ՀԻՆԳ ԿԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՀԱՐԸ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒՐԲ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ

Բնութիւնը առաջին հայեացքով կրնայ մեզի թուիլ իբրեւ իրարու հետ կապ չունեցող կենդանիներու, բոյսերու եւ միջավայրերու հաւաքածոյ մը։ Սակայն, իրականութեան մէջ, բնութիւնը շատ աւելի բարդ եւ նուրբ համակարգ մըն է։ Իւրաքանչիւր կենդանի էակ, նոյնիսկ այն մէկը, որ մեզի անկարեւոր կամ վնասակար կը թուի, իր տեղը ունի այդ մեծ համակարգին մէջ։ Միայն տեսակի մը քանակի փոփոխութիւնը կրնայ ազդել ուրիշ տեսակներու վրայ, իսկ առաջին հայեացքով «լուծում» թուացող միջամտութիւնը կրնայ տարիներ վերջ վերածուիլ մեծ աղէտի մը։

Բնութեան այս նուրբ հաւասարակշռութիւնը հասկնալու համար շատ հետաքրքրական օրինակ մըն է Հարաւային Ափրիկէի մօտ գտնուող Մարիոն կղզիի պատմութիւնը։

1949-ին, Մարիոն կղզի բերուեցան հինգ կատու։ Նպատակը պարզ էր՝ կղզիին մէջ տարածուած մուկերու եւ առնէտներու քանակը նուազեցնել։ Մարդոց համար խնդիրը պարզ կը թուէր. եթէ կրծողները շատ են, ապա անոնց բնական որսորդ մը պէտք է բերել։ Իսկ կատուները, որպէս փորձառու որսորդներ, բնական ընտրութիւն կը թուէին։

Այդ ժամանակ, սակայն, շատեր չէին կրնար պատկերացնել, թէ այդ փոքր որոշումը ինչպիսի՛ շղթայական հետեւանքներ պիտի ունենար։

Կղզիի մը մէջ կենդանիները հազարաւոր տարիներու ընթացքին իրենց միջավայրին հետ որոշ յարաբերութիւններ ստեղծած են։ Մարիոն կղզիին մէջ, մասնաւորաբար, ծովային թռչունները կարեւոր դեր ունէին։ Կղզիի մեկուսացած պայմաններուն մէջ անոնք բնաւ չէին հանդիպած նման որսորդ կատուներու։ Ուստի, թռչունները չունէին այն բնական զգուշութիւնը, որ կրնար ունենալ ցամաքային գիշատիչներու հետ դարերով ապրած տեսակ մը։

Կատուները, սակայն, շատ արագ յարմարեցան նոր միջավայրին։ Սկիզբին բերուած հինգ կատուները աստիճանաբար բազմացան, իսկ անոնց որսորդական գործունէութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ կղզիին վրայ։ Անոնք այլեւս միայն մուկ չէին որսար։ Թռչունները, յատկապէս այն տեսակները, որոնք գետնին վրայ բոյն կը դնէին, դարձան կատուներու դիւրին որսը։

Եւ այստեղ է, որ պատմութիւնը մեզի կարեւոր դաս մը կու տայ։ Մարդը փորձած էր խնդիր մը լուծել՝ կրծողներու քանակը վերահսկելու համար։ Սակայն, ան չէր նկատած, որ իր միջամտութիւնը նոր կապ մը պիտի ստեղծէր էքոհամակարգին մէջ։ Երբ կատուները սկսան որսալ թռչունները, բնութեան նախկին հաւասարակշռութիւնը խախտուեցաւ։ Իսկ երբ թռչուններու քանակը փոխուեցաւ, ամբողջ համակարգին մէջ նոր փոփոխութիւններ սկսան յառաջանալ։

Այսպիսի երեւոյթը բնութեան մէջ կարելի է պատկերացնել շղթայի մը նման։ Շղթայի օղակի մը փոփոխութեամբ, շարժումը կը փոխանցուի միւս օղակներուն։

Մուկերը, օրինակ, պարզապէս «վնասատու» կենդանիներ չեն։ Անոնք ալ սննդային շղթայի մէկ մասն են։ Թռչունները նոյնպէս միայն երկինքի մէջ թռչող գեղեցիկ արարածներ չեն։ Անոնք կղզիի էքոհամակարգին մէկ մասն են։ Կատուներն ալ իրենց հերթին կենդանի էակներ են, որոնք նոր միջավայրի մէջ փորձեցին գոյատեւել։

Խնդիրը կենդանիներէն ո՛չ մէկունն էր։ Խնդիրը այն էր, որ մարդը տեսակ մը տեղափոխեց ու-րիշ միջավայր մը՝ առանց ամբողջ համակարգի բոլոր հետեւանքները կանխատեսելու։

Այս պատմութիւնը յատկապէս ցայտուն կը դառնայ այն պատճառով, որ կղզային էքոհամակարգերը սովորաբար շատ աւելի խոցելի են։ Երբ տարածքը մեկուսացած է եւ տեսակներու քանակը սահմանափակ, նոր գիշատիչի կամ մրցակիցի մը մուտքը կրնայ ամբողջ համակարգը արմատապէս փոխել։

Տարիներու ընթացքին կատուներու թիւը աճեցաւ եւ խնդիրը այլեւս մուկերու վերահսկողութեան հարց ըլլալէ դադրեցաւ։ Կատուները իրենք դարձած էին նոր էքոհամակարգի գործօն մը։

Ամենահետաքրքրական տարակերպութիւնը այն էր, որ երբ մարդիկ փորձեցին պայքարիլ կատուներու դէմ, իրավիճակը դարձեալ անսպասելի հետեւանքներ ունեցաւ։ Կատուները մեծամասնութեամբ կ՚որսային թռչունները, բայց անոնք նաեւ մուկեր կ՚որսային։ Երբ կատուներու թիւը նուազեցնելու ուղղութեամբ միջոցներ ձեռնարկէին, կրծողներու քանակը կրնար աճիլ։ Այսինքն՝ առաջին խնդիրը լուծելու համար ստեղծուած կենդանին հեռացնելը եւս իր հետ նոր խնդիրներ կը բերէր։

Մարդը շատ անգամ կը մտածէ գծային կերպով։ Մենք կը տեսնենք խնդիր մը եւ անմիջապէս կը փնտռենք անոր պատճառը։ Մուկերը շատ են՝ կատու բերենք։ Կատուները շատ են՝ հեռացնենք կատուները։ Որոշ բոյսեր շատցած են՝ ոչնչացնենք զանոնք։ Որոշ միջատներ կը վնասեն բերքը՝ օգտագործենք տարրալուծական միջոցներ։

Սակայն, բնութիւնը գծային համակարգ մը չէ։ Ան ցանց մըն է։ Այդ ցանցին մէջ ամէն բան կապուած է ուրիշ բանի մը հետ։ Միայն մէկ հանգոյցին դպչելով՝ երբեմն կը շարժենք ամբողջ ցանցը։

Այս բնութենական կապակցուածութիւնը հասկնալը կարեւոր է նաեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Երբ անտառ մը կը հատենք, չենք կորսնցներ միայն ծառերը։ Կը փոխենք հողի կառուցուածքը, ջուրի շրջապտոյտը, միջատներու բնակավայրը, թռչուններու սնունդը եւ բազմաթիւ ուրիշ կենդանիներու գոյատեւման պայմանները։

Երբ գետ մը կ՚ապականենք, միայն ձուկերը չեն տուժեր։ Ջուրը կը մտնէ բոյսերու, կենդանիներու եւ վերջապէս մարդու սննդային շղթային մէջ։

Երբ որոշ գիշատիչ կենդանիներ կը վերացնենք, կրնանք կարծել, թէ աւելի շատ «անվնաս» կենդանիներ պիտի ունենանք։ Սակայն, այդ կենդանիներու չափազանց բազմացումը կրնայ վնասել բուսական աշխարհը, փոխել հողի պայմանները եւ նոր խնդիրներ ստեղծել։

Բնութիւնը երբեմն կու տայ այնպիսի պատասխաններ, զորս մարդը կը հասկնայ միայն տաս-նամեակներ ետք։ Մարիոն կղզիի պատմութիւնը, հետեւաբար, միայն կատուներու մասին չէ։ Ան մարդու ինքնավստահութեան մասին է։

Որովհետեւ բնութիւնը հասկնալը կը նշանակէ գիտակցիլ, թէ տակաւին որքան շատ բան չենք գիտեր անոր մասին։

Հինգ կատուները այդ իմաստով դարձան մեծ դաս մը։ Անոնք կղզին ոչնչացնելու չէին եկած։ Անոնք եկած էին իրենց բնազդով որսալու եւ գոյատեւելու։ Մարդն էր, որ զանոնք տեղափո-խած էր այնտեղ։ Կատուները կատարեցին այն, ինչ որ անոնք սովորաբար կ՚ընեն։ Բայց անոնց ներկայութիւնը նոր պայմաններ ստեղծեց միւս կենդանիներուն համար։

Բնութեան մէջ «լաւ» եւ «վատ» դերակատարներ յաճախ գոյութիւն չունին։ Գիշատիչը վատ չէ, որովհետեւ կ՚որսայ։ Մուկը վատ չէ, որովհետեւ կ՚ուտէ։ Թռչունը լաւ չէ միայն այն պատճառով, որ գեղեցիկ է։ Ամէն մէկը իր տեղը ունի։ Էքոհամակարգի առողջութիւնը կը կայանայ ո՛չ թէ տեսակի մը բացարձակ գերակայութեան մէջ, այլ բազմաթիւ տեսակներու փոխադարձ կապերուն մէջ։ Եւ թերեւս բնութեան մեծագոյն իմաստութիւնը այստեղ է, որ մեզի կը յիշեցնէ՝ ամէն բան իր չափը ունի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026