ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԼՐՋՕՐԷՆ ԿԸ ՏՈՒԺԷ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը 90 միլիառ եւրօ կորսնցուցած է՝ Իրանի շուրջ հակամարտութեան եւ Հիւրմիւզի ջրանցքէն ներս ստեղծուած իրավիճակին պատճառով։

Եւրոխորհրդարանէն ներս, Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն ելոյթ մը ունեցաւ՝ ներկայացնելով Եւրոմիութեան ընդհանուր վիճակը։ Իր խօսքով՝ ԵՄ 90 միլիառ եւրօ տուժած է՝ Իրանի շուրջ առկայ հակամարտութեան եւ Հիւրմիւզի ջրանցքէն ներս ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։ «Հիւրմիւզի ջրանցքէն ներս հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ներմուծուած հնածոյ վառելիքը մեր վրայ յաւելեալ 90 միլիառ եւրօ արժած է։ Ընդ որում՝ մենք չենք ստացած ուժանիւթի յաւելեալ որեւէ մոլեքիւլ», ըսաւ ան։

Հիւրմիւզի ջրանցքէն ներս նաւագնացութեան բնականոն հունի վերադարձուելու հեռանկարներուն կապակցութեամբ Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ։ Ուաշինկթըն յաճախ կը գանգատի, որ հաւանական ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու պատրաստակամութիւն չի յայտնուիր Պրիւքսէլի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026