ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆՆ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՈՒԽՏԱՒՆԵՐԸ
Երէկ, Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս հիւրընկալեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Թուրքիա ժամանած ուխտաւորներու խումբը՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի։ Ինչպէս ծանօթ է, ուխտաւորներու խումբը անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ՝ այժմ թանգարանի վերածուած պատմական տաճարի Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան։ Վանէն վերջ ուխտաւորներու խումբը շարունակեց շրջագայութիւնը՝ դէպի Անատոլուի երբեմնի հայաբնակ պատմական գաւառները։ Հուսկ, ուխտաւորաց խումբը ժամանեց քաղաքս։
Երէկ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի համար։ Նկատի ունենալով, որ այս վերջինը առաջին անգամ Պոլիս կու գար՝ ըստ Պատրիարքական Աթոռի արարողակարգին՝ Գումգաբուի մէջ իրեն համար տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Նորին Սրբազնութիւնը փոքրիկներու կողմէ հրամ-ցըւած աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ապա, պոլսահայ եկեղեցականաց դասը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի, Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանը առաջնորդեց Մայր եկեղեցի, ուր խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ աղօթասացութիւն։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Տ. Արամ արք. Աթէշեան ողջունեց իր հոգեւոր եղբօր այցելութիւնը։ Իր կարգին, Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ դպրաց խումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի։
Աւելի վերջ, եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Պատրիարքարան, ուր Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան ողջունուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Անոնց ջերմ զրոյցէն վերջ, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան հոգեւորականաց դասն ու ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբի անդամները։ Շուրջ 80 հոգիէ բաղկացեալ խումբին առջեւ դարձեալ արտայայտուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որու ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց ամերիկահայ ուխտաւորները, գնահատեց անոնց մղումը՝ որպէս ուխտաւոր եւ յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկային կը կազմակերպուին նոր ուխտագնացութիւններ եւ կը բազմանայ թիւը այն հաւատացեալներուն, որոնք այս հոգեւոր ապրումները կը բաժնեն։
Ընդունելութեան ընթացքին կարկանդակ մը հատուեցաւ՝ քանի Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեանի եւ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանի ծննդեան տարեդարձներն էին։
Հուսկ, բոլորը Գումգաբուէն հրաժեշտ առին դրական տպաւորութիւններով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուխտաւորներուն հետ մի առ մի զրուցեց՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնները։ Հրաժեշտի փուլին բոլորը Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ հիւրընկալութեան համար։
Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան, ամերիկահայ հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւորները այս շաբաթավերջին արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն քաղաքէս՝ վերադառնալու համար ԱՄՆ։