ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ յառաջիկային նախատեսուած է հանդիպում մը։ Ճէյհուն Պայրամով նախօրէին հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ այս մասին։ Պաքուէն հնչած այդ յայտարարութիւններուն արձագանգեց նաեւ Երեւանը։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան հաստատեց, որ պայմանաւորուածութիւն մը գոյութիւն ունի երկու նախարարներուն միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման ուղղութեամբ։ Ըստ բանբերին՝ կազմակերպչական աշխատանքները ներկայիս կը շարունակուին եւ յառաջիկայ հանդիպման մասին վերջնական տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի, երբ ամէն ինչ դառնայ յստակ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով վերջին անգամ կարծիքներ փոխանակած էին Պիշքէքի մէջ, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, ուր հանդիպած էին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
Խնդրոյ առարկայ հարցազրոյցին մէջ Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյութիւն ունի սահմանազատման աշխատանքը շարունակելու համար։ Այդ աշխատանքները հիւսիսէն դէպի հարաւ պիտի ընթանան։ «Այս կամ այն բնակավայրի վերաբերեալ հարցերը պիտի քննարկուին սահմանազատման յանձնաժողովի աշխատանքի շրջանակներէն ներս», յայտնեց Ճէյհուն Պայրամով։