ՆԱՄԱԿ ՄԵԿՆՈՂԻՆ

Տակաւին երիտասարդ ես ու կը կարծես, թէ դիւրին պիտի ըլլայ աշխարհը նուաճելը, սակայն, ժամանակը պիտի սորվեցնէ, որ աշխարհը նուաճելու համար բաւարար չէ երազներ ունենալը։ Եթէ մարդ երազը ունի, սակայն, չունի այդ երազներուն հասնելու անհրաժեշտ կամքը, համբերութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, ապա այդ երազը ցանկութիւն կը դառնայ։ Քու ձեռքդ է երազը դէպի իրականութիւն կամ դէպի ցանկութիւն առաջնորդելը: Ժամանակաշրջանի մը համար կեանքը մարդոց երազել կը սորվեցնէ։ Դո՛ւն ալ պիտի երազես, սակայն, ժամանակ մը ետք անդրադառնաս, որ երազելը շա՜տ դիւրին է։ Երազներուն հաւատարիմ մնալով զանոնք իրականութեան վերածելն է դժուարը։ Այդ դժուարութեան դիմաց է, որ պիտի հասկնաս, թէ երազները մոգական ակնթարթով մը իրականութիւն չեն դառնար՝ այնպէս ինչպէս մոգական պատահականութեամբ չեղաւ այդ ճամբան՝ որ քեզ առաջնորդեց հոն՝ ո՛ւր որ ես այսօր: Եթէ երազներդ չունենան հանգրուան, չունենան ժամկէտ՝ նպատակ չեն դառնար։ Երազէն նպատակ, նպատակէն կամք ու աշխատանք. այս բոլորին համադրութիւնն է, որ մարդը յաջողակ կը դարձնէ: 

Ընթացքին, սակայն, այդ երազները իրականութիւն դարձնելու համար երեք տարբեր արժէքներու միջեւ պայքարի պիտի մտնես. իմաստութիւն, գեղեցկութիւն ու հարստութիւն։ Անշուշտ, մարդ ինքզինք երանելի պիտի զգար, եթէ այս երեք «բարիք»ները ի մի յայտնուէին, սակայն, պէտք է գիտնալ ո՛ր մէկը առաջնահերթ նկատել։ Ներկայ ժամանակներու մտայնութիւնը պիտի տայ այն համոզումը, որ հարստութիւնը շատ անգամ իմաստութենէն ու գեղեցկութենէն կարեւոր է։ Կեանքիդ ընթացքին պիտի տեսնես մարդիկ, որոնք ունին միայն հարստութիւն, սակայն, «աղքատ» են։ Աղքատութիւնը կեանքի մէջ լոկ տնտեսական վիճակ չէ՛ որ ցոյց կու տայ. հոգիով աղքատ, սիրտով աղքատ, ուղեղով աղքատ, բարոյականութեամբ աղքատ ու մարդը մարդ դարձնող արժէքներէն աղքատ անհատներ շա՜տ պիտի ըլլան. շուրջդ։ Այնքա՜ն անարդարութիւններ պիտի տեսնես, որ պահ մը համոզուիս, որ հա-րըստութիւնը շատ աւելի կարեւոր է՝ քան իմաստութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Պիտի տեսնես մարդիկ, որոնք ամբողջ կեանք մը, երիտասարդութիւն մը կը վատնեն հարստութիւն ձեռք ձգելու համար, որովհետեւ հարստութիւնը նիւթականի շատութեան մէջ չէ. մարդ կրնայ քիչ ունենալ եւ ինքզինք հարուստ զգալ, իսկ ուրիշը շատ ունենալ՝ ու քիչ զգալ։ Սակայն, կ՚ուզէի, որ հարստութեան մօտենաս այսպէս. հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնը կը տրուին մարդուն, սակայն, իրենց գոյութեան համար երաշխիք չեն տար։ Այսօր հարուստ անձ մը վաղն իսկ կրնայ սնանկանալ. այսօր իր գեղեցկութեամբ հը-պարտացող մը դժբախտ պատահարով մը կրնայ սարսափելի դէմքի մը տէր ըլլալ. ժամանակը ո՛չ հարստութիւնը եւ ո՛չ ալ գեղեցկութիւնը կը խնայէ. ինչ որ ենթակայ է ժամանակին՝ կատարեալ չի կրնար ըլլալ: Այդ իսկ պատճառով արժէքներուն մէջէն դուն ընտրէ գիտութիւնն ու իմաստութիւնը։ Ուսումն ու գիտութիւնն է, որ անդադար կ՚աւելնան պակսելու փոխարէն։ Հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնը կը կորսուին, սակայն, իմաստութիւնը պակսելու փոխարէն կ՚աւելնայ եւ ժամանակ մը կը դառնայ մեծագոյն գեղեցկութիւն, մեծագոյն հարստութիւն։ Իմաստութեան հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնը չունեցողներն են, որ հարստութեան եւ գեղեցկութեան կարիք կը զգան։ Քեզի իմաստութիւնը կը բաւէ. այդ մէկը միակ արժէքն է, որ ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ մարդիկ կրնան խլել քեզմէ։ Կեանքիդ մէջ փորձէ ձեռք ձգել այնպիսի իմաստութիւն, որ ժամանակը չի կրնար խլել քեզմէ։ Հազարաւոր տարիներ առաջ փիլիսոփայ Սոկրատես կ՚ըսէր. «Նախընտրէ գիտութիւնը՝ քան հարստութիւնը, որովհետեւ մէկը ժամանակաւոր է, իսկ միւսը յաւիտենական».

Աշխարհը կամաց կամաց կը փոխուի։ Այսօր մարդիկ յարգանք կը տածեն հարուստին նկատմամբ, սակայն, այդ յարգանքը իր մէջ ունի սեփական շահերու հետապնդում։ Հետեւաբար «յարգանք» կարելի չէ կոչել այդ մէկը. առեւտուրի ձեւ մըն է պարզապէս, բայց, մարդիկ կը շարունակեն յարգել միտքը։ Հռոմէացի փիլիսոփայ Սենեկա կ՚ըսէ. «Հարստութիւնը իմաստունին ծառան է, իսկ յիմարին՝ տէրը»։ Իմաստութիւնը ունեցիր աշխարհի բոլոր բարիքները նպատակներդ նուաճելու համար որպէս միջոց օգտագործելու։ Երբե՛ք միջոցը նպատակի մի վերածեր։ Երբ հարստութիւնը, գեղեցկութիւնն ու իմաստութիւնը որպէս միջոց օգտագործես՝ կը սկսիս կեանքդ առաջնորդել, սակայն, երբ զանոնք նպատակի վերածես՝ անոնց ծառան կը դառնաս: 

Այս բոլորը միտքիդ մէջ ունենալով սիրէ՛ կարդալ. գիրքերը իրենց մէջ ունին այնպիսի հա-րըստութիւն մը՝ որ աշխարհի մէջ այլուր կարելի չէ գտնել։ Սիրէ սորվիլ, որովհետեւ երբ մարդու մէջ նոր բան սորվելու ձգտումը վերջ գտնէ՝ անոր գոյութիւնը այնքան ալ իմաստ չ՚ունենար։ Միշտ յիշէ, որ ուսման ո՛ր մակարդակին վրայ ալ գտնուիս, գիտութեան ծովին դիմաց ոչինչ ես։ Կեանք մը ամբողջ պիտի չբաւէ գիտութեան ու իմաստութեան բարիքներէն օգտուելու. մի՛շտ պակաս գիտութիւն մը գոյութիւն պիտի ունենայ, սակայն, աւելին գիտնալու համար պիտի սիրես փնտռել, ուսումնասիրել, կասկածիլ, հարցադրել ու վերլուծել։ Համբերել սիրէ, որովհետեւ մեծ աշխատանքները համբերանք ու ժամանակ կը պահանջեն։ Սխալիլը երբեք սխալ մի՛ նկատեր, որովհետեւ անոնք են լաւագոյն ուսուցիչները։ Երազներդ մե՛ծ ու բարձր պահէ, սակայն, զանոնք մօտիկ պահէ քեզի, որովհետեւ երազները ինչքան բարձր՝ այնքան վերացական կը դառնան։ Մի՛շտ եղիր այն մարդը՝ որ մարդ ըլլալ կը սիրէ, որովհետեւ մեր ժամանակներուն հարուստ ըլլալէ, գեղեցիկ ըլլալէ եւ շատ անգամ իմաստուն ըլլալէ աւելի դժուար է մա՛րդ ըլլալը՝ որ իր մէջ կ՚ամփոփէ բոլոր այն արժէքները, որոնք ժամանակաւորապէս ապրող մարդուն յիշատակը կը դարձնեն յաւիտենական:

•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մուրճը չի մաշիր, ո՛չ ալ սալը. բայց զանոնք ծեծող ձեռքերը կը յոգնին, կը թուլնան:

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2026