ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՄԲԱՒԸ
Հայկական ոսկերչութեան պատմութիւնը՝ պատմութիւն է սերունդներու կողմէ պահպանուած վարպետութեան, մանրամասնութեան հանդէպ անզիջում վերաբերմունքի եւ ստեղծագործական այն ոգիին, որ հայ վարպետները իրենց հետ տարած են աշխարհի տարբեր ծայրերը։
Ուսումնասիրելով հայ ոսկերիչներուն անցած ճամբան՝ կը տեսնենք, որ հայ վարպետները ոսկեգործութեան մէջ միացուցած են արհեստի ժառանգութիւնը, գեղագիտական ճաշակը, ձեռքի վարպետութիւնը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող ստեղծագործական մտածողութիւնը։ Դարեր շարունակ անոնք գործած են Օսմանեան կայսրութեան, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ՝ իրենց անունը հաստատելով թէ՛ արքունիքներու, թէ՛ միջազգային շուկաներու մէջ։
Այսօր հայ ոսկերիչներու այդ աւանդութիւնը նոր ձեւերով կը շարունակուի սփիւռքի մէջ։
Ամերիկեան մայրցամաքին վրայ այս շարունակականութեան երկու ուշագրաւ օրինակներ են Անի Թիւթիւնճեան-Խաչեանը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ Արա Վարդանեանը՝ Պրազիլի մէջ, որոնց մասին երկու յատկանշական նորութիւններ վերջերս յատնուած են մամուլի էջերուն վրայ։ Երկուքն ալ ոսկերչական ընտանիքներու ժառանգորդներ են, սակայն, իրենց ճանապարհը կերտած են սեփական ձեռագիրով՝ հայկական աւանդոյթներէն սերող արհեստի աւանդութիւնը հասցնելով միջազգային նոր բարձունքներու։
ԱՄՆ-Ի ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Օրերս ԱՄՆ-ի «Ամերիկայի հայ ոսկերիչներու ընկերակցութեան» Արեւելեան ափի մասնաճիւղը պատմական քայլ մը կատարելով՝ իր ընտրուած նախագահ նշանակած է ոսկերչական ձեւաւորող Անի Թիւթիւնճեան-Խաչեանը։ Ան ընկերակցութեան 25-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին կինն է, որ կը ստանձնէ այս պատասխանատու պաշտօնը։ Նշանակումը միաժամանակ կը վկայէ ոսկերչական ոլորտի առաջնորդութեան մէջ կիներու աճող դերակատարութեան մասին։
Անի Խաչեան ոսկերիչներու չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչ է։ Անոր ժառանգութիւնը հասկնալու համար պէտք է վերադառնալ մէկ սերունդ ետ՝ դէպի իր հայրը՝ լուսահոգի Կարօ Թիւթիւնճեան, որ Հարաւային Գալիֆորնիոյ ոսկերչական աշխարհի առասպելական դէմքերէն մէկը դարձած էր եւ կոչուած էր «Ոսկերիչներու ոսկերիչը»։
Կարօ Թիւթիւնճեան ծնած էր Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ։ Ան ոսկերչութեան արհեստին ծանօթացած էր դեռ ութ տարեկանին՝ հօրեղբօրմէն սորվելով արհեստին նրբութիւնները։ Ընտանիքին օգնելու համար շատ վաղ տարիքէն ամբողջութեամբ նուիրուած էր գործին՝ դպրոցական կրթութենէն աւելի ընտրելով այն արհեստը, որ պիտի դառնար իր կեանքի մեծագոյն կիրքը։
Տարիներու ընթացքին Կարօ Թիւթիւնճեան իր բացառիկ վարպետութեամբ անուն շահեցաւ նախ ոսկերչական մասնագիտացած շրջանակներու, ապա՝ Հարաւային Գալիֆորնիոյ ամբողջ ոսկերչական աշխարհէն ներս։
Թիւթիւնճան ո՛չ միայն անհատական պատուէրներու համար կը ստեղծէր բացառիկ զարդեր, այլեւ իր վարպետութիւնը կը վստահուէր ոսկերչական աշխարհի ծանօթ անուններուն։ Ան պատրաստած է յատուկ պատուանդաններ եւ բարձրակարգ զարդերու գործեր «Քարթիէ», «Կուչի» եւ («Սաքս Ֆիֆթ աւընիւ») անուններուն համար։
Անոր բացառիկ տաղանդը գնահատուած է նաեւ մրցանակներով։ Պեւըրլի Հիլզի մէջ հայազգի ոսկերիչը Ադամանդագործութեան միջազգային մրցանակի արժանացած է իր մէկ գործին համար։
Կարօ Թիւթիւնճեանի յաճախորդներու կարգին եղած են նաեւ աշխարհի ամենաճանաչուած անուններէն ոմանք։ Ան անհատական զարդեր նախագծած եւ պատրաստած է Էլվիս Փրեսլիի, Ֆրանք Սինաթրայի եւ Պոպ Հոփի համար։
Յետագային Կարօ Թիւթիւնճեան ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Փալմ Սփրինկզի մէջ, ուր միասին վարեցին ընտանեկան գործը։
Ան իր գիտելիքները կը փոխանցէր նաեւ երիտասարդ վարպետներու։ Արհեստանոցի մէջ աշակերտներուն կը սորվեցնէր ոսկերչական նստարանի մանրակրկիտ ձեռքի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ժամացոյցներու նորոգման հմտութիւնները։
2015 թուականին, Կարօ Թիւթիւնճեանի մահէն ետք, անոր թողած ժառանգութիւնը շարունակուեցաւ ընտանիքին մէջ, մասնաւորաբար դստեր՝ Անի Թիւթիւնճեան-Խաչեանի միջոցով։ Հօրմէն ան ժառանգութիւն ստացած է արհեստը, մօրմէն՝ ձեռներէցութեան հմտութիւնները։ Այս երկու ժառանգութիւններուն միաձուլումով Անի ստեղծած է սեփական ուղին․ «Ani Fine Jewelry» ընկերութեան հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն է։ Անոր բոլոր զարդերը ձեռքով կը պատրաստուին իր արհեստանոցին մէջ՝ օգտագործելով վերամշակուած եւ հակամարտութիւններէ զերծ հումք։ Այս մէկը վերջին շրջանին ազնիւ աշխատող մասնագէտներու կողմէ յատուկ կը շեշուի եւ կը վերաբերի այն ադամանդներուն եւ թանկարժէք մետաղներուն, որոնք ձեռք բերուած են այնպիսի աղբիւրներէ, որոնք կապ չունին զինեալ հակամարտութիւններու գանձատրման հետ։
Կը յայտարարուի, որ որպէս «Ամերիկայի հայ ոսկերիչներու ընկերակցութեան» Արեւելեան ափի մասնաճիւղի նորընտիր ղեկավար՝ Անի Թիւթիւնճեան-Խաչեան յանձնառու է ընդլայնելու կրթական հնարաւորութիւնները, աջակցելու սկսնակ մասնագէտներուն եւ բարձրացնելու հայկական վարպետութեան հեղինակութիւնը միջազգային ոսկերչական ասպարէզին մէջ։
ՔԱՐԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԵՐԱԾԱԾ ՈՍԿԵԳՈՐԾԸ
Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ Պրազիլ, Արա Վարդանեան նոյնպէս ընտանեկան ժառանգութիւնը վերածած է միջազգային ճանաչում ունեցող սեփական ձեռագիրի։
Պրազիլ բնակող հայ ոսկերչի հետ ծաւալուն հարցազրոյց մը վերջերս՝ սեպտեմբերի 2-ին, լոյս տեսած է նորաձեւութեան աշխարհահռչակ «Harper’s Bazaar» ամսագրի պրազիլական հրատարակութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ՝ «Արա Վարդանեան. քարերու վարպետը» խորագրով։
1975 թուականին Պէյրութ ծնած եւ պատանեկութիւնը Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ անցուցած Արա Վարդանեան նոյնպէս մեծցած է ոսկերիչներու ընտանիքի մէջ։ Երիտասարդ մասնագէտը յայտնի է իր նորարարական մօտեցումներով, որոնցմէ են երկու եւ երեք մատի համար նախատեսուած մատանիները՝ «Ութոտնուկի օղակները», «ճարմանդները» եւ ադամանդները դարձուած տեղադրելու իւրայատուկ ոճը։
2005 թուականին, Սան Փաուլոյի մէջ սեփական աշխատանոցն ու ցուցասրահը հիմնելէ ետք՝ Արայի համբաւը արագօրէն տարածուեցաւ Պրազիլի սահմաններէն դուրս։ 2016 թուականին, ան բացաւ իր առաջին միջազգային մասնաճիւղը՝ Լոնտոնի նշանաւոր Մայֆէյր թաղամասին մէջ։
Անոր բացառիկ զարդերը կրած են այնպիսի համաշխարհային աստղեր. ինչպէս՝ Նաոմի Քեմփըլ, Մատոննա, Փենելոփէ Քրուզ եւ այլք։ 2017 թուականին, ան նաեւ համատեղ հաւաքածու ստեղծեց՝ բրիտանացի աշխարհահռչակ բնորդուհի Քէյթ Մոսի հետ։
Այսօր Վարդեանեանի աշխատանոցին մէջ կ՚աշխատին 93 մասնագէտներ, որոնք կը կերտեն ժամանակի փորձութեան դիմացող արուեստի գործեր։
«ԱՌԱՋԻՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՐԻՆՆ Է»
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արա Վարդանեանին հետ ամսագրին հարցազրոյցը, զոր վարեց Ռենաթա Պրոսինա։
*
Թանկարժէք քարը զարդի վերածելու գործընթացին մէկ մասը ըլլալը Արա Վարդանեանի լուռ, գրեթէ բանաստեղծական առաքելութիւնն է։
Յիսունմէկ տարեկանին անոր գործունէութիւնը կեդրոնացած է «Իկուաթեմի» առեւտրական կեդրոնի շրջակայքին, ուր կը գտնուին անոր ստեղծագործական սթիւտիոն եւ արհեստանոցը։ Հոն կ՚իրականացուին աշխատանքի բոլոր փուլերը՝ ոսկիի հալեցումէն մինչեւ վերջնական փայլեցում։
Հոն կը նիւթականանայ նաեւ անոր կապը քարին հետ, որ ժամերով կը մնայ իր սեղանին վրայ՝ նախքան վերջնական ձեւ ստանալը։
«Ես այն մարդոցմէ չեմ, որոնք գիրք կը բանան՝ ոգեշնչում կամ յղումներ փնտռելու համար։ Ոմանք անտառին կը նային, ուրիշներ՝ ծաղիկներուն։ Իմ եւ քարին ու իմ զգացումներուս միջեւ յարաբերութիւնը շատ անմիջական է», կ՚ըսէ ան՝ առաջին հերթին բնազդով առաջնորդուելով։
Թէեւ Արան բիւրեղեայ գունդերու փոխարէն կը նախընտրէ զմրուխտներ, վարդագոյն վանաքարեր (ռիւպելիտ), ապագան կանխատեսելու գաղափարը կարծես միշտ անակնկալներով կ՚ուղեկցուի։ Անոնցմէ մէկը այն շէնքն էր, ուր ան հաստատեց իր արուեստանոցը։
-Ամէն ինչ քարէն կը սկսի՞։
-Զարդեր ստեղծելու հանդէպ իմ կիրքս սկսաւ աւելի զօրանալ, երբ որձաքարերու (քուարց) եւ պրազիլական քարերու հետ կ՚աշխատէի ու կը մտածէի, որ ատիկա հոյակապ բան մըն է։ Յետոյ եկան ադամանդները, շափիւղաները եւ զմրուխտները, որովհետեւ հայրս էր զանոնք վաճառողը։
-Ձեր ծնողները զարդերու գործով կը զբաղէին։ Երբեւէ պատկերացուցա՞ծ էիք, որ ոսկերչութենէն հեռու պիտի ըլլաք։
-Տան մէջ նախատեսուած չէր, որ ես շարունակէի ոսկերչական գործը։ Տասնչորս տարեկանին գացի Ժընեւ՝ ուսանելու, ծնողքս միշտ կը քաջալերէին զիս՝ ընտրելու տնտեսական շուկայի ուղղութիւնը։ Ատիկա հետաքրքրական ճամբայ մը կը թուէր, մանաւանդ «Ուոլ Սթրիթ․ Իշխանութիւն եւ ագահութիւն» (1987) շարժանկարը դիտելէ ետք։ Մտածեցի՝ «Ասիկա հետաքրքրական է»։ Սակայն, երբ հոն հասայ, հասկցայ, որ իրականութիւնը այդքան ալ այդպիսին չէր։ Ի վերջոյ, Պոսթոնի մէջ տնտեսագիտութիւն ուսանեցայ եւ հասկցայ, որ ատիկա իմ ճամբաս չէր։
Չյաջողեցայ, երկար ժամանակ տեղքայլ կ՚ընէի։ 1990-ականներու վերջաւորութեան, Պրազիլէն տասնմէկ տարի հեռու ըլլալէ ետք, հեռաձայնեցի հօրս եւ ըսի, որ կ՚ուզեմ իր հետ աշխատիլ։
Սակայն, նախ ան կ՚ուզէր, որ Նիւ Եորքի Ամերիկեան Ակնագիտական համալսարանին մէջ ակնագիտութեան դասընթացքի մը հետեւէի։ Մեկնելէս մէկ օր առաջ արկածի ենթարկուեցայ եւ ստիպուած եղայ մատիս մէջ երկու պտուտակ տեղադրել։ Պրազիլ մնացի, սկսայ աշխատիլ հօրս հետ եւ սիրահարուեցայ քարերուն։
-Յաջորդ փուլին արդէն անկախացա՞ք։
-Այո՛։ Դուրս եկայ եւ որոշեցի սեփական գործս հիմնել։ Քարերու եւ մատակարարներու մասին շատ գիտելիք ունէի։ Քար գնելու պարագային երբեմն կարելի է վարկ ստանալ, բայց ոսկիի պարագային՝ ոչ։
Ատիկա 2005 թուականին էր։ Այդ ժամանակ ես հօրմէս անկախացայ եւ սկսայ իմ սեփական գործիս։ Արդէն ունէի իմ ապրանքանիշը եւ Պրազիլէն դուրս ալ կը վաճառէի՝ ներառեալ Նաոմի Քեմփպըլի նման անուններու։ Մտածեցի՝ «Ասիկա է այն, ինչ որ կ՚ուզեմ ընել»։ Ատիկա ինծի վստահութիւն տուաւ, որ ճիշդ ճամբու վրայ եմ։ Մեքենաս, ունեցած-չունեցածս վաճառեցի եւ արուեստանոցս հիմնեցի։
-Արուեստանոց՝ խանութի փոխարէ՞ն։
-Կը յիշեմ, որ արուեստանոցին ներքին տարածքը կը նախագծէի այնպէս, կարծես տունս ըլլար։ Ինծի համար ամէն ինչ ներսէն դէպի դուրս կու գայ։ Պէտք էր հոյակապ վայր մը ստեղծել. Այս մէկը շատ լաւ որոշած էի։ Այս շէնքը ընտրելն ալ երազանքի առարկայ մըն էր։ Երբ այս կողմերէն կ՚անցնէի, միշտ աչքս «վարձու է» ցուցանակներուն վրայ էր եւ կը հաշուէի․ «Այսքան զարդ պէտք է վաճառեմ, որպէսզի վարձքը վճարեմ»։
Միշտ այսպէս եղած է․ մէկ քար կը վաճառէի եւ երկուքը կը գնէի։ Երբ հոս եկայ, միայն ես էի։ Յետոյ եկան երկու հոգի, երեքը, իսկ այսօր 93 հոգի ենք։
-Ի՞նչ բան ձեզ մղեց արհեստանոցը արուեստանոցին մէջ տեղադրելու։
-Երբ սկսայ իմ արտադրութիւնս ստեղծել, ծնողքս ըսին, որ խենթ եմ, որովհետեւ սեփական արհեստանոց ունենալը շատ դժուար գործ է։ Իմ առաջնահերթութիւնս դրական աշխատանքային միջավայր մը ստեղծելն էր։ Իրենց ընկերութեան մէջ արտադրութիւնը պատուէրով ուրիշներու կը վստահուէր, որովհետեւ սեփական արհեստանոց չունէին։
-Ի՞նչն էր ձեզի համար ամենակարեւորը։
-Երբ ստեղծեցի իմ արհեստանոցը, գլխաւոր նպատակս լաւագոյն սարքաւորումներով միջավայր մը ստեղծելն էր, որպէսզի նաեւ արհեստաւորներուն միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւն տար։ Քար տեղադրող վարպետներուն եւ ոսկերիչներուն միջեւ միշտ որոշակի հակասութիւն եղած է, որովհետեւ եթէ մէկը իր գործը ճիշդ չընէ, կրնայ միւսին կատարած աշխատանքը փճացնել։ Հոս զարդը ոսկերիչէն կ՚անցնի ակնագործ վարպետին, որ զայն կը զննէ եւ կը շարունակէ գործընթացը։ Մենք խումբ մըն ենք։ Ասիկա քանչորս տարի շարունակ այս գործը ընելու առաւելութիւնն է․ ժամանակի ընթացքին կը հաստատուիս եւ խումբիդ մէջ կ՚ունենաս մարդիկ, որոնք արդէն տասնեօթ տարիէ ի վեր հոս են, խորապէս կը հաւատան աշխատանքին եւ այստեղ գտնուելու գաղափարին։
-Միջավայրն ալ զարդի մա՞ս է։
-Քարերը բնութեան նուէրն են։ Ես միշտ մտածած եմ, որ պարզապէս պատուանդան մըն եմ՝ այս գեղեցկութիւնները ցուցադրելու համար։
Պէտք է խոնարհ ըլլալ, որովհետեւ մենք շատ փոքր ենք ամէն ինչի համեմատ եւ, անշուշտ, պէտք է յարգանք ունենալ։
Հոս ներսը բոլորին նկատմամբ այդպէս կը վարուինք։ Ես կը հաւատամ, որ նոյնիսկ սուրճը պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլայ, այլապէս զարդը քիչ մը ծուռ դուրս կու գայ։ Հոս իւրաքանչիւրը իր նպատակը ունի՝ զարդեր վաճառել եւ այս աշխատանքը բոլորին համար լաւ փորձառութեան վերածել։
-Ի՞նչ փոխուած է զարդերու արտադրութեան մէջ վերջին քսանհինգ տարիներուն։
-Այն ատեն նախատիպերու ստեղծման գործընթաց չկար։ Իմ պարագայիս մենք սկսանք զայն օգտագործել չորս տարի առաջ։
Նախկինին ամէն ինչ մեծ ճիգերով եւ ամբողջովին ձեռքով կ՚ընէինք։ Կը տեսնեմ, որ ոսկերչութիւնը բաւական փոխուած է, որովհետեւ ամբողջ աշխատանքը ձեռքով կատարող ոսկերիչ գտնելը շատ աւելի դժուար էր։
Իմ արտադրութիւնս տակաւին արհեստագործական է, բայց այսօր արդէն կը ներառէ նաեւ նախատիպի ստեղծման փուլը, որ գործընթացը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ։
-Թեքնոլոժին նաեւ երիտասարդները մօտեցուցա՞ծ է ոսկերչութեան։
-Նախատիպերու ստեղծման մէջ ինծի ամենահաճելին այն է, որ ձեւաւորումի ոլորտի՝ 20-էն մինչեւ 30 եւ քիչ մը աւելի տարիք ունեցող երիտասարդները նախկինին ոսկերչական շղթային մէջ իրենց տեղը չունէին։
Դուք կը սկսիք գաղափարներ փոխանակել այդ երիտասարդներուն հետ, իսկ ընկերութեան մը համար կարեւոր է նոր սերունդ ունենալ։
Նախկինին ամէն ինչ կախեալ էր արհեստաւորէն, որ յաճախ մասնագիտանալու հնարաւորութիւն չունէր։ Պէտք էր գտնել այն սերունդը, ուր արհեստը հօրմէն որդիին կամ հօրեղբօրմէն եղբօրորդիին կը փոխանցուէր։
Կը կարծեմ, որ ասիկա արդիւնաբերութեան մեծ առաւելութիւն մըն է։ Նախկինին ամէն ինչ շատ աւելի դժուար էր։
-Որպէս ստեղծագործող՝ ինչպէ՞ս կ՚ընկալէք ձեր զարդը։
-Հետաքրքրականը այն է, որ երբ վաթսունը անց իմ յաճախորդուհիիս համար զարդ մը կը պատրաստեմ եւ անոր աղջիկը զայն կ՚առնէ, չի թուիր, թէ «մօրը զարդը» առած է։
-Նոյնիսկ շրջուած ադամա՞նդը։
-Քանի որ հայրս ադամանդի վաճառքով կը զբաղէր, ես տեսած եմ բոլոր անոնք, որոնք ադամանդ կը կրեն՝ Լոնտոնի Փոնթ սթրիթի կամ Նիւ Եորքի Մետիսըն աւընիւի մէջ, քարերը սովորական ձեւով կը տեղադրեն։
Ես կը մտածեմ, որ երբ զարդ մը կը ստեղծես, պէտք է այդ պահը ունենաս՝ խաղալու, հասկնալու, թէ այն ինչպէս կ՚երեւի մարմնին վրայ, ինչպէս կ՚ընկալուի հայեացքով եւ ինչպէս կրնայ այլ կերպ ներկայանալ։
-Իսկ զմրուխտնե՞րը։
-Կը յիշեմ, որ երբ նոր սկսած էի գործս, յատուկ յաճախորդուհիի մը համար զմրուխտներով հսկայ վզնոց մը պատրաստեցի։ Ատիկա ինծի շատ օգնեց։
Քանի մը զարդեր եղան, որոնք մեծապէս նպաստեցին իմ յառաջխաղացումիս, իսկ այս մէկը անոնցմէ մէկն էր։
Ես կը գործածէի զմրուխտներ, ադամանդներ եւ Փարաիպայի թուրմալիններ (Պրազիլի Փարաիպա նահանգին յատուկ վանաքարի տեսակ մը), որոնք քիչ մը աւելի ուշ յայտնուեցան, բայց, ես սկսայ զանոնք գործածել բաւական կանուխ՝ շուրջ տանհինգ տարի առաջ։
Յետոյ անոնք սկսան աւելի բարձր գնահատուիլ եւ արտասահմանեան ոսկերչական տուներու կողմէ աւելի փնտռուած դառնալ։
-Եթէ մտածէք այս պահու ձեր սիրած քարին մասին, ո՞րը պիտի ըլլայ։
-Ես շատ կը սիրեմ կայսերական տպազիոնը, բայց պրազիլացի յաճախորդը տակաւին մեծ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր այս քարին հանդէպ։
Հանքը փակուած է, այժմ զայն կարելի է գտնել միայն այնպիսի մէկու մը մօտ, որ նախապէս գնած է զայն։
«Իկուաթեմի»ի խանութին մէջ հոյակապ քար մը կայ, բայց կը կարծեմ՝ չեմ ուզեր զայն վաճառել, որովհետեւ այդ քարին հետ այնպիսի հետաքրքրական յարաբերութիւն մը ստեղծած եմ, որ որոշակի կապուածութիւն յառաջացած է։ Գրեթէ խանդի նման բան մըն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան