ՉԱՐԷՆ ԲԱՐԻՔ ՉԻ՛ ՔԱՂՈՒԻՐ
Քանի որ Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարի է եւ բարեկա՛րգ. «Դուն ամէն ինչ կարգաւորեցիր չափով, թիւով եւ կշիռքով». (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 20)։ Եւ Աստուած աշխարհը ստեղծեց բարի՛։ «Աստուած տեսաւ, որ բարի է…». (ԾՆՆԴ. Ա 4, 10, 13, 18, 21, 31)։ Աստուծոյ ամէն գործը բարի է։
Թէ ի՞նչ է «բարի»ն։ Իր ամենալայն իմաստով բարին՝ այն ինչ է, որ չար չէ՛, իսկ լաւը՝ անվնաս, նպաստաւոր, օգտակար, անվտանգ, ապահով. ուրախալի, բարոյական օրէնքներուն համապատսխան եւ ազնիւ։ Ուստի, Աստուած անհունօրէն աւելի մեծ է՝ քան իր բոլոր գործերը. «Անոր մեծութիւնը չունի չափ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 3)։
Բայց բարին ենթակայական արժէք մը չէ, այլ՝ առարկայական. այսինքն՝ յարաբերական չէ՛, եւ բարին կ՚որոշուի միայն աստուածայնօրէն յայտնուած Կրօնի միջոցաւ։ Քանի որ Կրօնը յստակօրէն ճանչցած է Արարիչ եւ Նախախնամ-Փրկիչ Աստուծոյ մէջ ծագումը եւ կեանքին ընթացքը մարդուն։
Արդարեւ, ընկերութիւններ, որոնք կ՚անգիտանան այս ճշմարտութիւնը կամ կ՚ուրանան եւ կամ կը մերժեն զայն Աստուծոյ հանդէպ իրենց «անկախութեան» անունով, տարուած են իրենց բաղդատութեան եզրը եւ վախճանը իրենք իրենց մէջ փնտռելու եւ կամ փոխ առնելու գաղափարախօսութենէ մը, եւ քանի որ չեն ընդունիր, որ բարիին եւ չարին շուրջ առարկայական չափանիշ մը պաշտպանուի, ուստի, մարդուն եւ անոր վախճանին վրայ յայտարարուած կամ քօղարկուած բռնատիրական իշխանութիւն մը իրենք իրենց կը վերագրեն, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը։
Ուստի, չարէն բարիք չի քաղուիր, բայց կարելի է չարը վերածել բարիի՝ չարին փոխարինելով, պատասխանելով բարիով։ Եւ այս իմաստով, չարը երբ միջոց մըն է, այդ միջոցը երբեք արդարացի չի կրնար ըլլալ, քանի որ բարի նպատակը չ՚արդարացներ չար միջոցը, ի հեճուկս կարգ մը թիւր մտածելակերպերու…
Բարոյապէս բարի արարքը կ՚ենթադրէ միանգամայն լաւութիւնը միջոցին, առարկային, նպատակին եւ պարագաներուն։ Գէշ եւ չար նպատակ մը կ՚ապականէ արարքը, նոյնիսկ եթէ անոր միջոցը եւ առարկան ինքնին բարի է, ինչպէս աղօթելը եւ կամ ծոմապահութիւնը՝ որոնք կը կատարուին ի ցոյց մարդկան։
Ապա ուրեմն, սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները. ինչպէս՝ միջավայր, ընկերային ճնշում, ստիպում կամ հարկադրանք գործելու, որոնք անոր շրջանակը կը կազմեն։ Կան արարքներ՝ որոնք իրենք իրենցմէ եւ յինքեանս, անկախաբար պարագաներէն եւ դիտաւորութիւններէն, ծանրօրէն արգիլուա՛ծ են իրենց միջոցին կամ առարկային պատճառով. այսպէս՝ հայհոյութիւնը, սուտը ընդհանրապէս եւ սուտ երդումը, մարդասպանութիւնը, ոճիրը ընդհանրապէս եւ պոռնկութիւնը…
Ուստի եւ արտօնուած չէ՛ չարիք մը ընել անկէ բարիք յառաջ բերելու համար։
Մարդկային անձը ինքզինք կ՚ուղղէ դէպի երանութիւն իր ինքնակամ արարքներով. կիրքերը կամ զգացումները՝ զորս ան կ՚ապրի, կրնան առ այս տրամադրել զինք եւ օժանդակել իրեն։ Այսու ամենայնիւ, առարկան, միջոցը, դիտաւորութիւնը եւ պարագաները կը կազմեն երեք աղբիւրները մարդկային արարքներուն բարոյականութեան, ուստի, ընտրուած առարկան կամ միջոցը բարոյապէս կը բնորոշէ կամենալուն արարքը՝ երբ իմացականութիւնը ճանչնայ զայն եւ «բարի» կամ «չար» դատէ զայն։
Արդարեւ, Սուրբ Թովմաս Աքուինացի յստակօրէն կ՚ըսէ. «Կարելի չէ՛ արդարացնել գէշ գործ մը՝ կատարուած բարի դիտաւորութեամբ»։ Ուստի, վախճանը չ՚արդարացներ միջոցները։
Բարոյապէս բարի գործը կ՚ենթադրէ միանգամայն առարկային կամ միջոցին բարութիւնը, նաեւ՝ նպատակին եւ պարագաներուն։
Տուեալ վարուելակերպեր կան, զորս ընտրելը միշտ սխա՛լ է, որովհետեւ անոնց ընտրանքը կը բովանդակէ անկարգութիւն մը կամքին, այսինքն՝ բարոյական չարի՛ք մը։ Արտօնուած չէ՛ չարիք ընել՝ անկէ բարիք յառաջ բերելու կամ քաղելու համար։
Պարագաներ ալ կան՝ որոնք ուղղակի չարի կամ բարիի հարց չեն ստեղծեր, բայց վնասակար եւ կամ օգտակարի հարց են, մանաւանդ հոգեւոր կեանքի նկատմամբ։ Հոն՝ ուր աշխարհինը կը տիրապետէ հոգեւորին, երկրայինը երկնայինին վրայ եւ մա՛նաւանդ՝ նիւթական շահը՝ հոգեւոր շահին վրայ…
Անցեալ կիրակիներէն մէկուն, համացանցի վրայ Սուրբ Պատարագի կը հետեւէի. երբ պատարագիչը «Առէ՛ք, կերէ՛ք…» ըսել սկսաւ, յանկարծ դադրեցաւ խօսքը, աչքս վերցուցի եւ պաստառին վրայ յայտնուեցաւ գովազդի մը՝ առեւտրական ծանուցումի մը ձայնին եւ տեսիլքին երեւոյթը… աշխարհի «ձայն»ը եւ «տեսիլք»ը դադրեցուցած էր երկնաւոր ձայնը, եւ ահաւասիկ, յստակ եւ ցայտուն օրինակ մը, թէ ինչպէ՞ս աշխարհինը կը խափանէ հոգեւորը՝ երկնայինը… Ապա, նոյնը պատահեցաւ պատարագիչին քարոզին պահուն եւ խափանուեցաւ կենաց խօսքը։
Այս բոլորը ցոյց կու տան մեզի, թէ՝ ամէն գործիք, ամէն միջոց պէտք է գործածել բարիին հասնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ՝ օգտակարին ծառայելու բարի նպատակով։ Ուստի, բարի միջոցներով հետեւինք եւ հասնինք միշտ բարի նպատակներու՝ Աստուծոյ սիրոյն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 8, 2026, Իսթանպուլ