ERVAB-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԺՈՂՈՎԸ

Թրքահայ վագըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբը վերջին օրերուն գումարեց իր հերթական ժողովը: Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նիստը, որու մասնակցեցան ԹՎՄ-ի հովանոցին ներքեւ համախմբուած դպրոցներու հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ անոնց մատակարար մարմիններու կրթութեան գծով անդամները: Ժողովի սկիզբին օրակարգի վրայ եկան թրքահայ դպրոցներէ ներս հիւր աշակերտի կարգավիճակով տղոց կացութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները: Ծանօթ է, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներուն, որոնք պոլսահայ վարժարանները կը յաճախեն՝ որպէս հիւր: Համայնքային վարիչները խոշորացոյցի տակ առին՝ Թուրքիոյ մէջ կեցութեան իրաւունքի տէր ընտանիքներու զաւակներուն կրթութեան խնդիրները: Նոր արձանագրութիւններու ներկայ շրջանին, անոնք արժեւորեցին այժմու կանոնադրութեան ծալքերը: 

Ժողովի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ 2026-2027 կրթական շըր-ջանին համար պոլսահայ վարժարաններ արձանագրուած աշակերտներու թիւը: Համայնքային վարիչները թէեւ նկատի ունեցան, որ արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին, սակայն, անոնք այժմու տուեալներու լոյսին տակ ըրին այն կանխատեսումը, թէ այս կրթական շրջանին համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն թիւը կը հասնի շուրջ 2600-ի: Սա կը նշանակէ, որ անցեալ կրթական շրջանին բաղդատմամբ պոլսահայ աշակետրութեան թիւը նուազած է յիսունի չափ: 

Ժողովականները նկատի առին նաեւ Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ ձեռնարկուած նոր կրթական ծրագրի հաստատման աշխատանքի ընթացքը: Ծանօթ է, որ նախարարութեան «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մոտել» ծրագրի հիման վրայ կը տարուի խնդրոյ առարկայ աշխատանքը: Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասերու ծրագրի պատրաստութեան գործընթացին կապակցութեամբ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ համայնքային վարիչներուն կողմէ: Նոյն ծիրէն ներս պատրաստուած է նաեւ կրօնագիտութեան առարկայի ծրագիրը, որու պարագային դասաւանդման համար անհրաժեշտ իրերու պատրաստութեան շուրջ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026