ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը ձեռնարկեց նոր եղանակի առաջին աշխատանքին: «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2026-2027 շրջանի առաջին համախմբումը, որուն ներկայ էր նաեւ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան: Տնօրէն խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ՝ քանի երգչախումբի անդամները զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը կ՚ապրէին: Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան հերթական անգամ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր սաներուն կողմէ: 

Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան հանդէս եկան սրտի խօսքերով, որոնց մէջ խրախուսեցին երգչախումբի անդամները: Յակոբ Մամիկոնեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին երգչախումբը առիթներ պիտի ունենայ ներկայացնելու՝ հայկական թէ՛ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ երաժշտութիւնը: 

Ելոյթներէն վերջ սկսաւ առաջին փորձը եւ այսպէսով Լուսաւորիչ դպրաց դասը, որ պոլսահայ մշակութային կեանքէն ներս ունի առանձնայատուկ դիրք մը, նոր օղակ մը աւելցուց իր գործունէութեան տարիներու շղթային վրայ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2026