ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾ ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՃՇՄԱՐԻՏ ՄԱՐԴ

Հոգեւոր կեանքը հիասքանչ հոգեւոր փորձառութիւն մըն է։ Ան «կրօնք» մը չէ, կրօնական արարողութիւն մը չէ, որ մարդը կը հոգեւորացնէ։ Բայց ի՞նչ է «կրօնք»ը…

Աստուծոյ հաւատք ունենալ եւ այդ հաւատքը արտայայտող արարքներ ի գործ դնել կրօնքին վարդապետած չափով եւ կերպերով՝ սանդուխի մը աստիճաններն են՝ ճշմարտութեան, այսինքն՝ Աստուծոյ հասնելու։ Կրօնքը նաեւ մարդկային «կամուրջ» մըն է՝ մարդոց կողմէն Աստուծոյ կողմը անցնելու։ Այս օրինակները ցոյց կու տան, որ կրօնքը մարդկային միտքի հնարքներն են. մարդոց կեանքերը բարելաւելու, անոնց նկարագիրը բարձրացնելու, չարէն եւ չարութիւններէն ետ կեցնելու եւ այլ բարի միտումներով։

Աստուած, այս իմաստով, «կրօնք» սահմանեց մարդկային ժողովուրդին։ Աստուծոյ սահմանած կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն էր։ Եւ այս ուղղութեամբ, կրօնքը կրնայ արդարացնել մարդը՝ եթէ մարդ կարենայ ամբողջութեամբ գործադրել զայն։ Արդարեւ, կրօնքը միջոց մը, ճամբայ մըն է՝ մարդը ճշմարիտ Աստուծոյ առաջնորդող՝ որպէսզի Աստուած փոխէ մարդը։ Բայց մարդկային միջոցները որչափ ալ լաւ ըլլան, չեն կրնար հոգեւոր ընել մարդը։ Ուստի, մարդ պէտք է իւրացնէ կրօնքը եւ զայն ընդունի ճշմարիտ ճամբայ։

Յիսուս երբ աշխարհ եկաւ, հրեայ ազգը Մովսէսին եզակի կրօնքին կառչած՝ զայն ամէն բանէ վեր եւ բարձր կը համարէր։ Սակայն, Յիսուս բոլորովին տարբեր իմաստութիւն մը տուաւ «կրօնք»ին եւ բոլորովին նոր ճամբայ մը որդեգրեց։ Ան բերաւ կրօնքէ մը շատ աւելի ճշմարիտ կրօնք մը, որ բոլորովին տարբեր էր «կրօնք» ըմբռնումին իրեն նախորդներուն։

Պատկերով մը կարելի է բացատրել ա՛յս նոր կրօնքը։ Հսկայական եւ բարձր պարիսպով խորունկ եւ ջուր լեցուն աւազան մը, կեդրոնը ջուրէն բարձր բլուր մը՝ վրան փառաւոր պալատ մը, որուն մէջ կը բնակի հզօր լողորդ մը։ Այդ աւազանը լեցուն է խեղդամահ ըլլալու վտանգի ենթակայ մարդոցմով։ Աւազանին պատին վրայ շրջանակի կրօններ նստեր են, իւրաքանչիւրին ձեռքը գաւաթ մը, եւ խեղդամահ ըլլալիք մարդիկը ազատելու համար, իրենց գաւաթները.- բարի եղի՛ր, չարիք մի՛ ըներ, մի՛ նախանձիր, մի՛ ստեր, մի՛ գողնար, մի՛ սպաններ, շնութիւն մի՛ ըներ, եկեղեցի գնա՛, աղօթէ՛, բարիք գործէ՛, կրօնքդ սիրէ՛, կրօնքդ փոխէ եւ մեզի հետեւէ…, ըսելով աւազանին ջուրը գաւաթ գաւաթ աւազանէն դո՛ւրս կը թափեն, ջուրերը եթէ ոչ հատցնելու, գէթ պակսեցնելու, որ մարդիկ, ստոյգ մահէն ազատուին։

Մեղքերու ովկիանոսին մէջ մահ-ւան դատապարտուածներուն ինքզինքնին ազատել կ՚առաջարկուին. «ըրէ՛ք. մի՛ ընէք»ներով։ Բայց մարդ եթէ կարենար ինքզինք ազատել մեղքերէ՝ կրօնքի եւ անոր պահանջներուն պէտք պիտի չունենար։ Սակայն, «աւազանին ջուրը» չի պակսիր. մէկ կողմէն կը բխի եւ կը լեցնէ աւազանը ու աւազանը միշտ լեցուն է ջուրով։

Այս տեսարանին մէջ կը տեսնուի, որ մեղքերու եւ յանցանքներու մէջ խեղդամահ եղողներու, կրօններու, բարոյականութեան, «ըրէ՛, մի՛ ըներ»ներու պէտք չկայ. անոնք անօգուտ են եւ սնոտի։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս պիտի ազատին մեղքերէն՝ աւազանի ջուրերու մէջ խեղդուողները։ Բլուրին վրայ՝ Հզօր Լողորդին պէտք է դիմել, իր ձեռքը Անոր երկարել։ Ա՛ն է, որ պիտի գայ զինք կորստեան աւազանէն վերցնելու՝ որ դուրս պիտի հանէ եւ իր պալատին մէջ պիտի խնամէ եւ պիտի բժշկէ զայն…

Ծովուն մէջ խեղդուող, լողալ չգիտցող մարդ մը, իր մտքին մէջ լողալով ազատուելու վարդապետութիւնը գիտնալուն համար կրնա՞յ ազատուիլ, երբեք։ Այլապէս զինք ջուրէն վերցնելու համար ազատարար հուժկու բազուկներ անհրաժեշտ են։

Ուստի, կրօնքի մէջ ամբողջութեամբ գործադրուիլը, երկրաւոր մարդկային կեանքը կը բարձրացնէ՝ մարդոց իրարու հետ եղբայրաբար վարուիլը, իրարու բարիք կամենալը, ընկերային կեանքը կը զօրացնէ։

Մարդ կրնայ պատին ետեւը չտեսնել եւ հոն գտնուող իր ընկերը չնկատել, նոյնն է Աստուծոյ գոյութիւնը՝ մարդ չի կրնար տեսնել եւ նկատել մարմնական աչքով զԱստուած, բայց Աստուած գոյութիւն ունի. այս է ճշմարիտ Աստուածը, ճշմարիտ հաւատքը եւ ճշմարիտ մա՛րդը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026