արիւնէն. բայց նաեւ, յետոյ, իր շրջապատէն, մեծերէն՝ որոնց հակամէտ է հետեւելու, իր հասակակիցներէն՝ որոնցմէ չ՚ուզեր տարբեր ըլլալ, ու նաեւ, այն ազդեցութիւններէն, որոնք զինքը կը տպաւորեն կրթութեան, տեսարանի, խաղի եւ այլ ձեւերու տակ: Սակայն, եթէ մանուկին մէջ հետզհետէ ապագայ մարդուն պատկերը շինող էական տարրերը կը խուսափին ուսուցչին հակակշռէն, ընդհակառակը այդ պատկերին երկրորդական գիծերը տուող ներգործութիւնները ենթակայ են իր հեղինակութեան: Գերազանցօրէն ուղղումի, զսպումի եւ խթանումի գործ մըն է ընելիքը, ո՛չ թէ ստեղծումի, որ անկարելիութիւն մըն է: Պիտի ուղղէ կարգ մը ուժեր, բնազդներ, այսինքն բանաւոր, բարերար ուղղութիւն մը պիտի տայ անոնց. պիտի զսպէ ու հետզհետէ չքացնէ կարգ մը հակամիտութիւններ, որոնք մեծ աւերներ պիտի գործէին, եթէ ազատ ձգուած ըլլային. պիտի արթնցնէ, շարժման մէջ պիտի դնէ կարգ մը ընդունակութիւններ, բնական ազնիւ տրամադրութիւններ, որոնք խոպան պիտի մնային կամ պիտի խամրէին առանց իր հոգածութեան: 

Հայ ուսուցչին պարտականութիւնն է ուրեմն հայ մանուկէն պատրաստել վաղուան հայ մարդը, որ ըլլայ նախ առողջ, կենսունակ մարդ մը, ու ըլլայ յետոյ՝ խոհուն, զգայուն ու կորովի մարդ մը: Որեւէ դաստիարակութիւն կը դաւաճանէ իր կոչումին՝ եթէ ամբողջական մարդը կազմող այդ պայմաններէն մէկը կամ միւսը անտես ընէ: Եւ ոեւէ հայ դաստիարակ անարժան է իր առաքելութեան, եթէ, մանաւանդ մեր ազգային ճակատագրին այս մռայլ օրերուն, այդ պայմաններուն վրայ ամէն վայրկեան չհակի գուրգուրանքով, անոնց ներդաշնակ խառնուրդովը շաղուելու համար իր ձեռքին տակ գտնուող հոգիները, որոնք հայ անունը յաւիտենականութեան մէջ երկարող ոսկի շղթային ամուր օղակները պիտի ըլլան: 

Ազգապահպանո՜ւմ.- Անոր խոնարհ բայց ամենէն բազմարդիւն գործիչը հայ ուսուցիչն է. ազգապահպանումի առաքեալն իսկ է ան. պէտք է ան լեցուի իր այդ դերին գիտակցութեամբ ու պէտք է պահանջել, որ իր այդ դերը կատարէ առաւելագոյն արժանաւորութեամբ («Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը», էջ 11-13): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026