ԴԱՐՁԵԱԼ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մոսկուա սպասումի մէջ է Երեւանի հետ յարաբերութիւն-ներու պարագային։ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ նոր է՞ջ մը պիտի բացուի, թէ բաժանում մը պիտի ապրուի։ Հինը վերջնականօրէն պիտի աւարտի՞։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի օրերս Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք նոր երանգով լուրեր սկսած են շրջագայիլ։ Այդ «աւետիս»ը փոխանցեց Փաշինեան՝ կարճ տեսանիւթով մը հայ ժողովուրդին ծանուցելով, որ յառաջիկային պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր գլուխ-գլուխի պիտի տեսակցի Փութինի հետ։
Առաջին հայեացքով՝ սովորական դիւանագիտական հանդիպում, բայց, իրականութեան մէջ, շատ աւելի ծանրակշիռ քաղաքական երեւոյթ մը։ Արդարեւ, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին այնպիսի փուլի մը մէջ, ուր մէկ սխալ հաշուարկ կրնայ նոր ճեղքեր բանալ, իսկ մէկ ճիշդ քաղաքական քայլ՝ գոնէ ժամանակաւորապէս կրնայ կանգնեցնել առկայ հեռացումը, որ կը խորանայ կողմերուն միջեւ։ Նման լարումներ, անշուշտ, եղած են նաեւ անցեալին՝ մասնաւորաբար 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք։ Բայց, այսօրուան իրավիճակը տարբեր է։ Այսօր հարցը այլեւս միայն Փաշինեան-Փութին անձնական յարաբերութիւններուն կամ երկու կառավարութիւններուն միջեւ տարաձայնութիւններու մասին չէ։ Հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան, անվտանգային համակարգին, տնտեսական կախ-ւածութիւններուն եւ, ի վերջոյ, «ո՞ւր երթալ»ուն մասին է։ Հոս է, որ կը ծագի հիմնական հարցումը․ ի՞նչ պիտի ըլլայ Մոսկուայի յառաջիկայ հանդիպման իրական օրակարգը։ Ի՞նչ պիտի ընէ Երեւան։
Արդեօք այդ օրակարգը նախապէս համաձայնեցուա՞ծ է, թէ երկու ղեկավարները պիտի նստին դէմ առ դէմ եւ պիտի փորձեն գտնել այն կէտը, ուր Հայաստանի նոր քաղաքական իրականութիւնը կը համընկնի Ռուսաստանի ռազմավարական շահերուն։
Հարցերը շատ են.
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Հայաստան յարաբերութիւնները, ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի սառած կապերը, Հայաստանի ակնյայտ թեքումը դէպի Արեւմուտք, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին ընդունուած օրէնքը, Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի ապագան, Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական եւ արդիւնաբերական կապերը, ռուսական շուկան, ենթակառուցուածքները, երկաթուղին, ներդրում-ները եւ այլն։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ Երեւան-Մոսկուա ռազմավարական գործընկերութեան ապագան։
Մոսկուայի պատգամը յստակ է. ընտրութիւնը ձերն է, բայց, հետեւանքները նոյնը չեն։ Պիշքէքի մէջ, Փութին փորձեց մէկ բան յստակ դարձնել։ Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումը Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է։ Այսինքն, Մոսկուա պաշտօնապէս չի վիճարկեր Երեւանի ընտրելու իրաւունքը։ Բայց, նոյն շունչով նաեւ ըսաւ, որ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ միաժամանակ գտնուիլ գործնականօրէն անկարելի է։
Այս մէկը պարզ նախազգուշացում մը չէ։ Աւելին՝ քաղաքական հաշուարկի մը յայտարարութիւն է։ Փութին կ՚ըսէ, որ ընտրութիւնը Հայաստանինն է, բայց, երբ այդ ընտրութիւնը կատարուի, ապա Ռուսաստանն ալ վերատեսութեան պիտի երթարկէ յարաբերութիւնները։ Մոսկուա, հետեւաբար, Երեւանէն յստակ պատասխաններու կը սպասէ։
Իր կարգին, Փաշինեան առայժմ կը փորձէ որեւէ դուռ չփակել։ Ան կ՚ըսէ, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած։ Երեւան նաեւ կը պնդէ, որ ԵՄ-ի ուղղութեամբ քայլերը չեն նշանակեր, թէ դժգոհութիւն կայ ԵԱՏՄ-էն։ Այսինքն, Հայաստանի ներկայ քաղաքականութիւնը կարծես կը փորձէ ըսել. «Եւրոպական դուռը բաց կը պահենք, իսկ ռուսական դուռը չենք փակեր»։ Բայց, միջազգային քաղաքականութեան մէջ դռները անվերջ բաց չեն մնար։ Եւ ահա՛ հոս է բարդութիւնը։
«ԵԹԷ ՊԷՏՔ ՉԷ՝ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆՔ»
Փութին Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի պարագային ըրաւ յայտարարութիւն մը, որ անպայման պիտի մնայ այս հանդիպման քաղաքական արձանագրութեան մէջ։ Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխին անդրադառնալով՝ ան ըսաւ, որ եթէ Հայաստան կը կարծէ, թէ անոր պէտքը չունի, ապա Ռուսաստան թեկուզ վաղը պատրաստ է հեռանալու։ Այսպիսի յայտարարութիւնները պէտք չէ դիտել միայն՝ որպէս բառեր։ Արդարեւ, Կիւմրիի ռազմախարիսխը միայն ռազմախարիսխ մը չէ։ Ան, տասնամեակներէ ի վեր, Հայաստան-Ռուսաստան անվտանգային յարաբերութիւններու ամենատեսանելի խորհրդանշաններէն մին է։ Եթէ այդ ներկայութիւնը օր մը իսկապէս հարցականի տակ դրուի, ապա քննարկումը այլեւս միայն ռազմախարիսխի մասին պիտի չըլլայ, որովհետեւ պիտի վերաբերի Հայաստանի անվտանգային ամբողջ ճարտարապետութեան։
ԱՐՑԱԽԻ ԷՋԸ ՓԱԿՈՒԱ՞Ծ
Փութին կրկին վերադարձաւ Արցախի հարցին եւ 2022-ի Փրակի հանդիպման։ Ան փորձեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերջին տարիներու ճգնաժամը բացատրել այդ շրջադարձով՝ նշելով, որ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանաչումէն ետք Ռուսաստանի համար ստեղծուած էր նոր իրավիճակ։
Այստեղ եւս երկու կողմերու պատմութիւնները տարբեր են։ Երեւան կը խօսի անվտանգութեան ձախողած համակարգի մը, պատերազմի եւ նոր իրողութիւններու մասին։ Մոսկուա կը շեշտէ, որ Երեւանի քաղաքական որոշումները փոխեցին ամբողջ իրավիճակը։
Յամենայնդէպս, այսօր իրականութիւնը մէ՛կ բան կը պահանջէ։ Անցեալի շուրջ վիճելու փոխարէն՝ ապագան որոշել։ Փութին նոյնիսկ օգտագործեց «էջը շրջել»ու գաղափարը, սակայն, էջ մը շրջելը չի նշանակեր պատմութիւնը ջնջել։ Եւ այստեղ է, որ Հայաստան պէտք է զգոյշ ըլլայ, որովհետեւ Արցախի էջը փակելու մասին քաղաքական յայտարարութիւնը չի նշանակեր, որ անոր հետեւանքները նոյնպէս փակուած են։
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽԱՂԱՔԱՐՏ
Ռուսաստան նաեւ ունի տնտեսական կարեւոր խաղաքարտ մը, որն է ԵԱՏՄ-ն։ Եւ սա փոքր խաղաքարտ մը չէ։ Փութին յայտարարեց, որ երկու երկիրներու միջեւ ա-ռեւտրաշրջանառութիւնը տարեսկիզբէն ի վեր հասած է շուրջ 2,5 միլիառ տոլարի։ ԵԱՏՄ Հայաստանի համար կը նշանակէ նաեւ ռուսական շուկայի հասանելիութիւն, տնտեսական արտօնութիւններ եւ ուժանիւթի գիներու հետ կապուած առաւելութիւն-առանձնաշնորհումներ։ Այս պատճառով ալ ԵԱՏՄ-ի հարցը միայն քաղաքական չէ։ Այստեղ կայ նաեւ տնտեսական հաշիւ։
Եւ երբ Մոսկուան Երեւանին կը հարցնէ, թէ «ի՞նչ կ՚ուզէք», ապա, իրականութեան մէջ, կը հարցնէ նաեւ, որ «պատրա՞ստ էք» արդեօք վճարել ձեր նախընտրութեան տնտեսական գինը։
ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
Այս բոլորին մէջ ամենակարեւոր արձանագրումը թերեւս այն է, որ Փաշինեան եւ Փութին որոշած են խօսակցութիւնը շարունակել Մոսկուայի մէջ։ Փութին Փաշինեանը հրաւիրած է Ռուսաստան՝ մասնագէտներու ներկայութեամբ մանրամասնօրէն քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւնները։ Փաշինեանն ալ յայտարարեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է նոր պայմաններու մէջ վերաձեւակերպուին։
Այս կէտին վրայ է բուն խնդիրներէն մին. վերաձեւակերպե՞լ, թէ փոխարինել։
Այս երկու բառերուն միջեւ քաղաքական մեծ տարբերութիւն մը կայ։ Եթէ վերաձեւակերպել կը նը-շանակէ՝ պահպանել ռազմավարական կապը, բայց, նոր պայմաններով, նոր փոխադարձ ակնկալութիւններով եւ աւելի հաւասարակշռուած յարաբերութեամբ, ապա կարելի է խօսիլ նոր էջի մը մասին։ Բայց, եթէ վերաձեւակերպումը պարզապէս անցումային բառ մըն է՝ մինչեւ Հայաստանի ամբողջական հեռացումը Ռուսաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային համակարգերէն, ապա Մոսկուայի մօտալուտ հանդիպումը կրնայ ըլլալ ո՛չ թէ նոր սկիզբի մը, այլ երկար հրաժեշտի մը հերթական կանգառը։ Ուրեմն, այս անգամ խօսքը միայն Փութինի եւ Փաշինեանի մասին չէ։ Մոսկուայի մօտալուտ հանդիպումը, հետեւաբար, պէտք չէ չափել միայն անոր տեւողութեամբ, պաշտօնական յայ-տարարութիւններով կամ ժպիտներով, այլ միայն ու միայն արդիւնքով։ Արդարեւ, Հայաստան այսօր կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ընտրութեան մը դիմաց, որուն հետեւանքները կրնան տարածուիլ տարիներու վրայ։ Երեւան իրաւունք ունի ընտրելու իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը, բայց, ինքնիշխանութիւնը միայն ընտրելու իրաւունք չէ։ Ինքնիշխանութիւնը նաեւ որեւէ նախընտրութեան հետեւանքները հաշուելու կարողութիւնն է։ Եւ նոյնը կը վերաբերի նաեւ Մոսկուային։
Ռուսաստան չի կրնար ակնկալել, որ Հայաստան յաւերժ պիտի մնայ այն նոյն քաղաքական եւ անվտանգային համակարգին մէջ, որուն շուրջ կառուցուած էր անցեալի դաշինքը։ Հայաստան փոխուած է։ Տարածաշրջանը փոխուած է։ Ռուսաստանի դերը փոխուած է։ Արեւմուտքի ներկայութիւնը փոխ-ւած է։
Եւ այս նոր իրականութեան մէջ հին բանաձեւերով նոր յարաբերութիւն կառուցել կարելի չէ։ Ուստի, Փաշինեան-Փութին Մոսկուայի մօտալուտ հանդիպման իրական հարցումը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ «ո՞վ զիջեցաւ» կամ «ո՞վ յաղթեց»ը։ Հարցումը շատ աւելի պարզ եւ, միաժամանակ, շատ աւելի ծանր է։ Երկու կողմերը կրնա՞ն ընդունիլ, որ այլեւս գոյութիւն չունի Հայաստան-Ռուսաստան հին յարաբերութիւնը եւ փոխարէնը ստեղծուած է նոր մը՝ առանց նոր թշնամանքի։ Եթէ ղեկավարները յաջողին, ապա Մոսկուայի մօտալուտ ժամադրութիւնը կրնայ դառնալ նոր էջի մը սկիզբը։ Իսկ եթէ չյաջողին, ապա այդ հանդիպումը կրնայ դառնալ այն պահը, երբ երկու կողմերը վերջնականապէս պիտի հասկնան, որ տարիներ շարունակ պահպան-ւած «ռազմավարական դաշինք»ը այլեւս կը պատկանի անցեալին եւ ոչ թէ ապագային։
Պիշքէքի հանդիպումը հարցերը բացաւ։ Մոսկուան պիտի տայ պատասխանները։ Եւ այդ պատասխաններուն մէջ պիտի երեւի ո՛չ միայն Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու ապագան, այլեւ՝ Հայաստանի տեղը նոր աշխարհին մէջ։
ՊԻՇՔԷՔԷՆ ՄՈՍԿՈՒԱ
Պիշքէքի հանդիպումը՝ բոլոր արձանագրուած յայտարարութիւններով հանդերձ, դեռեւս չի կրնար նկատուիլ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու նոր փուլի մը սկիզբը։ Ան աւելի շատ այն կէտն էր, ուր երկու կողմերը բաց կերպով իրարու դիմաց դրին իրենց սպասումները, մտահոգութիւններն ու չլուծուած հարցերը։ Այժմ Պիշքէքէն վերջ կը սպասուի Մոսկուայի ժամադրութեան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ. նոր էջի նախաբա՞ն, թէ վերջնական հեռացում։
Երեւան կը փորձէ նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ պահպանել Մոսկուայի հետ տնտեսական եւ պատմական կապերը, միաժամանակ, շարունակելով իր ընթացքը դէպի Արեւմուտք։ Մոսկուա, իր կարգին, կ՚ըսէ, որ Երեւանի ինքնիշխան նախընտրութիւնը կը յարգէ, բայց, այդ նախընտրութիւնը չի կրնար անվերջ մնալ երկու տարբեր աշխարհաքաղաքական համակարգերու միջեւ։ Հետեւաբար, Մոսկուայի յառաջիկայ հանդիպումը պարզապէս Փաշինեան-Փութին հերթական զրոյց մը պիտի չըլլայ։ Ան կրնայ դառնալ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու իրական վերագնահատման պահը։ Արդարեւ, հարցը այլեւս միայն այն չէ, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-ի մէջ պիտի մնա՞յ կամ ոչ, ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւնները պիտի վերականգնուի՞ն կամ վերջնականապէս պիտի սառեցուին, Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխը պիտի մնա՞յ կա՛մ պիտի հեռանայ։ Աւելի խորքային, հարցը կը վերաբերի, որ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական յարաբերութեան հասկացութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղուան Հայաստանի համար։
Արդեօք երկու երկիրները պիտի կարենա՞ն գտնել նոր ձեւաչափ մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ փոխադարձ յարգանքի, իրական շահերու եւ նոր տարածաշրջանային իրողութիւններու գիտակցութեան վրայ։ Այլապէս, տարիներու ընթացքին կուտակուած անվստահութիւնը, աշխարհաքաղաքական տարբեր հաշուարկները եւ փոխադարձ ակնկալութիւններու բախումը պիտի շարունակեն երկու կողմերը հեռացնել իրարմէ։ Այս իմաստով Մոսկուայի մօտալուտ հանդիպումը կրնայ ըլլալ վճռորոշ։ Արդարեւ, երբեմն պետութիւններու յարաբերութիւնները չեն փոխուիր մէկ յայտարարութեամբ կամ ստորագ-րըւած մէկ փաստաթուղթով։ Անոնք կը փոխուին ճիշդ այն պահուն, երբ կողմերէն մէկը կամ միւսը եւ կամ երկուքը կը հասկնան, որ հին ձեւով շարունակելը այլեւս հնարաւոր չէ։
Հայաստան այսօր այդ սահմանագծին վրայ կը գտնուի։ Երեւան պիտի ստիպուի ո՛չ միայն կողմնորոշուիլ Արեւելք-Արեւմուտք հակադրութեան մէջ, այլեւ ճշդել, թէ ինչպիսի՛ Մոսկուա մը կ՚ուզէ ունենալ իր կողքին։ Նոյնպէս, Մոսկուա ինչպիսի՛ Հայաստան մը ընդունելու պատրաստ է՝ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, որ ինքնուրոյն կ՚որոշէ իր շահերը։ Ուստի, Մոսկուայի մէջ հարցը միայն պիտի չըլլայ, թէ ի՞նչ պիտի ըսեն Փաշինեանն ու Փութինը։ Աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ի՞նչ պիտի փոխուի անոնց հանդիպումէն ետք։
Եթէ երկու կողմերը յաջողին անցնիլ փոխադարձ մեղադրանքներու սահմանէն եւ հասնիլ նոր պայմանագրի մը՝ քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային նոր ըմբռնումով, ապա Պիշքէքի հանդիպումը կրնայ իսկապէս դառնալ նոր էջի մը նախաբանը։ Բայց, եթէ Մոսկուա շարունակէ Երեւանը չափել անցեալի չափանիշներով, իսկ Երեւան Մոսկուայի հետ իր յարաբերութիւնները փորձէ պահել միայն անցումային տրամաբանութեամբ, ապա ներկայ ճեղքը կրնայ վերածուիլ վերջնական հեռացումի։ Եւ հո՛ս է իրական վտանգը։ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու հարցը այլեւս միայն երկու մայրաքաղաքներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն չի վերաբերիր։ Ան Հայաստանի անվտանգութեան, տնտեսական ապագային, տարածաշրջանային դերակատարութեան եւ ի վերջոյ՝ պետական ռազմավարութեան հարցն է։ Պիշքէքը նախաբանն էր, Մոսկուան պիտի ըլլայ փորձաքարը։
Եւ այնտեղ պիտի երեւի՝ Երեւանն ու Մոսկուան պիտի կարենա՞ն միասին գրել նոր էջ մը, թէ պատմութեան հին էջը, որուն վրայ տակաւին կը մնան բարեկամութեան, դաշնակցութեան, հիասթափութեան եւ անվստահութեան հետքերը, պիտի փակուի վերջնականապէս։ Որովհետեւ, այս անգամ հարցը այլեւս միայն «Ռուսաստանի հետ ըլլա՞լ, թէ ոչ»ի հարց չէ։ Հարցը շատ աւելի ծանր է. ինչպիսի՞ Հայաստան մը պիտի կանգնի Ռուսաստանի դիմաց եւ այդ Հայաստանը ինչպիսի՞ Ռուսաստան մը պիտի ուզէ ունենալ իր կողքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան