ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փեքինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չիաստանի պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Տուն Ցզիւնի հետ։ Նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Կողմերը բարձր գնահատեցին պաշտպանութեան ոլորտէ ներս Երեւան-Փեքին համագործակցութեան մակարդակը։ Անոնք ընդգծեցին համագործակցութիւններու նոր ուղղութիւններու զարգացման եւ երկարաժամկէտ ծրագրաւորման կարեւորութիւնը։

Հարկ է նշել, որ Սուրէն Պապիկեանի կողմէ գլխաւորուած հայկական պատուիրակութիւն մը աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Չինաստան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026