ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ։ Միջազգային լրահոսին մէջ լայն ուշադրութեան արժանացաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան Փեքին-Թեհրան օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վան Ին յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան շարունակական ձգձգումը չի համապատասխաներ միջազգային հանրութեան շահերուն։ Այդ հակամարտութեան երկարիլը համապատսխան չէ նաեւ կողմերու իսկ շահերուն։

«Չինաստան կը յորդորէ Իրանին եւ ԱՄՆ-ին՝ պահպանել ողջմտութիւնը ու զսպուածութիւն ցուցաբերել, հնարաւորինս շուտ վերադառնալ Իսլամապատի փոխըմբռման յուշագրին՝ ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ վերականգնել բանակցային դրութիւնը եւ բովանդակալից խորհրդակցութիւններ կազմակերպել փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ», նշեց չինացի նախարարը։

Իրանական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարներու քննարկման ժամանակ օրակարգի վրայ եկան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, ինչպէս նաեւ միջազգային կամ տարածաշրջանային բնոյթով հրատապ հարցեր։

Միջազգային աղբիւրները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Ապպաս Արաղչիի Փեքին այցելութեան ժամկէտին վրայ։ Արդարեւ, ան Փեքին մեկնած է Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի՝ դէպի ԱՄՆ նախատեսուած այցելութենէն օրեր առաջ։ Շի Ծինփինկ յառաջիկայ օրերուն պիտի տեսակցի ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Միջազգային հանրութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր ուշադրութեամբ կը սպասէ այս գագաթնային շփման։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2026