«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Հարպիյէի «Մուհսին Էրթուղրուլ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» մրցանակի բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, համանուն հիմնարկին կողմէ ամէն տարի այս մրցնակաբաշխման արարողութիւնը կը կազմակերպուի՝ նահատակ լրագրողի ծննդեան տարեդարձի օրը՝ սեպտեմբերի 15-ին: Այս թուականը արդէն վաղուց նուիրագործուած է՝ մինչ այս տարի բոլորը հերթական անգամ համախմբուեցան նահատակ լրագրող եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի բարոյական ներկայութեան շուրջ: Հրանդ Տինք արդէն 71 տարեկան պիտի դառնար, եթէ այդ ահաբեկչութեան, որճրագործութեան զոհ դարձած չըլլար: 

Երէկուան երեկոյթը դարձեալ հանդիսաւոր էր, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, յուզումնախառն՝ ինչպէս կ՚ըլլայ միշտ: Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Շեպնեմ Հասանիսուղի: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նահատակ լրագրողի այրին՝ Ռաքել Տինք, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի վարչութեան նախագահն է, ինչպէս նաեւ «Հրանդ» կենսագրական գիրքի հեղինակ Թուղպա Չանտար: 

2026 թուականի «Հրանդ Տինք» մրցանակին արժանի դասուեցան՝ Թուրքիայէն Սիւհէյլա Տողան եւ Պաղեստինէն Ռաժի Սուրանի: Հարկ է նշել, որ Սիւհէյլա Տողան ծանօթ է՝ որպէս բնապահպան եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպան: Ռաժի Սուրանին ալ համբաւ եւ գնահատանք ձեռք բերած է՝ որպէս իրաւապաշտպան: 

Մրցանակներու յանձնուելուն առընթեր, երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ մշակութային յայտագիր, որու տեւողութեան Մարալ Այվազ, Արի Պարոքաս, Աննա Սարապօղոսեան, Ռաֆֆի Հաւրա եւ Սօսա Սերափ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց կատարումներով:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026