ՆԵՐԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Ներելը՝ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ շինիչ եւ վերանորոգիչ դեր կատարող, բարոյական բարեմասնութիւններու արդիւնք օրինակելի եւ դաստիարակիչ արարք մըն է։ Ներելով կը վերհաստատուին բարեկամութիւններ։ Ներելը արգելք մըն է մարդկային կիրքերու, ցասումներու անսանձ մղումներուն եւ դրսեւորման։ Եւ այս իմաստով, ներումը զոհողութիւն կը պահանջէ՝ զգացումներէ զրկանք եւ անձնուիրութի՛ւն։ Եւ այս պատճառաւ իսկ, շատ անգամ ներելը դժուար արարքի մը կը վերածուի։

Հատուցում պահանջել՝ չհրաժարիլ, կարծես մարդկային բնութեան էական նկարագիրն է։ Ոխակալութիւն, վրէժխնդրութիւն, վնաս մը փոխադարձելու անդիմադրելի տրամադրութիւնը, քինախնդրութիւնը յաճախ բնական վիճակ մը կը նկատուի մարդուս համար։ Եւ վերջապէս, մարդ գերին կը դառնայ իր իսկ այս վատ տրամդրութեան։

Ներելը, արդարեւ, բարեբեր եւ օգտակար արարք մըն է մարդուս բարոյական եւ հոգեւոր կեանքին համար, նաեւ մարմնին առողջութեան համար, քանի որ ոխակալութիւնը պատճառ կրնայ ըլլալ նաեւ մարդուն ջղային դրութեան խանգարման եւ վնասմա՛ն…

Այո՛, ներենք, ներենք, բայց արդեօք ներելու աստիճաններ, թիւեր եւ պայմաններ գոյութիւն ունի՞ն։ Ո՞րքան, ո՞ր չափով պէտք է ներել. ամէն պարագայի եւ անպայման ներե՞լ, թէ որոշ պարագաներու եւ պայմաններու մէջ ներել…։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ ներումը, դարմանումի կարօտ հիւանդի մը յանձնարարուած դեղահատի կը նմանի. հիւանդութեան եւ հիւանդին համեմատ քանակը կը փոխուի, այլապէս պէտք է որոշ չափով օգտագործուի, քանի որ քիչը՝ անօգուտ կ՚ըլլայ, իսկ աւելին՝ վնասակա՛ր։ Դեղի մը որակէն աւելի, անոր քանակը կարեւոր է դարմանումին արդիւնաւորութեանը համար։

Ահաւասի՛կ, ներումն ալ, յանցաւորին նկարագրին համեմատ տարբեր արդիւնքներ կու տայ, ո՛ր մէկուն որեւէ ազդեցութիւն չ՚ըներ, ուրիշի մը չափէն աւելի կ՚ազդէ։ Ուստի, նոյն յանցաւորը, նոյն յանցանքին համար տեւական ներել՝ յանցանքը այլեւս բնական վիճակի մը կը վերածէ, քանի որ միօրինակութիւնը վարժութիւն կը ստեղծէ։ Մանաւանդ որ, եթէ յանցաւորը տկար նկարագրի տէր մէկն է՝ ներուելու յոյսով, առանց մտահոգուելու կը շարունակէ նոյն յանցանքը գործել։

Ուրեմն, երբ պիտի ներուի մէկը, պէտք է նախ յանցաւորին անձը նկատի առնուի, յետոյ, ներումին չափը եւ կամ թիւը։ Ուստի, «տեւական ներող»ի կամ «անպայման ներող»ի տպաւորութիւնը թողած մէկու մը ներումը որեւէ օգուտ չ՚ունենար, այլ, աւելին՝ վնաս կը պատճառէ։ Ներելու արարքը՝ զգուշութիւն պահանջող արարք մըն է։

Այս կէտին յիշենք, որ ներումը պէտք չէ անտարբերութիւն նկատուի յանցանքին եւ յանցաւորին նկատմամբ եւ ոչ ալ՝ յանցանքը եւ յանցաւորը մոռնալ, քանի որ ինչպէս Nelson Mandela (1918-2013) ըսած է. «Կը ներեմ, բայց չե՛մ մոռնար», պէտք է ամէն յանցանքէ, ամէն յանցագործէ դաս մը քաղել, որպէսզի չկրկնուի այդ արարքը եւ յանցագործն ալ այնուհետեւ զգոյշ եւ ուշադիր ըլլայ, նոյնպէս նաեւ՝ յանցանքին պատճառով վնաս կրողը։ Արդարեւ, ամէն արարք՝ բարի կամ չար, կեանքի դաս մը, փորձառութիւն մըն է։

Բայց հոգեւոր իմաստով, ներումը պարտաւորութիւն մըն է, քանի որ մարդ, որքան ալ աններողամիտ ըլլայ՝ Աստուծմէ կ՚ուզէ, որ ինք միշտ ներուի եւ Աստուած միշտ ներողամիտ է եւ ներո՛ղ։ «Բարեգութ եւ ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով։ Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեան ոխ չի պահեր…». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 8-9)։ Եւ մարդ երբ ամէն օր կ՚աղօթէ, իր աղօթքին մէջ չի՞ խոստանար ներել անոնք՝ որոնք յանցանք գործած են իրեն դէմ. «Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց-պարտապանաց…», ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն…։ Արդարեւ, խօսքը մեր Աստուծոյ Սրբութեան, Գթութեան, Սիրոյն «սրտի խորունկէն» եկող կենսական մասնակցութեան մասին է։ Հոգին, որ մեր կեա՛նքն է, միայն Ինք կրնայ Յիսուս Քրիստոսը համակող նոյն զգացումները մերը դարձնել։ Այն ատեն միատեղ ներումը կարելի կը դառնայ երբ մենք ալ իրարու ներենք, «ինչպէս» Աստուած ներեց մեզի Քրիստոսով։ Ուստի, ներել կը նշանակէ Աստուծոյ նմանիլ՝ ինչպէս Ան ներող է, նոյնպէս ներող ըլլալ։ Մարդուս համար դժուար է ներել, բայց անկարելի չէ՛ երբեք…

Միքիա մարգարէ ամենողորմ եւ ներող Աստուծոյ մասին աստուածատուր խօսքերով կ՚ըսէ.

«Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ անօրէնութեան կը ներէ եւ իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ՚ընէ. իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ։ Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ, մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ։ Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես։ Յակոբին ճշմարտութիւն պիտի ընես եւ Աբրահամին՝ ողորմութիւն։ Ինչպէս հին օրերէն ի վեր մեր հայրերուն երդումով խոստացեր ես». (ՄԻՔԻԱՅ, Է 18-20)։

Ուստի, քանի որ Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ ստեղծուած է մարդը՝ պէ՛տք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին, եւ իր գործերով նմանի Աստուծոյ։ Այս իմաստով, մարդ պէտք է ներողամիտ ըլլայ եւ հեռանայ ամէն ոխակալութենէ եւ քինախնդրութենէ եւ այս կերպով նմանի Աստուծոյ՝ ինչպէս ստեղծուած է։

Եթէ կայ սէրը՝ ինչո՞ւ ատելութիւն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 7, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026