ԶՈՅԳ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐՈՒ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի փայլուն երիտասարդուհիներէն Ռինա Չոլաք մարմնամարզի բնագաւառէն ներս գերազանց յաջողութիւն մը արձանագրած է։ Ան Շիշլի մարզակումբի մարզիկներէ է եւ վերջին շրջանին բառին բուն իմաստով կը փայլի իր աստղը։ Շաբաթավերջին, Պաղլարպաշըի «Պուրհան Ֆէլէք» մարզական համալիրէն ներս Ռինա Չոլաք նուաճեց կրկնակի ախոյենութեան։ Մարմնամարզի ոլորտէն ներս սա եղանակի եզրափակիչ առաջնութիւնն էր։ Ռինա Չոլաք թէ՛ երկար ցատկի եւ թէ 60 մեթր վազքի մէջ յաջողագոյն արդիւնքները արձանագրեց։ Իր կողմէ նուաճուած երկու ոսկէ մետայլները կը հանդիսանան տրամաբանական շարունակութիւնը եղանակի ողջ տեւողութեան Ռինա Չոլաքի ունեցած յաւակնոտ արդիւնքներուն։
Բացի Ռինա Չոլաքէն, Շիշլի ակումբի մարզիկներէն Աքսել Պեշիրեանն ալ բարձր ցատկի մէջ եղաւ Իսթանպուլի ախոյեան։
Այս փայլուն արդիւնքները բացառիկ ուրախութեան առիթ դարձած են թէ՛ Շիշլի մարզակումբին մէջ եւ թէ պատանի մարզիկներու ընտանիքներէն ներս։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռինա Չոլաքն ու Աքսել Պեշիրեանը, որոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։