ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու Սահակեան-Նունեան վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի Լիանա Պենլի-Քասափճըլարը։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Սամաթիոյ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ մատաղօրհնութեան զուգահեռ պիտի կատարուի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Արդէն որոշ ժամանակէ մը ի վեր համայնքային շրջանակներու օրակարգին վրայ է, որ այս տարուան սիրոյ սեղանը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ դպրոցի պիւտճէի բացը աստղաբաշխական համեմատութիւններու հասած է։

Նուրհան Տավուլճեան եւ Լիանա Պենլի-Քասափճըլար երէկուան հանդիպման ընթացքին մեզի յայտնեցին, որ Սամաթիոյ ընտանիքը առաւել արդիւնաւէտութեամբ կ՚օգտագործէ իր միջոցները՝ մանաւանդ թաղի դպրոցի գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ պահելու համար։ Պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմի թիւը այս տեսակէտէ ինքնին նշանակութիւն ունի՝ այն առումով, որ բոլորը գերմարդկային զոհողութիւններով կ՚աշխատին առկայ սահմանափակ հնարաւորութիւններու շրջանակներուն մէջ աշակերտները ոչինչէ զրկելու առաջադրութեամբ։

Նուրհան Տավուլճեան եւ Լիանա Պենլի-Քասափճըլար նշեցին, որ Սամաթիոյ ընտանիքը կը գիտակցի, թէ մեր ամբողջ համայնքը տագնապալի ժամանակաշրջանէ մը կ՚անցնի, նիւթական միջոցներու տեսակէտէ մեծ դժուարութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, որեւէ հաստատութեան կարիքը պէտք չէ ըմբռնել տեղական ձեւաչափի մէջ։ Ինչպէս համայնքի միջոցները, այնպէս ալ կարիքները պէտք է ըմբռնուին ընդհանրական ձեւով։ Ուստի, Տավուլճեան եւ Քասափճըլար անհրաժեշտ կը նկատեն, որ համայնքէն ներս հաստատութիւնները շատ աւելի տարբեր համագործակցութիւն մը ունենան, շատ աւելի տարբեր զօրակցութեան ձեւաչափեր գտնեն, որպէսզի մեր հաստատութիւններու առաքելութիւնը երաշխաւորուի երկարաժամկէտ ձեւով։

Հանդիպման աւարտին Տավուլճեան եւ Քասափճըլար համայնքային շրջանակներուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի այս տարի եւս զոհողութենէ չխուսափին՝ քանի ժամանակաւոր դժուարութիւնները այս պահուն սպառնալիք մը դարձած են մեր համայնքէն մշտական արժէքներ խլելու տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2026