ԿԱՐՕ ՓՕԼԱՏԵԱՆ-ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ…
-Հոս նկատի չունինք Խորհրդային Հայաստանը, արդարեւ: Մենք մեր սուրճին հետ, առանձինն, մեր գլխուն ճարը կրնանք նայիլ: Ո՛չ բեռ ըլլանք, ո՛չ ալ յոյս տանք Հայաստանին, մինչեւ այն օրը, երբ հայրենասիրութեան սեւ շուկան վերջ գտնէ ու մեր երկու պարագայական ճակատագիրները իրարու հանդիպելու կարելիութիւնը ունենան: Այս ճակատագիր բառը, դեռ լքուած, առկախ, գերբնական ու տիեզերական մղումներու ու միւս կողմէն՝ անյոյս, ձրի, բայց անկարելի ազատութեան հրամայականին միջեւ…: Ո՛չ իսկ յստակատեսութիւնը ունինք, երբեւիցէ ունեցած ենք եթէ, որպէսզի փաստէինք, գո՛նէ մենք մեզի՝ թէ առնուազն քաջութիւնը ունինք զայն գործածելու… մե՛նք, կիսաւարտ ու լքուած շանթիէ մը, մայրաքաղաքի կեդրոնէն հեռու տարտամ արուարձանի մը սահմաններուն, անել փողոցի պէս բանի մը ծայրը, ուր, գործազուրկ, տարիքը անյայտ ու շատախօս դերասաններ ամէն իրիկուն կը հաւաքուին ու իրենց դպրոցական տարիքի դերերը կը խաղան ամենայն լրջութեամբ, ստորերկրեայ փարքինկի մը մէջ…: Յետոյ փողոց կ՚ելլեն ու սիրային շինծու արկածախնդրութիւններ կը պատմեն իրարու, յիշելով իրենց տգեղ կիները, վիժած նորածինները, անզգալաբար կծկուելով քիթ քթի, իրենց քունը գլուխը, սահելով կամաց կամաց թաց երազներու սպառումին մէջ…
-Հետզհետէ աւելի աղուոր… ուրեմն այսպէս, ուրեմն ա՛յսչափ, սիրելի Վահէ: Արտասահմանի մէջ՝ չիք հայութիւն… վե՛րջ հայութեան:
-Անշուշտ, ազգ ենք, եթէ այս բառին տանք իր լրագրային, նպարավաճառային իմաստը. ու պահ մը ա՛յնքան միամիտ ըլլանք, որ լուրջի առնենք խմբագրականներու, բանախօսութիւններու ու քարոզներու մքլոտած իմաստութիւնը։
Եւ դեռ մենք զմեզ Հայ կը կոչենք, օղիի սեղաններու շուրջ սոխ հոտելով եւ մեր պատանութիւնը վերապրելով: Կամ ալ հանդէսներու մէջ, երբ երջանիկ ձանձրոյթի օրօրը ալիք ալիք կը պարուրէ մեզ… Ձայնը ելեւէջող բանախօս, յօրանջող նախագահ ու հաւաքական կոյրերու ժպիտ…։ Հայ ըլլալը շօշափելի առարկայ մըն է, մտերիմ աղտոտած փոխնորդի զգայնութիւն, օրական չորս փաքէթ ծխողի հազ, ամուրիի անգոյն ժպիտ՝ հայելիին դիմաց, առտուան արդուզարդի պահուն… Եւ կա՛մ, լաւագոյն պարագային, մտածելով Նարեկացիի, Աբովեանի մասին, այնպէս ինչպէս ժամանակակից իտալացի մը պիտի մտածէր Կեսարի մասին ու հպարտ զգար իր վտիտ անձը, երբ մանկութենէն ի վեր, ցեխոտ պատերու մէջ, կ՚երազէ սանտուիչի մասին, զոր ո՛չ ծախող կայ, ո՛չ գնող… Եւ այս բոլորը չէր բաւեր, տակաւին զիրար կը համոզենք, որ հայ փառապանծ ազգը կը յառաջդիմէ իր մշակոյթով, իր խռկացող թաղականներով. կը յառաջդիմէ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական մարզերու մէջ, եւ այլն… եւ այլն… Կը յառաջդիմէ ան, կեանքի ձայնը քաշուած, ատամնաշարը ինկած, թրքերէն հայհոյող եւ կատակող մարգարէներու զոհաբերութեան շնորհիւ։
Չափահաս մարդու այս յամեցող գիջութիւնը որքա՜ն սուղի պիտի նստի մեզի…
Սակայն, այսքան առասպելի տակ մոռցուած, անկասկած, ճշմարտութիւն մը կայ, որու մասին դեռ առիթը կ՚ունենանք մտածելու։ Կարծես արեւելեան աշխարհի խորհրդաւոր նախապաշարումէ մը տարուած՝ այդ իմաստութեան առաջին թելադրանքը եղած է նկուն, համեստ զգաստութեան մը շուքին տակ պահուըտիլ, երբ ազգին գործերը լաւ հունի մէջ են… Աչքի՜ չգալու համար:
Իզմիրցիները նախ, պոլսեցիները յետոյ, իրենց յառաջդիմութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին կ՚ողբային, որ նահանջի մէջ են, թէ թափուած ճիգը անբաւարար է եւ այլն: Մինչ այսօր, երբ կը յայտարարենք, թէ հայութիւնը նուաճումէ նուաճում կը դիմէ, չածիլուած յետին թերթավաճառն իսկ գիտէ, որ ասկէ աւելի գէշ վիճակի չէր կրնար գտնուիլ այս ժողովուրդը. եւ թէ բոլորը, ամենէն թշուառ մեծահարուստէն մինչեւ երանաւէտ սափրիչն ու բազմակենցաղ քաղաքական գործիչը, անցեալի անկիւնին ծալապատիկ, քթախոտ կը քաշեն ու կը քնանան: Եւ դեռ, ո՞վ գիտէ, որքա՜ն ժամանակ պիտի շարունակեն քնանալ։
Կեանքի անիմաստութիւնը կարծես չէր բաւեր, եւ դեռ անոր վրայ կ՚աւելնայ հայկական այս կեղծ իմաստը՝ կացութիւնը իրապէս եղերական դարձնելու համար:
*
Այս զրոյցը, որ լոյս տեսած է Կարօ Փօլատեանի հատորին մէջ, կը փակուի ո՛չ թէ հանգիստ եզրակացութեամբ, այլ բաց վէրքով մը։ Վահէ Օշականի խօսքը չի ձգտիր մխիթարել, չի փորձեր շաղ տալ քաղցր պատրանքներ։ Ան կը ստիպէ ընթերցողը դէմ յանդիման կանգնիլ սեփական դիմագծին առջեւ՝ առանց պատմական արդարացումներու, առանց հին փառքի պատսպարանի։
Օշականի նկարագրած «միջին վիճակագրական հայը» վերջնական դատավճիռ մը չէ, այլ ահազանգ։ Այդ կերպարը կրնայ փոխուիլ միայն այն ատեն, երբ ինքնախաբէութիւնը զիջի ինքնաճանաչման, երբ հպարտութեան աղմուկը լռէ եւ տեղ տայ լուռ, յամառ աշխատանքին։ Զրոյցին ամենէն կտրուկ դատողութիւններուն տակ իսկ կը նշմարուի պահանջ մը՝ վերագտնելու ներքին արժանապատուութիւնը, դուրս գալու թանգարանային ինքնութենէն եւ կենդանի ներկայութիւն դառնալու։
Այս պատճառով ալ, տարիներ անց, տողերը չեն կորսնցներ իրենց սրութիւնը։ Անոնք կը մնան հայելու պէս՝ անհանգիստ, անողոք, բայց անհրաժեշտ։ Եւ գուցէ ճիշդ այս անողոքութիւնն է, որ զրոյցը կը դարձնէ ժամանակէն անդին ապրող վկայութիւն մը՝ ո՛չ միայն անցեալի սփիւռքի, այլ ամէն ժամանակի հայուն մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
•վերջ
Երեւան