ՆՈՐԱՎԻՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐԷՆ՝ ԼԵՒՈՆ ԲԱՇԱԼԵԱՆ
24 սեպտեմբերին է ծնած հայ նորավիպագրութեան կերտիչներէն Լեւոն Բաշալեան (Կ. Պոլիս, 24 սեպտեմբեր 1868 - Վիշի, Ֆրանսա, 2 փետրուար 1943):
Այն գրական սպասարկուները, որ 19-րդ դարու չորրորդ քառորդին մէջ ճամբայ հարթեցին մեր նորավիպագրութիւնը ազատագրելու գրաբարեան ռոմանթիզմին թափառիկ մելամաղձոտութիւններէն, Արփիար Արփիարեանով առաջնորդուած ամենէն ամրախարիսխ հողն ու բերքը տուին մեր լուսատենչ միտքի քաղաքակրթութեան՝ նահատակութեա՛ն իսկ գնով, համախմբուելով Արուեստագէտ կամ Գեղապաշտ սերունդի փաղանգէն ներս, որուն մէջ Լեւոն Բաշալեան կը ներկայանայ իր վաւերական գրողի տաղանդով:
Յիրաւի յորջորջուած Իրապաշտ շարժում՝ իրաւի՛ն հետ եւ իրաւո՛վ նշանաւորուած զինուորեալներէ բաղկացած գրական դէմքեր, որոնք օժտուած էին մեր ազգային կեանքի երգերն ու վէրքերը, համազգաց վիշտը, մտածման թրթիռները բաշխելու խոր զգայարանքով, հզօր համոզմամբ:
Նորավիպագիր ե՛ւ պատմուածագիր իրապաշտները՝ սպարապետութեամբ Արփիար Արփիարեանի եւ իշխանապետութեամբ Գրիգոր Զօհրապի, եթէ կարելի է բնորոշել այսպէս, իրենց փաղանգին մէջ այլեւս հպարտագին կ՚ընդունէին երրորդ տաղանդաւոր անունը՝ Լեւոն Բաշալեանով յայտնուած, որ հրաժարելով Ռեթէոս Պէրպէրեանի, Թովմաս Թերզեանի, Մատաթիա Գարագաշեանի, Յակոբ Գարագաշեանի նմաններու գրաբարախառն աշխարհաբարի ուղեգիծէն, 80-ականներու վերջերուն կը միանային աշխարհաբար լեզուի մշակման ի խնդիր պայքարին, որուն շուտով պիտի միանար Երուխան՝ Զօհրապին հետ 1915-ի Մեծ Եղեռնի տարաբախտ գրագէտը:
Ինչպէս ակնարկեցինք, Լեւոն Բաշալեանի գրականութիւն մուտքը կը զուգադիպի արեւմտահայ գրականութեան իրապաշտական ուղղութեան կազմաւորման եւ գրաբարի ու աշխարհաբարի միջեւ լեզուապայքարի ժամանակներուն: Թէեւ անոր առաջին պատմուածքները կը կրեն դրոշմն ու ազդեցութիւնը իր ուսուցիչին՝ Թովմաս Թերզեանին, բայց 1884-ին իսկ, 17 տարեկան պատանի Բաշալեան, կը ստանձնէ Արփիարեանի «Արեւելք» օրաթերթին տեղական լուրերու խմբագիրի պաշտօնը: Շատ չանցած՝ վարչական բեռը «Մասիս» հանդէսին. աւելի ուշ՝ 1890-էն սկսեալ դառնալով աշխատանքային աջ բազուկը Արփիար Արփիարեանի՝ վարելով խմբագրութիւնը Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթին:
Այսպէս, փնտռուած ու սիրուած գրագէտ մը կը դառնայ Բաշալեան: Բայց նոյն տարին, գրաքննութեան տաղտուկներէն յոգնասպառ՝ ան կ՚անցնի Փարիզ, ուր անցուցած իր քանի մը ամիսները իրեն առիթ կ՚ընձեռեն մօտէն ծանօթանալու յատկապէս ֆրանսական գրականութեան մէջ տակաւ ձեւաւորուող նոր հոսանքներու: Սակայն այստեղ եւս կարճատեւ կ՚ըլլայ կեցութիւնը Բաշալեանի, որ յաջորդ տարի՝ 1891-ին, դարձեալ կ՚անցնի խմբագրութեան գլուխ Պոլսոյ «Հայրենիք»ին, մնալով մինչեւ 1896 թուականը, Թափառիկ, Ծիծեռնակ, Լ. Զարթումեան ծածկանուններով ստորագրելով «Օրը Օրին» ընդհանուր խորագիրի տակ հրատապ հարցերու նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներ, քրոնիկներ, քաղաքական տեսութիւններ, հրապարակագրական եւ գրաքննադատական էջեր, որոնք իրենց նիւթերուն կու տան իմացապաշտ մտածողութիւն՝ աշխարհաբար լեզուն զանգուածներուն պարզ ու մատչելի դարձնելու հայրենասիրական ակնբախ ճիգի ընդմէջէն:
(…) Բաշալեան եւս, իր գրչեղբայրներուն հետ կը բռնէ փախուստի ճամբան դէպի եւրոպական ոստաններ՝ ապահով ապաստան մը գտնելու յոյսով:
Երկու տարի ետք, 1898-ին, երեսուն տարեկան դարձած երիտասարդ Լեւոն Բաշալեան Արփիարեանի հետ Լոնտոնի մէջ կը հիմնեն «Նոր Կեանք» կիսամսեայ հանդէսը, որ իր քաղաքական բովանդակութենէն անկախ կ՚արտադրէ ազգային-գրական շքեղ էջեր: Չենք խօսիր անհրապոյր այդ ոստանին մէջ գաղափարակից երկու գրագէտներու ամէնօրեայ զրկանքին, ապրուստի միջոց մը որոնելու չարչարագին կեանքի մասին, որոնց պատճառով հազիւ կը դիմանայ այդ հանդէսը մինչեւ 1901 թուականը, որմէ ետք Բաշալեան կը մեկնի Պաքու՝ նաւթահորեր փորող ֆրանսական ընկերութեան մը մէջ պաշտօն ապահովելու համար: Այդ պաշտօնին գլուխ կը մնայ մինչեւ 1920 թուականը՝ յետագային դառնալով տնօրէնը այդ ընկերութեան: Նոյն տարուան վերջերուն, Ատրպէյճանի խորհրդայնացումով, յիշեալ ընկերութեան Պաքուի գրասենեակը կը փակուի եւ Բաշալեան կրկին կ՚անցնի Փարիզ, ուր կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Ազգային պատուիրակութեան եւ Գաղթականաց միջազգային յանձնախումբին մէջ: Վեց տարի՝ 1928-1934 կը խմբագրէ ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով հրատարակուող «Le Foyer» («Օճախ») ամսագիրը, որ սակայն չի տար իրմէ յատկանշական կամ ուշագրաւ գրական գործեր: Այնուհետեւ, յիշեալ ամսագիրին դադարումէն ետք ան կը վարէ խմբագրութիւնը ՀԲԸՄ-ի «Միութիւն» պաշտօնաթերթին՝ միաժամանակ մնալով մշտական աշխատակիցը Բարեգործականի, եւ մինչեւ իր մահը Վիշիի մէջ՝ 1943-ի փետրուարը, նկատառելի կշիռ մը չեն աւելցներ իր գործերը իր գրական ժառանգութեան վրայ, ինչպէս որ արգասաւոր էին 1901-էն առաջ՝ շուրջ երկտասնամեակի մը վրայ տարածուող:
1934-ին, Փարիզի մէջ, Ֆրանսահայ գրողներու միութիւնը կը նախաձեռնէ հանդիսաւոր շուքով մը տօնելու Բաշալեանի գրական-ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակը:
Թէեւ քանակով քիչ, բայց որակով մեծարժէք, Բաշալեանի գրիչին կը պատկանին շուրջ 25 նորավէպեր, պատմուածքներ, որոնք կը հարստացնեն երանգապնակը Իրապաշտ սերունդի գրական գանձարանին՝ հետեւեալ ժամանակագրութեամբ.- «Հմայաթափ»ը առաջին անգամ տպուած է 3 դեկտեմբեր 1888-ին, «Մասիս»ի մէջ: «Ղալաթիոյ Ռեսթը»՝ դարձեալ «Մասիս»ի մէջ, 1 սեպտեմբեր 1889-ին: Նոյն տարուան հոկտեմբեր 1-ին՝ «Դրացուհին»ը: «Խաչախճին»՝ 15 յունուար 1890-ին: Նոյն տարուան մէջ յաջորդաբար «Մասիս»ի մէջ լոյսի բարիքին կու գան «Այս է եղեր» (15 մարտին), «Սիւզենիի վարպետ»ը (1 մայիսին), «Վերջին համբոյրը» (15 մայիսին), «Անժէլ» (15 յունիսին), «Նոր զգեստը» (15 յունիսին), «Պալըխճի Գէորգ» (1 օգոստոսին), «Տէրտէրին ուխտը» (15 օգոստոսին): «Սիրոյ գիշեր»ը առաջին անգամ լոյս է տեսած «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ՝ 7 սեպտեմբեր 1891-ին: «Միջերկրականի յիշատակներ»ը ունի չորս առանձին պատումներ - «Կրիան», «Մաթապանի ճգնաւորը», «Վրանին տակ» եւ «Քարիսթոյի ծոցին մէջ», բոլորն ալ լոյս տեսած «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ՝ 1891-1892 թուականներուն: Այնուհետեւ յաջորդաբար հրատարակութեան են յանձնուած «Շերամի որդերը», «Երկու կիներ», «Արմաշի ուխտագնացութիւնը», «Ձրի», «Փափուկ մարդիկ», «Աղաւնիներ», «Զարթօնք», «Կաղանդչէքը», «Մանրանկար» պատմուածքները «Հայրենիք»ի մէջ՝ մինչեւ 1895 երկարող թուականը:
Արփիար Արփիարեանի հետ Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Նոր Կեանք» կիսամսեայ հանդէսին մէջ տպուած է Բաշալեանի «Կաղանդ» խորագիրով նորավէպը, իսկ «Ցեղին ձայնը» առաջին անգամ լոյս է տեսած Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ» ամսագիրին մէջ՝ 1898-ին: «Լտուտ» պատմուածքը տպուած է Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ին մէջ՝ 1927-ին: «Թուրքահայաստանի մը արկածները մեծ պատերազմի ատեն» ակնարկ-ուղեգրութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է ամերիկահայ մամուլին մէջ՝ 1939-ին:
Լեւոն Բաշալեան իր կենդանութեան օրօք չէ ունեցած հատորի մը մէջ ամփոփուած որեւէ երկ: Իր մահէն երկու տարի ետք, 1945-ին, Հալէպի Հայ ուսուցիչներու միութիւնը հրատարակած է ծաղկեփունջ մը իր գործերէն՝ «Պատմուածքներ» խորագիրի տակ: Իսկ 1948-ին, Փարիզի մէջ, «Մելգոնեան հիմնադրամ»ը աւելի գեղաճաշակ ձեւով հրատարակութեան է յանձնած տաղանդաւոր նորավիպագիրին գործերը ամփոփող հատոր մը՝ «Նորավէպեր ու պատմուածքներ» խորագիրով՝ Արշակ Չօպանեանի յառաջաբանով:
Վերջապէս, բայց ոչ վերջին կարգով, Երեւանի «Հայպետհրատ»ը 1962-ին լոյս կ՚ընծայէ գրեթէ ամբողջական ու աւելի ճոխ հատոր մը՝ «Ընտիր երկեր» խորագիրով, ուր ամփոփուած են գրողին նորավէպերը, պատմուածքները, ուղեւորագրական տպաւորութիւններն ու յուշերը:
Մնացեալը՝ ժամանակակից մամուլին մէջ ցրուած քրոնիկներն ու քաղաքական տեսութիւններով ակնարկները Բաշալեանի: Անոնց մէկտեղումն ու ամփոփումը հատորի մը խնամքին տակ պիտի ըլլայ անկասկած վաւերական ու թանկագին վկայութիւն մը՝ 19-րդ դարու վերջին քառորդին մէջ հայ կեանքը ալեկոծած դրուագներու:
Իր առինքնող տաղանդով` գեղագէտ գրողի մը իւրայատուկ ոճով ճարտարապետուած, Բաշալեանի վիճակներ ու րոպէական պահեր արարելու, խոնարհներու աշխարհէն մինչեւ զանազան ողբերգութեանց ակունքները խուզարկելու եւ հոնկէ տիպարներ, կեանքի պատկերներ ստեղծելու, մթութեան անկիւններէն լուսաւոր հարթակներ բերելու կարողականութիւնը՝ Լեւոն Բաշալեանը դասեցին 19-20-րդ դարերու մեր արձակի, մասնաւորապէս նորավիպագրութեան վարպետներու շարքին: Արդարեւ, այդ գործերը վարակիչ յուզականութեամբ յօրինումներ են, որոնք միշտ կազդոյրը պիտի բերեն մեր տառապակոծ ցեղի ձայներուն ու խոր ցաւերուն:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ