ՄԻՇՏ ՍԵՐՏ ԿԱՊԵՐ

Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սաուտի ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկեցին ՕՓԷՔ-ի շրջանակներէն ներս իրենց գործունէութեան սերտ համակարգումը: Մոսկուա-Ռիատ առանցքին վրայ օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային օրակարգի հրատապ հարցերը: 

«Տնտեսական համագործակցութեան համատեսքին մէջ մենք հաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու մեր սերտ համակարգումը ՕՓԷՔ-ի շրջանակներէն ներս՝ համաշխարհային ուժանիւթի շուկային մէջ առաջարկի եւ պահանջարկի հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար», յայտնեց Սերկէյ Լաւրով պաշտօնակցին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: 

Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ հուսիներու յարձակումներուն՝ զանոնք որակելով հակաարդիւնաւէտ: «Մենք կը կարծենք, թէ Սէուտական Արաբիոյ ենթակառուցուածքներու՝ ներառեալ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ հուսիներու յարձակումները արդիւնաւէտ չեն: Մենք լիովին կ՚աջակցինք Սէուտական Արաբիոյ յանձնառութեան՝ շարունակելու համաձայնեցուած եւ հաստատուած ճանապարհային քարտէսի իրականացման: Կը կարծենք, թէ անընդունելի է փորձել լուծել այս խնդիրները ռազմական ճամբով, ինչ որ միայն կը վտանգէ քաղաքացիական անձերը եւ քաղաքացիական կառոյցները, նաեւ շատ բացասական ազդեցութիւն կը գործէ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ՝ հաշուի առնելով Արաբական թերակղզիի եւ անոր շրջակայ բոլոր ջուրերու կարեւորութիւնը համաշխարհային առեւտուրի ուղիներու բնականոն գործունէութեան տեսակէտէ», ըսաւ Լաւրով: 

Իր կարգին, Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սաուտին ալ յայտարարեց, որ կողմնակից է տարածաշրջանային խնդիրներու դիւանագիտական ճանապարհով լուծման, սակայն, իր երկիրը չ՚երկմտիր շահերը պաշտպանելու հարցին մէջ: «Չեմ ուզեր ըսել, որ դիւանագիտական ճանապարհը փակ է, որովհետեւ մեր թագաւորութիւնը միշտ կ՚աջակցի խաղաղութեան եւ դիւանագիտական լուծումներուն, սակայն, մենք չենք տատամսիր պաշտպանելու մեր շահերը եւ կ՚ապահովենք մեր պայմանները, կ՚ապահովենք մեր նպատակները: Խորհուրդ կու տանք Եմէնին՝ ինչպէս ապահովել իր շահերը, կ՚աշխատինք՝ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան շահերու հիման վրայ եւ կ՚օգտագործենք մեր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ ընելու համար այն, ինչ որ պէտք է ընենք», ըսաւ ան:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2026