ԽԱՉԻՆ ԱՌՋԵՒ՝ ՆԵՐՈՒՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԴԱՍԸ

Խաչվերացի սուրբ տօնը ամէն տարի մեզ դարձեալ կը բերէ Սուրբ եւ Կենարար Խաչին դիմաց՝ այն խորախորհուրդ սրբութեան առջեւ, ուր անճար լոյսով կը փայլի Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնն ու փրկագործ կամքը։ Քրիստոնեային համար խաչը սոսկ տառապանքի կամ մահուան խորհրդանիշ մը չէ. ան կեանքի ծառ է, յաղթանակի նշան եւ փրկութեան դրոշմ։ Անիկա այն սրբազան կնիքն է, որով մարդկութիւնը տեսաւ ո՛չ միայն զոհաբերութեան ահաւոր խորհուրդը, այլ նաեւ յոյսի արշալոյսը, վերականգնումի ճամբան եւ նոր կեանքի աւետիսը։

Խաչին վրայ, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մարդկային անիրաւութեան, ցաւի եւ լքումի խաւարին մէջ կը գտնուէր, Իր շրթներէն բխեց այն աղօթքը, որ դարերէ ի վեր կը հնչէ իբրեւ ներողամտութեան գերագոյն ու անգերազանցելի օրինակը. «Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ինչ կ՚ընեն» (Ղուկաս 23.34)։ Այս խօսքերը լոկ արտասանուած բառեր չէին, այլ աստուածային սիրոյ կենդանի եւ անմահ վկայութիւնը։ Անոնց մէջ կը բացուի այն ճշմարտութիւնը, թէ սէրը ինչպէս կրնայ յաղթել ատելութեան եւ ողորմութիւնը՝ գերազանցել դատապարտութիւնը։

Ահա հոս կը զարնէ Խաչվերացի հոգեւոր պատգամին բաբախուն սիրտը։ Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ, թէ ներելը տկարութեան նշան չէ, այլ հոգեւոր զօրութեան բարձրագոյն արտայայտութիւնը։ Մարդկային բնութիւնը յաճախ կը մղուի վիրաւորանքին պատասխանելու վիրաւորանքով, անիրաւութեան՝ խստութեամբ եւ ցաւին՝ ոխով։ Բայց Տէրը մեզի ցոյց տուաւ այլ ուղի մը՝ սիրոյ, համբերութեան, հեզութեան եւ ներողամտութեան ճանապարհը։ Ան ո՛չ միայն խօսեցաւ ներելու մասին, այլ Իր կեանքով, Իր չարչարանքով եւ Իր Խաչով մարմնացուց այդ աստուածային ճշմարտութիւնը։

Ուստի, Խաչվերացի խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ մտնելու մեր սրտերուն խորքը եւ լուռ հարց տալու մեր հոգիին. կրնա՞նք արդեօք ներել մեզ վիրաւորողները. կրնա՞նք մեր ներաշխարհէն արմատախիլ ընել դառնութիւնը, ոխակալութիւնը եւ այն թաքուն վէրքերը, որոնք մեզ կը ծանրացնեն։ Ներելը դիւրին չէ. անիկա ո՛չ չարը արդարացնել է, ո՛չ ալ վիշտը մոռացութեան տալ։ Ճշմարիտ ներումը սիր-տի մաքրագործումն է, հոգիի ազատագրումը եւ ներքին խաղաղութեան աստիճանական վերագտնումը։ Երբ մարդ կը մերժէ ներել, իր ցաւը կամաց-կամաց կը թափանցէ իր ամբողջ ներաշխարհին մէջ եւ արմատ կ՚արձակէ իր հոգիի խորքերուն. իսկ երբ կը ներէ, նոյն այդ վէրքին մէջ բժշկութեան առաջին ծիլերը կը սկսին ծաղկիլ։

Ներումին պտուղը անգնահատելի է նաեւ անձնական կեանքին մէջ։ Դառնութիւնը կը մաշեցնէ մարդը ներսէն, մինչդեռ ներողամտութիւնը կը վերականգնէ, կը թեթեւցնէ եւ կը նորոգէ։ Բարկութիւնն ու ոխը հոգին կը ծանրաբեռնեն, իսկ խաղաղ սիրտը մարդուն կու տայ ներքին զօրութիւն, հանգստութիւն եւ լոյս։ Ով որ կը ներէ, ան նախ եւ առաջ ինքզինք կ՚ազատէ ատելութեան շղթաներէն։ Ահա թէ ինչու ներումը ո՛չ միայն քրիստոնէական պատուէր է, այլեւ հոգեւոր բժշկութիւն, ներքին վերածնունդ եւ շնորհքի գործ։

Խաչին առջեւ մենք նաեւ կը սորվինք, թէ ներումը իր մէջ յարութեան զօրութիւն կը կրէ։ Քրիստոս, որ խաչուեցաւ, խոնարհեցաւ եւ մինչեւ մահ հնազանդեցաւ, ի վերջոյ Յարութեամբ յաղթեց մահուան ու խաւարին։ Նոյնպէս ալ մարդը, երբ իր վէրքերէն վեր բարձրանալով կը ներէ, իր սրտին մէջ նոր կեանք մը կը ծնի։ Ներողամտութիւնը մարդը չի նուաստացներ, այլ կը բարձրացնէ։ Ան մարդը չի պարպեր, այլ կը լեցնէ աստուածային խաղաղութեամբ, անուշ լռութեամբ եւ շնորհքի անտեսանելի զօրութեամբ։

Մարտահրաւէրներով ու նաեւ կարելիութիւններով լեցուն այս օրերուն մեր հայ ժողովուրդը, թերեւս աւելի քան երբեք, կարիքն ունի Խաչին առջեւ կանգնելու, նորոգուելու, սիրտը մաքրագործելու եւ աստուածային ողորմութեան մէջ զօրանալու։ Ազգային մեր կեանքին մէջ կուտակուած վիշտերը, կորուստները, տառապանքները եւ պառակտումները յաճախ կը յոգնեցնեն մեր հոգիները ու կը ծանրացնեն մեր սրտերը։ Բայց, Սուրբ Խաչին խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ, որ չմնանք դառնութեան, յուսահատութեան եւ ներքին խռովութեան խաւարին մէջ, այլ ապաւինինք Խաչեալ եւ Յարուցեալ Տիրոջ, որ միայն կրնայ բժշկել վիրաւոր սրտերը եւ նորոգել խոնարհ հոգիները։ Երբ մեր ժողովուրդը հաւատքով մօտենայ Խաչին, ապաշխարութեամբ դառնայ առ Աստուած եւ ներողամտութեան ու հաշտութեան ոգիով վերագտնէ իր հոգեւոր դիմագիծը, այն ատեն աստուածային շնորհքը պիտի զօրացնէ մեզ, պիտի հաստատէ մեր միութիւնը եւ պիտի պայծառացնէ մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքը։

Արդ, Խաչվերացի այս սուրբ տօնը թող ըլլայ մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր արթնութեան կանչ, սրտի դարձի պահ եւ շնորհաբաշխ նորոգութեան օրհնեալ առիթ, որպէսզի իբրեւ հաւատացեալ ազգ վերագտնենք սիրոյ, միութեան եւ Քրիստոսի պարգեւած խաղաղութեան ճամբան։

Խաչվերացի այս սուրբ տօնին եկէք խոր ակնածանքով նայինք Խաչեալին եւ աղերսենք, որ Ան մեզի պարգեւէ ներող, հեզ, խոնարհ եւ խաղաղ սիրտ։ Թող մեր կեանքը դառնայ սիրոյ, հաշտութեան եւ ողորմութեան կենդանի վկայութիւն՝ մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր եկեղեցական ծառայութեան մէջ եւ մեր բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Թող երբեք չմոռնանք, թէ ճշմարիտ քրիստոնեան ո՛չ միայն Խաչը կը մեծարէ, այլ Խաչին առջեւ կը սորվի սիրել, ներել, խոնարհիլ եւ նորոգուիլ։

Խաչվերացի տօնը մեզի համար ըլլայ ապաշխարութեան, հաշտութեան եւ ներողամտութեան նոր սկիզբ։ Որովհետեւ երբ մենք կը ներենք, այն ատեն աւելի ճշմարիտ կերպով կը պատկանինք Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսին։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026