ԱՆՏԷՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ
Հայ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունի փոքրամասնութիւն մը, որ կը հաւատայ հետեւեալին. ազգին մասին միշտ պէտք է դրական ու լաւատես արտայայտուիլ։ Այս անձերուն մօտ բացասական որեւէ արտայայտութիւն կը թարգմանուի որպէս ազգի դէմ թշնամութիւն ու ատելութիւն: Իրականութեան մէջ, լաւապէս կը հասկնանք, որ այդ մէկը եւս հայրենասիրական դրսեւորման ձեւ մըն է եւ հետեւաբար կարելի չէ մեղադրել, սակայն, քննադատութիւնը՝ մանաւանդ ահազանգը, պէտք չէ շփոթել բացասական այլ երեւոյթներու դէմ: Օրինակը տանք այսպէս. անցեալին՝ գուցէ դար մը առաջ եւս հայ ժողովուրդը լաւապէս գիտէր եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու կողմէ ի գործ դրուած սխալներուն մասին, սակայն, այդ մէկը բարձրաձայնելը «ամօթ» կը նկատէր, որովհետեւ բարձրաձայնելով ո՛չ միայն եկեղեցականը, այլեւ եկեղեցին պիտի վարկաբեկուի եւ նկատի ունենալով, որ եկեղեցին հայ ժողովուրդի բարձրագոյն արժէքներէն մէկն է, ապա նախընտրելի պիտի ըլլար լռել։ Այս մէկը իր մէջ ունի հայրենասիրական միտում մը, սակայն, հակառակ համոզումը ունեցողները եւս նոյն միտումը ունին։ Այսպէս, ոմանք տեղ գտած սխալները կը բարձրաձայնեն, որովհետեւ կ՚ուզեն եկեղեցին տեսնել իր կատարեալ վիճակին մէջ։ Հետեւաբար թէ՛ լռողը եւ թէ քննադատողը այս պարագային «հայրենասէր» կ՚ըլլայ, որովհետեւ ամէն մէկը իր ձեւով կը փորձէ պաշտպանել եկեղեցին:
Նոյն այս տրամաբանութեամբ այսօր հայկական իրականութեան մէջ կը տեսնենք անհատներ, որոնք ամէն գնով կը փորձեն հայկական սփիւռքի վիճակը դրական ձեւով ներկայացնել եւ այդ մէկը հայրենասիրութիւն կ՚որակեն։ Այս մէկը լուրջ մտահոգիչ կը գտնենք, որովհետեւ «դրական» երեւոյթ տալով, ամէն բան դրական «կարծել»ով դէպի անդունդ առաջնորդուիլը կը կարծենք շատ աւելի վտանգաւոր է՝ քան անոր գիտակցութիւնը ունենալով նահանջելը։ Կը հասկնանք, որ տեղ մը դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ հայկական սփիւռքի մասին դրական արտայայտուիլը եւ հայրենասիրական զգացումներ կը շօշափէ, սակայն, եթէ այդ մէկը կտրուած ըլլայ իրականութենէն, հայրենասիրութենէն աւելի «տգիտութիւն» կարելի է որակել։ Օրինակի համար, վերջերս «լաւատես» մը խօսելով Եւրոպայի հայկական գաղութներէն մէկուն մասին հպարտութեամբ կ՚ըսէր. «Հայկական դպրոց չունինք, բայց միօրեայ դասընթացքներ կու տան հայ աշակերտներուն»։ Այստեղ դրական երեւոյթ մը եթէ գոյութիւն ունի այն է, որ կրնային ընդհանրապէս միօրեայ դասընթացքներ չտալ, սակայն, չարեաց փոքրագոյնը պէտք չէ շփոթել յաջողութեան եւ ձեռքբերումի հետ։ Մենք ալ համաձայն ենք, որ գնահատելի է միօրեայ դասընթացքները, որովհետեւ մի քանի կաթիլ ջուրը ընդհանրապէս ծարաւ մնալէն շատ աւելի լաւ ու նախընտրելի է, սակայն, այդ մի քանի կաթիլը պէտք չէ ներկայացնել որպէս լիճ կամ գետ:
Սփիւռքի մէջ տրուած միօրեայ դասընթացքները եւս դը-րական են, սակայն, արդարացի ըլլալու համար այդ մէկը դրական ներկայացնելէ բացի պէտք է իրապաշտ ըլլալ։ Գաղութին մէջ ապրող հայ պատանիներէն, հայ երիտասարդներէն քանի՞ն կը հետեւի այդ միօրեայ դասընթացքներուն։ Այլ կարեւոր հարց մը. հետեւող երիտասարդ-պատանիներէն քանի՞ն կամաւոր եւ սիրով կը հետեւին այդ դասընթացքներուն եւ քանի՞ն ընտանիքին «պարտադրանք»ով ու «որոշում»ով։ Այստեղ արդէն կը գտնենք հիմնական մի քանի խնդիրներ. կայ անտարբեր խաւ մը, որուն համար կարեւոր չէ մայրենի լեզուի իմացութիւնը։ Կայ խաւ մը, որ ամէն գնով կը փորձէ իր զաւակը օտարութեան մէջ հայ պահել, սակայն, զաւակը նոյն հետաքրքրութիւնը չի ցուցաբերեր։ Եւ կայ խաւ մը, որ իրապէս յաջողած է հայրենասիրութեան ոգին փոխանցել զաւակներուն։ Առաջին պարագան լուրջ մտահոգութիւն է թէ՛ գաղութին եւ թէ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի պարագային, որովհետեւ այն ծնողքը, որ չունի պատկանելիութեան գիտակցութիւն, ազգասիրական յոյզ ու ապրումներ, չի կրնար ծնունդ տալ զաւակներու, որոնք կապուած կ՚ըլլան իրենց արմատներուն ու ինքնութեան։ Անշուշտ, այստեղ ծնողքէն բացի, պէտք է մեղադրել նաեւ բոլոր այն պայմանները, որոնք նման հայերու ծնունդ տուին։ Ընտանեկան դաստիարակութիւնը, անշուշտ, իր յատուկ տեղը ունի, սակայն, ընտանիքէն դուրս եղող պայմանները եւս ունին կարեւոր ու կենսական դեր։ Օրինակի համար, միօրեայ դասընթացքները անկասկած գնահատելի են, սակայն, ինչո՞ւ գաղութը չունի հայկական դպրոց։ Այս մէկը մի քանի պատճառներ կրնայ ունենալ. այսօր ունինք գաղութներ, որոնք անցեալին հարուստ ու հայաշատ ըլլալով, այսօր հակառակ պատկեր կը ներկայացնեն։ Անշուշտ, դրական ու գնահատելի պիտի ըլլար, եթէ գիտնայինք, որ այդ գաղութներուն թիւը պակսած են հայրենադարձութեան պատճառով, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Այստեղ եւս գոյութիւն ունի լուրջ խնդիր. շատ մը ղեկավարներ չե՛ն ուզեր հայկական սփիւռքը նօսրանայ՝ նոյնիսկ հայրենադարձութեան գնով։ Տարօրինակ ժողովուրդ մը, որ կ՚ուզէ ունենալ հզօր հայրենիք, սակայն, երբեք չ՚ուզեր իր կեանքն ու ապագան տեսնել այդ հայրենիքին մէջ:
Լաւատես այդ անձերը լաւապէս գիտեն, որ միօրեայ դասընթացքներու մասնակիցները չմասնակցողներուն հետ համեմատած փոքրամասնութիւն են։ Այդ փորքամասնութիւնը ինչքան ալ լաւ սորվի իր մայրենի լեզուն, միօրեայ դասընթացքով դժուար թէ յաջողի լաւագոյնս տիրապետել մայրենիին։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ պատանի-երիտասարդները շաբաթը հինգ օր օտար վարժարաններ կը յաճախեն։ Շաբթուան հինգ օրը օտարանալով եւ ընդամէնը մէկ օր հայանալով՝ սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդին հայութիւնը պահել կարելի չէ եղած ու պիտի չըլլայ։ Անոնց թիւը օր օրի պիտի նուազի՝ մինչեւ որ օր մը վերջ տրուի այդ միօրեայ դասընթացքներուն եւս:
•շարունակելի…
Երեւան

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Տղու մը գլխուն մէջ, մէկ անգամով շատ բան լեցնելու չէ, որպէսզի գլուխը չցաւի եւ ուղեղին մեծնալու տեղ մնայ:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ